Հայկական բեռնափոխադրողները կրկնապատիկ բարձրացուցած են Թուրքիայէն Հայաստան բեռնափոխադրումներու սակագիները


Հայկական բեռնափոխադրողները կրկնապատիկ բարձրացուցած են Թուրքիայէն Հայաստան բեռնափոխադրումներու սակագիները

  • 18-01-2011 18:15:52   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա 2010ի վերջաւորութեան, սնունդի մարզէն ներս բարձր գնաճէն ետք այս տարի տհաճ անակնալ մը եւս կը սպասէր Հայաստանցի վաճառականներուն։ Այսուհետեւ, Թուրքիայէն առեւտուր ընող հայ վաճառականները պիտի ստիպուին հագուստի, արդիւնաբերական եւ կարգ մը այլ ապրանքներու համար վճարել գրեթէ կրկնապատիկ աւելի գումար մը, քանի որ հայկական բեռնափոխադրող ընկերութիւններ անակնկալ կերպով կրկնապատիկ բարձրացուցած են Թուրքիայէն Հայաստան բեռնափոխադրումներու սակագիները։ Տարօրինակն այն է որ ընկերութիւնները, որոնք բեռնափոխադրումներով կը զբաղին, այս տհաճ լուրը յայտնեցին այն ատեն, երբ Երեւանէն Իսթանպուլ ճամբայ ելած քանի մը տասնեակ օթօպիւսներ դուրս եկած էին Հայաստանէն եւ արդէն կը գտնուէին Թուրքիոյ տարածքի մէջ։ Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, այս լուրը լսելուն պէս քանի մը օթօպիւսներ վերադարձան Երեւան, հակառակ որ արդէն մտած էին Թուրքիոյ տարածքէն ներս, սակայն չէին հասած Իսթանպուլ։ Ընկերութիւններու աշխատակիցները, որոնք օթօպիւսներով փոխադրումներ կ’իրականացնէին, ճամբորդներ վստահեցուցին թէ իրենք տեղեակ չէին այս տհաճ անակնկալի մասին։ Իսկ անխտիր բոլոր առեւտրականները համոզում յայտնեցին որ այս քայլը դիտումնաւոր կերպով առնուած է, այլապէս եթէ օթօպիւսներու ճամբայ ելլելէ առաջ )Երեւան-Իսթանպուլ փոխադրութիւնը կ’իրականանայ Շաբաթ օր, բոլոր ընկերութիւններու համար_ յայտնի դառնար փոխադրութեան սակագները բարձրացնելու մասին տհաճ լուր, բոլոր առեւտրականները պիտի հրաժարէին այդպիսի պայմաններով ապրանք բերելէ եւ օթօպիւսները պիտի մնային Երեւանի մէջ, բեռնափոխադրողներն ալ՝ առանց գործի։ Երէկ, Երկուշաբթի առաւօտուն, »Էմնիյէթ« օթօպիւսներու կայանի մէջ, ուրկէ կ’իրականանայ Իսթանպուլ-Երեւան փոխադրութիւնը, քանի մը հարիւր խաբուած հայաստանցիներ բողոքի չարտօնեալ ցոյց մը ըրին։ Ցուցարարները դժգոհութեամբ նշեցին որ իրենք զոհ դարձած են դիտումնաւոր խաբէութեան։ Հայկական բեռնափոխադրող ընկերութիւններու իսթանպուլեան ներկայացուցչութիւններու աշխատակիցներու հետ բանակցութիւնները գրեթէ արդիւնք չտուին, քանի որ բեռնափոխադրողներ համաձայնեցան միայն այս անգամ առեւտրականներու համար կիրարկել ո՛չ թէ կրկնապատիկ, այլ 50 տոկոսով բարձր գին։ Այսինքն՝ եթէ հագուստեղէնը ցարդ Հայաստան կը տեղափոխուէր մէկ քիլոկրամը՝ 4-4.5 տոլարով, ապա միայն այս անգամ պիտի վճարուի 6 տոլար, իսկ յետոյ որպէս հաստատագրուած սակագին սահմանուած է 8 տոլար։ Նոյն տրամաբանութեամբ բարձրացած են նաեւ միւս ապրանքատեսակներու փոխադրութեան սակագները։ »Էմնիյէթ« կայանին մէջ հայաստանցիներու բողոքի ցոյցը չվրիպեցաւ թրքական լրատուամիջոցներու ուշադրութենէն։ Լրագրողներ նկարահանեցին ցոյցը եւ մանրամասնօրէն հետաքրքրուեցան միջադէպով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը