Սէյրանթէփէի մարզադաշտին բացման ընթացքին որոշ շրջանակներ բողոքի ցոյց ըրին վարչապետ Էրտողանին դէմ


Սէյրանթէփէի մարզադաշտին բացման ընթացքին որոշ շրջանակներ բողոքի ցոյց ըրին վարչապետ Էրտողանին դէմ

  • 17-01-2011 18:00:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Շաբաթ գիշեր Կալաթասարայ ֆութպոլի խումբի համար Սէյրանթէփէի մէջ կառուցուած հոյակապ մարզադաշտին բացումը տեղի տուաւ անակնկալ ու անախորժ զարգացումներու, բացման հանդիսութեան ընթացքին որոշ շրջանակներ բողոքի ցոյց ըրին ու լոզունգներ արձակեցին Վարչապետ Էրտողանին դէմ, հակառակ որ Կալաթասարայցիները այս հոյակապ մարզադաշտը ուղղակի կը պարտին Վարչապետ Էրտողանին։ Մարզադաշտը 600 թրիլիոնի ապրանք եղած է, հրաշալի ու անհաւատալիօրէն արագ աշխատանք տարուեցաւ որպէսզի ո՛չ միայն մարզադաշտին շինութիւնը աաւարտի շատ շուտ, այլ նաեւ հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուին մերձակայ ճամբաները, թաղամասերն ու դաշտերը, ամէն կողմէ նոր ճամբաներ բացուեցան դէպի մարզադաշտ, նոյն թափով Մէթրոյի մէկ ճիւղն ալ կապուեցաւ մարզադաշտին։ Այս բոլորը իրականացան շնորհիւ Վարչապետ Էրտողանի հրահանգներուն ու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Շինութիւնը, դարձեալ Վարչապետին հրահանգով, յանձնուեցաւ ԹՕՔԻ կոչուած պետական շինարարական կազմակերպութեան։ Հակառակ որ Վարչապետն ու իր նախարարները ֆութպոլի տարբեր խումբի մը համակիր են, Վարչապետը յարգեց Կալաթասարայցիները ու արժանի նկատեց որ այս ակումբը փրկուի Մէճիտիյէգիւղի Ալի Սամի Եէն հին մարզադաշտէն ու ունենայ նոր ու փառաւոր մարզադաշտ մը։ Ասոր համար ալ որեւէ խնայողութին չկատարուեցաւ։ Եւ արդէն Վարչապետը թագաւորներու պէս դիմաւորուեցաւ բացման հանդիսութեան։ Բայց, նախքան այդ օրուան ֆութպոլի մրցումին սկսիլը, յանկարծ թրիպիւններու մէկ հատուածէն Վարչապետին դէմ բողոքի ու հակադիր ցոյցերու լոզունգներ բարձրացան։ Ցոյցը անախորժ էր, ապերախտութեան ցուցանիշ մըն էր ու Վարչապետը այսպիսի բանի մը չէր սպասեր, ուստի նեղուեցաւ ու նոյն վայրկեանին իսկ իր նախարարներուն հետ միասին հեռացաւ մարզադաշտէն։ Իրապէս անօրինակ գայթակղութիւն մըն էր, որուն համար շատ նեղ կացութեան մատնուեցան նաեւ Կալաթասարայի վարչայինները։ Վարչապետ Էրտողան երէկ ուրիշ ակումբի մը մէջ ելոյթ ունեցաւ ու հպեցաւ նաեւ Շաբաթ գիշեր պատահածին, բացատրեց որ ինք իրաւացի գտած էր Կալաթասարայի դիմումը ու ամէն ճիգ վատնած էր որպէսզի Թուրքիոյ այս կարեւոր հաստատութիւնը ունենայ նոր մարզադաշտ մը։ »Կը վստահեցնեմ ձեզի որ Կալաթասարայ Ակումբը մէկ ոսկի իսկ չէ ծախսած այս շինութեան համար«, ըսաւ Վարչապետը, որ աւելցուց որ ինք, որ այսքան յարգած էր Կալաթասարայը, այսպիսի վերաբերումի մը արժանանալու չէր։ Բայց եւ այնպէս ան ըսաւ որ ասիկա Կալաթասարայցիներուն գործը չէր, ուրիշ շրջանակի մը գործն էր։ Իսկ Կալաթասարայի վարիչները դիտել տուին որ իրենք շուտով պիտի ճշդեն պատասխանատուները ու անգամ մըն ալ զանոնք այս մարզադաշտէն ներս պիտի չընդունին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը