«Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»


«Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»

  • 21-01-2011 14:11:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա 20 Յունուար «Այլեւս Գիտենք Որ Այս Ոճիրները Մարդկութեան Դէմ Ոճիր Են», Ըսաւ Ապտի Իփէքճիի Դուստրը՝ Նիւքէթ Իփէքճի Երէկ Հրանդ Տինք հազարաւորներու կողմէ ոգեկոչուեցաւ իր սպանութեան չորրորդ տարելիցին առթիւ։ Առտուան կանուխ ժամերէն սկսեալ բազմութիւնը սկսաւ հաւաքուիլ Օսմանպէյ «Ակօս» Շաբաթաթերթի Խմբագրատան առջեւ, հոն ուր Հրանդը սպաննուած էր ճիշդ չորս տարի առաջ։ Շուտով հոն գոյացան հազարաւորներ, որոնք մեխակներ կը թողէին Հրանդին սպաննուած կէտին վրայ ու կրկին կը պարզէին շրջանակաձեւ ցուցատախտակներ որոնց վրայ կը կարդացուէին լոզունգներ ինչպէս՝ - Չորս տարիէ ի վեր Հրանդը չկայ։ - Հրանդին համար, արդարութեան համար։ - Հրանդին ոճրագործը կը փնտռենք։ - Չորս տարիէ ի վեր խղճմտանք չկայ։ - Կուսակցութիւնը կայ, բայց արդարութիւնը չկայ։ Բազմութիւնը կրկին սկսած էր պոռալ. «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»։ Ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին Հրանդին կողակիցը Ռաքէլ Տինք պարզապէս երեւցաւ պատուհանէն, նախընտրեց չխօսիլ, միայն ողջունեց ու խօսքը թողուց սպանեալ յայտնի ու անմոռանալի լրագրող Ապտի Իփէքճիին դստեր՝ Նիւքէթ Իփէքճիին, որ խօսեցաւ «Հաւաքական Յիշողութեան Բեմահարթակ» կոչուած մարմնի անունով եւ որ մաղթեց որ այսպիսի ամօթալի ոճիրներ անգամ մը եւս չգործուին։ «Այսպիսի ոճիրներ չգործուին, յառաջիկայ սերունդները այսպիսի ամօթալի արարքներ չապրին, բայց կէտ մը կայ որ սորվեցանք այլեւս։ Այլեւս կարելի չէ այսպիսի ոճիրները քաղաքական ոճիր կամ լինչի շարժում կոչել ու անցնիլ, որովհետեւ սորվեցանք որ այսպիսի ոճիրները, որքան ալ անոնց դէմ օրէնքները անբաւարար ըլլան, մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներ են։ Այս ոճիրները այլեւս անուն մը ունին, մենք ալ այլեւս անուն մը ունինք։ Այս ոճիրներուն անունը գիտենք, բայց չենք գիտեր թէ որո՞նք պիտի լուսաբանեն այս ոճիրները։ Կ’ուզենք այդ ալ իմանալ, տեսնել ու կը հարցնենք, ո՞ւր էք դուք», ըսաւ Նիւքէթ Իփէքճի յիշատակելով նաեւ նախապէս սպաննուածները, ներառեալ իր հայրը։ Երէկ արտակարգ տեսարան պարզուած էր Օսմանպէյէն մինչեւ Թաքսիմ, երբ մայր պողոտայի երթեւեկը առտուան ժամերէն սկսեալ փակուեցաւ փոխադրամիջոցներու։ Գիշերուան դէմ հազարաւորներ քայլարշաւ ըրին մինչեւ Կալաթասարայ ու կրեցին վերտառութիւններ ուր գրուած էր »Պիտի չներենք«։ Բազմաթիւ հեռատեսիլի կայաններ երէկ ամբողջ գիշերուան ընթացքին հրապարակային ասուլիսներ սարքեցին ու քննարկեցին Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով ստեղծուած խնդիրները։ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ անգամ մը եւս շատեր իրենց թիրախ կ’ընտրէին իշխանութիւնները, ոմանք ալ ուղղակի Պետութիւնը պատասխանատու կը նկատէին այս ոճիրէն։ Միւս կողմէ Րիզէի Եղեռնադատ Ատեանը բեկանեց Տրապիզոնի Դատախազութեան կողմէ նախապէս կարգ մը պաշտօնեաներու ու զինուորականներու հարցաքննութեան մասին դրուած արգելքը։ Յիշեալ դատախազութիւնը արգելք դրած էր Տրապիզոնի Նահանգային Ապահովութեան Տնօրէնին ու Տրապիզոնի Նահանգային Ոստիկան Զօրաց Հրամանատարին հարցաքննութեան դէմ։ Իսկ հիմա Րիզէի Դատարանը վճիռ արձակեց այն մասին թէ պէտք է հարցաքննութեան ենթարկուին երեք պաշտօնավարներ, որոնցմէ մէկն է Տրապիզոնի նախկին Ապահովութեան Տնօրէն Րէշատ Ալթայ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը