Ֆրանսահայեր կրակ կը ժայթքեն Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլայ Սարքոզիի դէմ


Ֆրանսահայեր կրակ կը ժայթքեն Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլայ Սարքոզիի դէմ

  • 06-05-2011 18:32:00   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Հիւրրիյէթ« այսօր Փարիզէն Արզու Չաքըր Մօրինի ստորագրութէամբ կը տեղեկացնէ որ Ֆրանսահայեր կրակ կը ժայթքեն Ֆրանսայի Նախագահ Նիքոլայ Սարքոզիի դէմ, որ չեարգեց իր խոստումը եւ զօրաւիգ չկանգնեցաւ ծերակոյտի մօտ հայկական օրինագծի վաւերացման։ Ինչպէս հաղորդուեցաւ, »հայկական ցեղասպանութէան ուրացումը եանցագործութիւն նկատող օրինագիծը« Ծերակոյտին կ'ողմէ մերժուեցաւ առանց քուէարկութէան դրուելու։ Ասիկայ մեծ զայրոյթ պատճառած է Ֆրանսահայերուն, որոնք կը յիշեցնեն որ Սարքոզի ատենօք խոստացած էր զօրակցիլ օրինագծին, սակայն այս անգամ ոչինչ ըրաւ որպէսզի օրինագիծը վաւերացուի։ Ֆրանսահայութէան ղեկավար դէմքերէն Մուրատ Փափազէան ըսաւ. »Ընկերվարականները միշտ պարկեշտ եղան մեզի նկատմամբ բայց Սարքոզի չեարգեց իր խոստումը եւ ետքայլ ըրաւ։ Հայ գաղութը 2012 թուականին անշուշտ որ պիտի արժեւորէ այդ ետքայլը«։ Հայերը ցոյցեր ըրին Ծերակոյտին առջեւ եւ լոզունգներ արձակեցին Սարքոզիի եւ ֆրանսական կառավարութէան դէմ։ Գաղութի հայ ղեկավարները եայտարարեցին որ իրենք ետ քայլ պիտի չընեն եւ պիտի շարունակեն աշխատիլ ի նպաստ օրինագծին։ րանսայի բոլոր հայկական միութիւնները ընդգրկող Խորհուրդը գրաւոր լուսաբանութիւն մը հրատարակելով ըսաւ հետեւէալը. »Կառավարութէան շնորհիւ գործադրուած այս երկերես քուէարկութիւնը ցոյց կ'ուտայ որ կառավարութիւնը, հակելով Թուրքիոյ ճնշումներուն դիմաց ետքայլ ըրած է։ Մեր խորհուրդը բոլոր հայերուն կոչ կ’ուղղէ որպէսզի քաղաքական գետնի վրայ անհրաժեշտ պատասխանը տրուի այս ետքայլին դէմ«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը