Փարիզի Համալսարանական աւանը տօնեց իր վերածնութեան 80ամեակը


Փարիզի Համալսարանական աւանը տօնեց իր վերածնութեան 80ամեակը

  • 21-01-2011 14:09:43   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա 20 Յունուար «Ֆրանս Արմէնի» պարբերաթերթի աշխատակիցներէն Տիգրան Եկաւեան, ամսաթերթի Դեկտեմբերի թիւին մէջ վերի խորագրի ներքեւ կը գրէր հետեւեալը.- Վերածնունդ։ Այս բառով կարելի է բնութագրել այն նախագիծը, ըստ որու, Փարիզի կեդրոնը հաստատութիւն մը պիտի կառուցուի աշխարհի չորս ծագերէն հոս ուսանելու եկած հայ երիտասարդներու կեցութիւնը ապահովելու նպատակով։ 1927ին հայ բարերար եւ դիւանագէտ Պօղոս-Նուպար փաշա )1851-1930_ երեք միլիոն ոսկի ֆրանք նուիրատուութիւն կատարեց Փարիզի համալսարանական աւանին, որպէսզի հայկական մասնաշէնք մը կառուցուի հոն։ Նախագծի յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով, ան յետագային 400 հազար ոսկի ֆրանք եւս յատկացուց այս նպատակին։ Շէնքը, որ հին հայկական մշակոյթը կը ցոլացնէ հիանալի կերպով, ինքնին ճարտարապետական իսկական գլուխ գործոց մըն է՝ իր շքեղ դիմագծութեամբ։ Ճարտարապետ Լեւոն Նաֆիլեան ճակատամասի վեհասքանչ գեղազարդումներու մէջ գործածած է կրօնական ճարտարապետութեան գլխաւոր յատկանիշներ։ 1915ի ողբերգութենէն տասնամեակ մը վերջ, հայ ազգը զրկուեցաւ իր մտաւորականութեան սերուցքէն, որու մեծամասնութիւնը զոհուած կամ աքսորուած էր։ «Պօղոս Նուպար մեծ երազող էր։ Այդ խառնակ տարիներուն, բացի անկէ, ո՞վ մտահոգուած էր հայ ընտրախաւի ձեւաւորումով», հարց կուտայ Հայ Ուսանողներու Տան ներկայ տնօրէն Սահակ Սուքիասեան, որ ասպարէզով պատմաբան է։ 2010ի Դեկտեմբերին, Փարիզի Համալսարանական աւանը տօնեց իր վերածնութեան 80ամեակը, գնահատելով «Հայոց տան» գործունէութիւնը։ Այս տան մէջ հիւրընկալուած են հայ ուսանողներու քանի մը սերունդներ, որոնք Փարիզ եկած էին բարձրագոյն ուսում ստանալու համար։ )Նշենք Կարպիս Ափրիկեանը, գրողներ Վահէ Օշականն ու Գրիգոր Պըլտեանը, հոգեւորական Նորվան Արք. Զաքարեանը_։ «Պատշաճը մատուցանենք այս տան հիմնադիրներուն։ Պօղոս Նուպար փաշայի եւ իր տիկնոջ՝ Մարի Նուպարի եւ Համալսարանական աւանի շնորհիւ հազարաւոր ուսանողներ կրցան ապրեցնել հայկականութեան այս դարբնոցը», յուզումով կ’ընդգծէ տնօրէնը։ Ան լիովին կ’ըմբռնէ այդ գործունէութեան երկարաժամկէտ իմաստն ու արժէքը, որովհետեւ հայ ուսանողներու տունը )կամ »Մարի Նուպար« հաստատութիւնը_ բազում դժուարութիւններու ի գին կրցած է պահպանել իր ինքնութիւնը, մանաւանդ ինքնիշխան հայկական պետութեան բացակայութեան պայմաններու մէջ։ Տնօրէններու սերունդները այդ ջահը մէկզմէկու փոխանցելով, հասցուցած են մինչեւ մեր օրերը։ «Այս տունը կը պատկանի հայ ազգի բոլոր զաւակներուն», կը պնդէր Պօղոս Նուպար։ Այդ նպատակով Բարեգործականի հիմնադիրը որոշած էր որ ընդունման չափանիշներէն մէկը ըլլայ հայոց լեզուի իմացութիւնը։ Օտարախօս, բայց փայլուն գիտելիքներու տիրապետող ուսանողներու հետ շփուելէ ետք, Պօղոս Նուպար գաղափար յղացաւ իր հաշուոյն հայերէնի դասընթացքներ կազմակերպելու «Հայոց տան» մէջ։ Ուստի բնաւ զարմանալի չէ, որ »տան« ներկայիս 75 բնակիչներու երկու-երրորդը Հայաստանէն ու Սփիւռքէն եկած երիտասարդներ են։ Համալսարանական աւանի կանոնադրութեան համաձայն, «Հայոց Տան» ուսանողներու մէկ-երրորդը ուրիշ «տուն»երէն են։ Սահակ Սուքիասեան կը պատմէ. »Մեր գլխաւոր նպատակն է բնակիչ ուսանողներու համար երաշխաւորել որակեալ կենսամակարդակ, ապահովելով յարմարաւէտութիւն, որպէսզի անոնք յաջողութեան հասնին իրենց ուսման մէջ։ Բնակիչներու յանձնախումբի գործունէութեան առանցքը կը կազմէ հայկական մշակոյթի ծաղկումը։ Մենք ջանքեր կը գործադրենք, որպէսզի ուսանողներ իրենք զիրենք զգան ինչպէս իրենց տան մէջ, բայց նաեւ հասկնան որ կարելի է հայ մնալ տարբեր ձեւերով«։ Աւելի քան յիսուն երիտասարդներ, որոնք զանազան երկիրներու քաղաքացիութիւն ունին, լաւ տրամադրութեամբ իրարու հետ կը շփուին հասարակաց խոհանոցի մէջ, ներքնայարկի տօնախմբութիւններու սրահէն եւ գրադարանէն ներս։ Ասիկա Սփիւռքի համար հազուագիւտ երեւոյթ մըն է. վեցյարկանի շէնքի «աշխարհ»ի մէջ կը համախմբուի բազմաբնոյթ Հայաստան մը։ Կը պատահի նոյնիսկ, որ անտեսեն լեզուական փոքր տարաձայնութիւններն ու միասնաբար պաշտպանեն ազգային խումբը։ Այսպէս, Հայ ուսանողներու տան ֆութպոլի խումբը 2010ի գարնան հերթական նուաճումը արձանագրեց՝ երկրորդ անգամ անընդմէջ յաղթող հռչակուելով միջազգային համալսարանական աւանի մրցաշարքի մէջ։ Ուսանողներ կը հպարտանան, որ իրենց տունը արժանացած է »Աւանի ամենամարզական տուն« տիտղոսին։ Հայ ուսանողներու տան ութսունամեակի միջոցառումները աւարտեցան 17 Դեկտեմբերին։ Կազմակերպուեցան լուսանկարներու ցուցահանդէս, հրապարակային բանախօսութիւններ եւ համերգներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական արարողութիւն մը՝ երեւելի անձերու մասնակցութեամբ։ Այսօր եւս Հայ Ուսանողներու Տան գոյատեւման կը նպաստեն Պօղոս Նուպար փաշայի հիմնած Բարեգործականի Միութիւնը )ՀԲԸՄ_, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժինը, որու այժմու տնօրէնը «Հայոց Տան» ղեկավարն էր 1974-1984ին։ Վերջին երեք տասնամեակներուն «Մարի Նուպար հաստատութեան բարեկամներու ընկերութիւնը» ամէն տարի կ’օգնէ այս «տան» տասնեակ կարիքաւոր հայ բնակիչներուն։ Նախկին ուսանողները եւս ջանքեր պէտք է գործադրեն, որպէսզի նոր սերունդները իրականութիւն դարձնեն Պօղոս Նուպար փաշայի երազանքը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը