Տինքի ընտանիքը 28 պետական գործիչներու դեմ պարսաւագիր յղեց Իսթանպուլի Աւագ Դատախազութեան


Տինքի ընտանիքը 28 պետական գործիչներու դեմ պարսաւագիր յղեց Իսթանպուլի Աւագ Դատախազութեան

  • 18-01-2011 18:19:28   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վաղը 19 Յունուար Հրանդ Տինքի սպանութեան չորրորդ տարելիցն է եւ այս տարելիցը առիթ դարձած է որպէսզի Հրանդ Տինքի կողակից՝ Ռաքէլ Տինք, զաւակները, նաեւ Հրանդին եղբայրը Խոսրով Տինք, փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինի ձեռամբ պարսաւագիր մը յղեն Իսթանպուլի Աւագ Դատախազութեան ու ամբաստանութիւններ ընեն 28 յայտնի պետական գործիչներու հասցէին, որոնք անգամ մը եւս կը մեղադրուին Հրանդին սպանութեան արգելք եղած չըլլալու յանցանքով։ Այս 28 անձերուն միջեւ կը գտնուին Տինքի սպանութեան օրով Իսթանպուլի Կուսակալ Մուամմէր Կիւլէր, այդ շրջանի Փոխ Կուսակալ Էրկուն Կիւնկէօր, այդ շրջանի Իսթանպուլի Ապահովութեան Տնօրէն, այժմ Օսմանիյէի Կուսակալ Ճէլալէտտին Ճէրրահ, Տրապիզոնի նախկին Ապահովութեան Տնօրէն եւ Նախկին Լրատուական Կեդրոնի Տնօրէն Րամազան Աքեիւրէք, Տրապիզոնի նախկին Ապահովութեան Տնօրէն Րէշատ Ալթայ, Տրապիզոնի նախկին Ոստիկան-Զօրաց Զօրագունդի Հրամանատար Ալի Էօզ, Իսթանպուլի նախորդ Լրաքաղութեան Բաժնի Տնօրէն Ահմէտ Իլհան Կիւլէր եւ այսպիսի անձեր, որոնց անունները միշտ յիշուած են Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցի կապակցութեամբ, որոնց դէմ սակայն հիմնական քննութիւն չէ կատարուած ըստ Տինքի ընտանիքի անդամներուն։ Տինքի ընտանիքը Աւագ Դատախազութենէն պահանջեց որ գործադրուի Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի )ԵՄԻԱ_ այս ուղղութեամբ ընդունած որոշումը ու խորացուի յիշեալ անձերու մասին հետաքննութիւնը, քանի որ անոնք, նախապէս գիտնալով հանդերձ թէ Տինք պիտի սպաննուի, արգելք չեն եղած այդ սպանութեան։ Տինքի ընտանիքը կը պնդէ որ յիշեալ անձերը, որոշ փաստաթուղթեր թաքցնելով կամ զանց առնելով անոնց փոխանցումը պատկան իշխանութիւններու, կերպով մը օգնած եղան Հրանդ Տինքը սպաննող ահաբեկչական կազմակերպութեան։ Օրէնքը կը վճռէ որ ահաբեկչական կազմակերպութեան օգնողն ալ այնքան պատասխանատու է որքան ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամը։ Ռաքէլ Տինք ու ընտանիքին միւս անդամները իրենց այս ծանր պարսաւագրին մէջ դիտել կուտան որ ԵՄԻԱ Տինքի սպանութեան խնդրին մէջ դատապարտած է Թուրքիան եւ ուզած է որ ճշդուի թէ յիշեալ անձերը որքա՞ն պատասխանատուութիւն ունին Հրանդին սպանութեան մէջ։ Դիտել տրուեցաւ նաեւ որ Իսթանպուլի Աւագ Դատախազութեան կողմէ բացուած դատի ընթացքին յիշեալ ամբաստանեալները մեղադրուած էին նաեւ ահաբեկչական մարմին մը կազմած ըլլալու մեղադրանքով։ Տինքի ընտանիքը կը պահանջէ որ Դատախազութիւնը ճշդէ թէ այս 28 պաշտօնակատարները կապ մը ունէի՞ն թէ ոչ Տինքի սպանութեան հարցով ամբաստանուածներու հետ, անոնց օգնա՞ծ էին սա կամ նա կերպով։ Պէտք է որ այս հարցումները իրենց պատասխանները ստանան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը