Ռուսաստանն ամենահեղինակաւոր դերակատարութիւնն ունի Հարաւային Կովկասէն ներս


Ռուսաստանն ամենահեղինակաւոր դերակատարութիւնն ունի Հարաւային Կովկասէն ներս

  • 27-01-2011 21:32:47   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցը Ռուսական «Էխօ Մոսկուի» ձայնասփիւռի կայանին Մարմարա Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական հեղինակաւոր «Էխօ Մոսկուի» )Մոսկուայի արձագանգը_ ձայնասփիւռի կայանին եւ ծանրացաւ մասնաւորաբար Ղարապաղեան հարցով բանակցութիւններու եւ հայկական Սփիւռքին առընչուող հարցերու վրայ։ Այսպէս Նախագահը նշեց որ Ռուսաստան այն երկիրն է որ ամենամեծ ու ամենահեղինակաւոր դերակատարութիւնն ունի Հարաւային Կովկասէն ներս։ Ռուսաստան լիովին ունակ է զսպելու թէ՛ տարածքաշրջանի մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքը եւ թէ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը։ Պատահական չէ որ Ղարապաղեան հակամարտութեան առաջին իսկ օրերէն Ռուսաստան ներգրաւուեցաւ բանակցային գործընթացի մէջ։ Ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ առաջին համաձայնագիրը ստորագրուած է Ռուսաստանի միջնորդութեամբ։ Իսկ ատկէ երկու տարի վերջ, կրկին Ռուսաստանի աշխոյժ մասնակցութեամբ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր վստահութեան միջոցները ամրապնդելու մասին։ Նկատի ունենալով որ Ռուսաստան այսպիսի կշիռ ու կարելիութիւններ ունի Կովկասէ ներս, մենք շատ բան կ’ակնկալենք անկէ, ըսաւ Նախագահը։ Պատասխանելով Ղարապաղեան հարցի մէջ Հայաստանի դիրքորոշման մասին հարցումի մը, Սերժ Սարգսեան դիտել տուաւ որ այդ առումով կարեւորութիւն ունի կողմերու պարտաւորութիւնը՝ ռազմական գործողութիւններէն խուսափելու մասին։ Վերջին 1.5-2 տարուայ ընթացքին պատերազմը եւ ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու մասին խօսակցութիւնները սովորական դարձած են։ Ըստ իրեն, Ղարապաղեան հարցի լուծման միակ տարբերակը, խաղաղ լուծումն է եւ միակ ուղին՝ Ղարապաղի մէջ հանրաքուէի կազմակերպումը, կամ 1991ի հանրաքուէի արդիւնքներու ճանաչումը. 1991ին հանրաքուէն կազմակերպուած էր Խորհրդային օրէնքներու եւ միջազգային իրաւունքի համապատասխան։ Հարցը կրնայ լուծուիլ միայն փոխզիջումներու տարբերակով։ Ես նոր բան մը չեմ ըսեր, ընդգծեց Նախագահը, յիշեցնելով որ 2007ին ստորագրուած է փաստաթուղթ մը, որ ծանօթ է Մատրիտեան սկզբունքներ անունով եւ որու համաձայն, հիմնահարցը պէտք է լուծուի զիջումներու տարբերակով։ Անդրադառնալով զիջումներուն, Սերժ Սարգսեան նշեց որ եթէ Ղարապաղի կամ Հայաստանի ժողովուրդի կարծիքը հարցնեն, ապա բնականաբար ո՛չ մէկը նոյնիսկ սանթիմ մը հողատարածք չ’ուզեր վերադարձնել։ »Բայց միւս կողմէ, մենք իսկապէս պէտք է հասկնանք որ որեւէ որոշում երկարատեւ խաղաղութիւն պէտք է բերէ եւ այդ պատճառով փոխադարձ զիջումները անհրաժեշտ են։ Այս բոլորի կողքին, նաեւ երաշխիքներ պէտք են որ իրօք երկարատեւ խաղաղութիւն իսկապէս պիտի հաստատուի տարածքաշրջանի մէջ, այլ ո՛չ թէ ազերիներու պատկերացուցածի պէս. անոնք կ’ըսեն թող Ղարապաղը վերադարձնէ գրաւեալ հողերը, իսկ ատկէ ետք միայն խօսինք Ղարապաղի ճակատագրի մասին«, ըսաւ Սերժ Սարգսեան։ Հարցազրոյցի միւս բաժինը կ’առընչուէր հայկական սփիւռքին եւ Նախագահը այս մասին իր յայտարարութիւնները ընելէ առաջ ըսաւ որ հայկական սփիւռքը Հայաստանի ցաւն ու հպարտութիւնն է։ »Սփիւռքի մէջ կ’ապրի կրկնապատիկ աւելի հայ, քան՝ Հայաստանի մէջ։ Մենք կը հպարտանանք Ռուսաստանի, Ամերիկայի, րանսայի, Գանատայի եւ միւս տարածքաշրջաններու մէջ մեծ Սփիւռքի մը գոյութեամբ։ Սակայն ամէնէն աւելի, ի հարկէ կը հպարտանանք այդ մարդոց յաջողութիւններով։ Անոնք կրցած են դառնալ այդ հասարակութիւններու մէկ մասնիկը, գագաթներու հասած են բազմաթիւ ոլորտներէ ներս։ Աշխարհի ամենայայտնի երգիչներէն մէկը, դերասաններէն մէկը, մոլորակի ամենահարուստ մարդոցմէ մէկը. ցանկը կարելի է երկար շարունակել։ Ասիկա հպարտութիւն է։ Բայց միւս կողմէ ցաւ կայ, որ այդ մարդիկ մնայուն ներկայութիւն չեն Հայաստանի մէջ։ Ատիկա մեծ ներոյժ պիտի ըլլար։ Եւ ամենադժուար օրերուն մեր Սփիւռքի, առանց բացառութեան, բոլոր երեւելի մարդիկ եղած են մեր ժողովուրդի կողքին թէ՛ Խորհրդային ժամանակներուն, թէ՛ 1988ի երկրաշարժի օրերուն եւ թէ 1992ին՝ Ղարապաղեան պատերազմի ընթացքին«, յիշեցուց Նախագահը, աւելցնելով որ այդ ներոյժը այնքան մեծ է որ ատոր նոյնիսկ 10 տոկոսի գործածութիւնը կրնայ ամենաբարեկեցիկ պետութիւններէն մէկը դարձնել Հայաստանը։ »Առայժմ մենք չենք յաջողիր ընել ատիկա։ Մեր գերհարցն է ՝ կարենալ գործի դնել այդ ներոյժը, որպէսզի Հայաստանէն դուրս ապրող բոլոր հայերը ըլլան իրենց բնակութեան երկրի լաւ ու օրինապաշտ քաղաքացիները, քանի որ անոնք մեր դեսպաններն են։ Յաճախ անոնց գործողութիւններով է որ կը գնահատեն մեր ժողովուրդը։ Այդ պատճառով, արտասահմանեան իմ ճամբորդութիւններու ընթացքին ես միշտ հանդիպումներ կ’ունենամ անոնց հետ եւ միշտ կ’ըսեմ որ իմ պատկերացումով լաւ հայը այն հայն է, որ տուեալ երկրի լաւ քաղաքացին է։ Ի հարկէ, կան հարցեր, կան ինքնութեան, լեզուի, աւանդութիւնները պահպանելու հիմնահարցեր։ Բայց միւս կողմէ, հայերը այն մարդիկը չեն որոնք կրնային ապրիլ հասարակութենէ մեկուսացուած պայմաններու մէջ։ Եթէ անոնք այդպէս ապրէին, ապա ընդհանրապէս ո՛չ մէկ յաջողութեան կը հասնէին։ Մենք կ’ուզենք որ անոնց մօտ առաւելաբար պահպանուին հայկական արմատները«, եզրակացուց Նախագահ Սարգսեան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը