Հրանդ Տինքի սպանութեան խորհրդաւոր կէտերուն մասին մոր գիրք մը


Հրանդ Տինքի սպանութեան խորհրդաւոր կէտերուն մասին մոր գիրք մը

  • 17-01-2011 17:58:05   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Զանազան թրքական թերթերու մէջ կը կարդանք որ վաղը հրապարակ պիտի հանուի »Պուկիւն« թերթի Անգարայի աշխատակից Ատէմ Եավուզ Ասլանի մէկ գիրքը, որ նուիրուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան կարգ մը խորհրդաւոր կէտերու լուսաբանութեան։ Գիրքին խորագիրն է »Հայ մը կայ - Հրանդ Տինքի Գործողութեան Ծածկագիրերը«։ Կ’ըսուի որ գիրքին մէջ տեղ գտած են շատ կարեւոր պնդումներ ու մերկացումներ, որոնց գլխաւորը կը վերաբերի Ոստիկան Զօրաց Ենթասպայ Սաթըլմըշ Շահինի, որուն համար կ’ըսուի որ զարմանալի զուգադիպութեամբ մը սպանութեան օրը նմանապէս Իսթանպուլ եկած էր ու կը մնար Օկիւն Սամասթի մնացած տեղէն 500 մեթր անդին։ Տրապիզոնի ու Փէլիթլիի շրջանակէն այս ոստիկան զինուորը իբրեւ թէ Թէքիրտաղ բանտարկեալ տանելու համար Իսթանպուլ ղրկուած էր, բայց գիրքին հեղինակը տարօրինակ կը գտնէ որ այդ պարտականութիւնը ճիշդ ալ զուգադիպած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան նախօրեակին։ Բուն կարեւոր կէտն այն է թէ կը պնդուի որ այս Սաթըլմըշ Շահինը շատ մօտիկ յարաբերութիւններ ունէր բոլոր այն անուններուն հետ որոնք միջամուխ եղած են Տինքի դէմ գործուած սպանութեան թղթածրարին։ Այսպէս, այս Ենթասպային ամենօրեայ մօտիկ ընկերներն էին Էրհան Թունճէլի տունի ընկերները Էրքան Թէքին, Օղուզհան Թէքիր, Թունճայ Ուզունտալ, եւ ուրիշներ։ Գիրքին հեղինակը քայլ առ քայլ ցոյց կուտայ թէ ինչպէս Տրապիզոնի ու Փէլիթլիի Ոստիկան Զօրաց միաւորներուն շուրջ արձանագրուած զարգացումները կամաց կամաց ձեւաւորած են Հրանդ Տինքի սպանութեան սէնարիօն։ Հեղինակը կը պնդէ թէ հարցին այս երեսակը բնաւ չքննարկուեցաւ դատական իշխանութիւններու կողմէ։ Ոստիկան Զօրաց Ենթասպայ Սաթըլմըշ Շահին պարտականութիւն կը կատարէր Փէլիթլիի ապահովութեան մէջ, բայց հետաքրքական է որ ան կը ճանչնայ բոլոր այն անձերը որոնց անունները ծանօթ են Տինքի սպանութեան հարցով։ Ան գրեթէ ամէն օր կը խօսէր Էրհան Թունճէլի տան ընկերներէն Թունճայ Ուզունտալին հետ։ Եւ ամէնէն կարեւոր կէտն այն է թէ ան Օկիւն Սամասթին Իսթանպուլ եկած օրը նմանապէս Իսթանպուլ եկած էր իբր թէ պարտականութեամբ։ 18 Յունուարին Օկիւն Սամասթ մնացած էր Պայրամփաշայի մօրեղբօրը տան մէջ։ Զարմանալի է որ Սաթըլմըշ Շահինն ալ նոյն օրը նոյն շրջանակներուն մէջ տեսնուած է։ Սամասթ ըսած է որ չի յիշեր թէ ինչեր ըրաւ սպանութենէն մէկ օր առաջ։ Բայց շատ լուրջ կասկածներ կան այն մասին թէ Սաթըլմըշ Շահինի Իսթանպուլ գալը կապ ունէր Օկիւն Սամասթին Իսթանպուլ գալուն հետ, եւ այդ օր երկուքը կը բնակէին իրարմէ 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Գիրքը լեցուն է այլ մանրամասնութիւններով։ Հեղինակը կը պնդէ թէ Ապահովութեան Տնօրէններ ալ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են ու ջանացած են թաքցնել այն կապերը զորս Թունճայ Ուզունտալ ու Էրհան Թունճէլ ունէին Ոստիկան Զօրաց միաւորներուն հետ։ Գրքին մէջ հրատարակուած տեղեկութեանց համաձայն Ենթասպայ Սաթըլմըշ Շահին 156 անգամ տեսակցած է Թունճայ Ուզունտալի ու Էրհան Թունճէլի հետ ու ան կապեր ունի Էրհան Թունճէլի բոլոր միւս ընկերներուն հետ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը