ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Տաւութօղլուի Հմայքի Արշաւը Հայաստան Կատարած Այցելութեան Ընթացքին


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Տաւութօղլուի Հմայքի Արշաւը Հայաստան Կատարած Այցելութեան Ընթացքին

  • 25-12-2013 15:21:34   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Թուրքիոյ խորամանկ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու օգտագործած է դիւանագիտական բոլոր հնարքները` անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ կայացած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան համաժողովին (ՍԾՏՀ) իր ներկայութենէն առաւելագոյն օգուտ քաղելու համար:
Ի սկզբանէ Տաւութօղլուն եւ անոր դիւանագիտական խումբը սկսած էին ապատեղեկատուական քարոզչութիւն ծաւալել` յայտարարելով, որ ան թերեւս չկարենայ մասնակցիլ համաժողովին այլ պարտաւորութիւններու պատճառով, ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ ան մեծ ցանկութիւն չունի Հայաստան մեկնելու: Աւելի ուշ, ան իր մասնակցութիւնը պայմանաւորեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կայացած հանդիպումներու դրական արդիւնքով: Ատրպէյճանի նախագահը համոզելու համար, որ Թուրքիան կը մտահոգուէր իր կրտսեր եղբօր շահերով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը լրատուամիջոցներուն կեղծօրէն տեղեկացուց, որ Հայաստանը համաձայնած է դուրս գալ Արցախի երկու շրջաններէն:
Երեւան կատարած այցելութեան ընթացքին Տաւութօղլուի հմայքի արշաւին իսկական նպատակն էր կանխել Թուրքիոյ դէմ միջազգային քարոզչութիւնը`  2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ընթացքին: Ան կ’ուզէր համաշխարհային հանրութիւնը տպաւորել, որ իբր թէ իր երկիրը պատրաստ է հաշտուելու Հայաստանի հետ` միաժամանակ սատարելով Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ դիմումին:
Ի պատասխան` հայ պաշտօնեաները ամէն ինչ ըրին թրքական հմայքի արշաւին յաջողութիւնը նուազեցնելու համար: Հայաստանի ընտրած ռազմավարութիւնն էր` Տաւութօղլուի երեւանեան այցը պահել ՍԾՏՀ համաժողովի ծիրին մէջ, եւ ոչ թէ զբաղիլ հայ-թրքական երկկողմ յարաբերութիւններով, բացառելով որեւէ քննարկում Հայ-թրքական արձանագրութիւններու եւ արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ:
Ուստի զարմանալի չէ, որ Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին միջեւ որեւէ հանդիպում տեղի չունեցաւ: Միակ պաշտօնական հանդիպումը կայացաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ նաեւ հանդիպեցաւ ՍԾՏՀի միւս մասնակիցներուն հետ իբրեւ համաժողովը հիւրընկալող կողմ:
Բնականաբար Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ եղած ժամանակ Տաւութօղլու հանդիպեցաւ որոշ խոչընդոտներու: Ան ստիպուած էր համաժողովի կայացման վայր` «Մարիոթ-Արմենիա» պանդոկ մտնել ետեւի դռնէն` իր այցելութեան առնչութեամբ երիտասարդ ցուցարարներու կազմակերպած բողոքի ցոյցէն խուսափելու համար: Մինչ այդ, Նալբանդեան հանդէս եկաւ շարք մը կուռ յայտարարութիւններով` ՍԾՏՀ համաժողովէն առաջ, ընթացքին եւ յետոյ, Թուրքիան նախազգուշացնելով, որ Հայաստան պիտի չընդունի որեւէ նախապայման, ինչպիսիք են Արցախի տարածքէն մասնակի դուրս գալը` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմանի բացման դիմաց:
Նալբանդեանի վճռական կեցուածքը ստիպեց Տաւութօղլուն նահանջելու` վախնալով, որ իր Հայաստան  այցելութիւնը կրնայ որակուիլ որպէս ձախողած: Ատրպէյճանը վշտացնելու գինով թուրք նախարարը ընդունեց, որ ինք չէ եկած ներկայացնելու յստակ առաջարկներ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, եւ չէ պահանջած Արցախի երկու շրջաններէն դուրս գալը` պնդելով, որ Երեւան գալու իր միակ նպատակն էր յաղթահարել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «հոգեբանական պատնէշը» եւ սկիզբ դնել երկխօսութեան ու վստահութեան վերականգնման:
Յարաբերութիւններու բարելաւման որոնման նպատակով կատարած յայտարարութեան ծիրին մէջ Տաւութօղլուն` Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար եւ նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեանին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ան Ցեղասպանութիւնը նսեմացուց իբրեւ անցեալի «որոշ իրադարձութիւններ» եւ կոչ ուղղեց բոլորին` «առաջ երթալ»: Երբ Մանուկեան պատմեց Ցեղասպանութեան ժամանակ իր չորս հօրեղբայրներուն մահուան մասին, Տաւութօղլու խոստացաւ աղօթել անոնց համար` իրենց ծննդավայր` Մոկս, Վանայ լիճի հարաւը, իր յաջորդ այցելութեան ընթացքին: Սակայն ան յանդգնեցաւ խորհուրդ տալ հայերուն` չմոռնալ Համաշխարհային Ա. պատերազմի թուրք զոհերուն մասին: Ան նաեւ սփիւռքահայերուն առաջարկեց վերադառնալ իրենց նախկին հայրենիքը` ներկայի Թուրքիա: Մանուկեանին հետ հանդիպման ամէնէն հետաքրքրական պահը Տաւութօղլուի բացայայտումն էր, որ Անգարայի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական գրասենեակի շէնքերէն մէկը պատկանած է հայու մը` ատով իսկ բարձրացնելով դատական հայցի հնարաւորութիւնը նախկին սեփականատիրոջ ժառանգորդներուն կողմէ:
Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու վերջին ճիգը գործադրեց Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախապատրաստական աշխատանքները խափանելու համար` պատմելով թռիչքի ժամանակ իրեն ուղեկցող թուրք լրագրողներուն, որ 1915 թուականին հայերու «տեղահանութիւնը անմարդկային» էր: Յայտարարելով, որ Թուրքիան երբեք չէ ողջունած այդ քայլը, ան դատապարտեց «տեղահանութիւնը» իբրեւ «բացարձակ սխալ քաղաքականութիւն, որ կատարուած է (օսմանեան ժամանակաշրջանի ղեկավարներու «Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» կոմիտէի օրօք)»:
Տաւութօղլու նաեւ յայտնեց, որ ան հանդիպած է սփիւռքահայերու հետ արտերկրի մէջ իր այցելութիւններու ընթացքին, սակայն չէ հրապարակած անոնց մասին` մտահոգուելով, որ` «ծայրայեղական հայերը խնդիրներ կը յառաջացնեն»:
Թրքական հմայքի արշաւը լաւ տպաւորութիւն ձգեց միայն անոնց վրայ, որոնք շատ տոգորուած ըլլալով հայ-թրքական հաշտեցմամբ` նոյնիսկ խղճի խայթ չեն զգար, երբ դահիճը կը հաւասարեցնեն զոհին: Միացեալ Նահանգները եւ Քանատան միակ երկիրներն էին, որոնք ողջունեցին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցը Հայաստան` կոչ ուղղելով, որ երկխօսութիւնը շարունակուի երկու կողմերուն միջեւ:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ