Գարոլոս Փափուլիաս. «Նոյն բարբարոսները ջարդեցին հայերն ու յոյները»


Գարոլոս Փափուլիաս. «Նոյն բարբարոսները ջարդեցին հայերն ու յոյները»

  • 19-01-2011 19:41:15   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունական Կիպրոսէ վերջ Աթէնք անցաւ ու այցելեց Յունաստան։ Հայաստանի Նախագահը ողջունուեցաւ Յունաստանի Նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի կողմէ, որ այս այցելութիւնը առիթ նկատելով անդրադարձաւ հայկական ցեղասպանութեան պնդումներուն եւ ըսաւ որ իր երկիրը կը զօրակցի այդ պնդումներուն։ Աթէնքի լրատուական կեդրոններու համաձայն, Նախագահ Փափոլիաս շատ խիստ լեզու գործածեց ու ըսաւ որ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Յունաստան մեծ ցաւեր կրած են անցեալի մէջ, երկուքն ալ սպաննուած են թուրքերու կողմէ։ Ան աւելցուց որ երկու երկիրներն ալ պատմական խորութիւն ունեցող երկիրներ են ու արեան կապ մը ունին իրարու հետ։ Փափուլիաս Յունաստանի տնտեսական տագնապէն ալ մասամբ պատասխանատու նկատեց Թուրքիան ու ըսաւ որ եթէ զինարշաւի զինուորական ծախսերը չունենային, Այ-Էմ-Էֆի ալ պէտք ունեցած պիտի չըլլային։ Իսկ Հայաստանի Նախագահ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ որ Հայաստան դէմ չէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան, բայց այդ անդամակցութեան ճամբան կ’անցնի անցեալը ընդունելու հրամայականէն։ Հակառակ որ երկար ժամանակէ ի վեր բարեկամութեան ու զօրակցութեան հովեր կը փչեն Յունաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Յունաստանի կողմէ Թուրքիոյ դէմ անախորժ յայտարարութիւններ կատարուած եղան այս կերպով։ Առաջինն էր անցեալ ամիս Էրզրումի Դեսպաններու Համագումարի ընթացքին Յունաստանի Վարչապետ Եօրկօ Փափանտրէուի յայտարարութիւնը, ըստ որու Թուրքիա բռնագրաւած է Եգէականի մէջ օդային սահմաններ եւ թէ Թուրքիա չի կրնար Եւրոմիութեան անդամակցիլ որքան ատեն որ անլոյծ կը մնայ Կիպրոսի խնդիրը։ Նոյն օրը Վարչապետ Էրտողան պատասխանած էր ու ըսած էր որ պէտք չէ զօրեն Թուրքիոյ համբերութիւնը։ Հիմա նմանօրինակ յայտարարութիւն մը կուգայ Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահէն։ Այսպէս՝ Նախագահ Սարգսեանի նախ Յունական Կիպրոս, ապա Աթէնք այցելութիւնը առիթ դարձաւ որպէսզի թէ՛ Յունական կողմէն, թէ՛ Հայկական կողմէն Թուրքիա թիրախ դարձուի քննադատութիւններու։ Թուրք մամուլը այսօր լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանայ Աթէնքի մէջ կատարուած այս յայտարարութիւններուն, կը գրէ որ Յունաստանի Նախագահը ըսաւ որ »Մեզ նոյն բարբարոսներն են որ ջարդեցին«։ Յունաստանի Նախագահը Թուրքիոյ դէմ ծանր խօսքերը արտասանած է Նախագահ Սարգսեանի հետ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, մամուլը կը գրէ որ թոյն կը կաթէր անոր խօսքերէն։ »Քսաներորդ դարուն սկիզբը Յոյներն ու Հայերը սպաննուեցան Թուրքերու կողմէ, այդ օրուընէ մինչեւ այս օր շատ բան փոխուեցաւ, միայն թէ Յունաստան տասնեակներով տարիներէ ի վեր զինուելու ստիպողութեան պատճառաւ միլիառաւոր տոլարներ ծախսեց, Այ-Էմ-Էֆին հետ ալ կնքեցին 400 միլիառ տոլարի համաձայնագիր, եթէ Թուրքիոյ հետ զինարշաւի մրցում գոյութիւն ունեցած չըլլար, Յունաստան տնտեսական այս նեղութեան պիտի չենթարկուէր։ Իսկ Հայաստանի Նախագահը իր ելոյթին մէջ ըսաւ որ Հայաստան կը յարգէ դրացի երկիր ըլլալու հրամայականը ու կը ջանայ կարգ մը քայլեր առնել ապագայի առ հաշիւ, բայց Թրքական կողմը նոյն կամքը չի ցուցաբերեր։ Սարգսեան ըսաւ որ Թուրքիա դժուարին դրացի մըն է։ Նախագահը կրկնեց որ իր երկիրը դէմ չէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան, բայց այս անդամակցութիւնը պէտք է անցնի անցեալը ճանչնալու ու դրացիներու հետ քաղաքակիրթ յարաբերութիւններ հաստատելու հրամայականներէն։ Թուրք մամուլը կ’ընդգծէ թէ երկու երկիրներն ալ այս օրերուն իրարու միացան Թուրքիոյ վրայ կրակ տեղացնելու համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը