Արագիլները 30 տարիէ ի վեր չեն հեռացած Հայաստանէն


Արագիլները 30 տարիէ ի վեր չեն հեռացած Հայաստանէն

  • 17-01-2011 17:55:34   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայաստանի թռչուններու պահպանութեան միութեան տնօրէն Մամիկոն Գասապեան յայտնեց թէ արագիլները 30 տարիէ ի վեր չեն հեռացած Հայաստանէն։ Իր խօսքերով, 1970ական թուականներէն սկսեալ, երբ Արարատեան դաշտավայրի մէջ ձկնաբուծական լճակներ հաստատուեցան, արագիլներ այլեւս չգաղթեցին։ Թէեւ 1970ականներէն մինչեւ այսօր բաւական խստաշունչ ձմեռներ գրանցուած են, այնուամենայնիւ բնակիմայական պայմանները չխանգարեցին որ արագիլները ձմեռը անցընեն Հայաստանի մէջ, ըսաւ մասնագէտը եւ աւելցուց որ արագիլներու կեցութեան նպաստած է նաեւ ոռոգման ցանցի կառուցումը։ Ըստ Գասապեանին, պատահած են ցուրտ ձմեռներ, երբ արագիլները հեռացած են Արաքս գետի մերձակայ ափերէն, սակայն օդի մեղմացման հետ անոնք վերադարձած են իրենց հարազատ վայրերը։ Ձմրան ընթացքին արագիլներուն Հայաստան մնալու երեւոյթը կը բացատրուի բնակլիմայական փոփոխութիւններով. կերը չէ շատցած, պարզապէս փոխուած է երկրի կլիման։ Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն ձմեռը բաւական մեղմ է եւ արագիլներ վարժուած են օդի պայմաններուն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը