Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց այցելեց


Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց այցելեց

  • 06-05-2011 18:25:39   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Եակոբէան, որ համաշխարհային կնոջական համագումարի մասնակցելու նպատակով քաղաքս ժամանած էր, եւ որ առիթէն օգտուելով հանդիպումներ պիտի ունենար մեր համայնքային շրջանակներէն ներս, երէկ, քաղաքս ժամանելէ հազիւ քանի մը ժամ վերջ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց այցելեց ընկերակցութէամբ Երեւանէն իրեն ընկերակից թրքագէտ Աշոտ Սողոմոնէանի, Իսթանպուլէն՝ Սեւ Ծովէան Տնտեսական Համագործակցութէան Կազմակերպութէան Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Պր. Միքայէլ Վարդանէանի, անոր նորընտիր տեղակալին՝ Պր. Վազգէն Խուբլարէանի։ Հիւր Նախարարը մեծ պատիւներով դիմաւորուեցաւ Հոգաբարձութէան ամբողջական կազմի, Բժշկապետին ու Ընդհանուր Քարտուղարութէան կողմէ։ Տրուած ըլլալով որ Հոգաբարձութիւնը հրաւիրած էր նաեւ մեր մամուլը, այդ հանդիպման ներկայ գտնուեցան մեր Խմբագրապետը Ռ. Հատտէճէան, Փոխ Խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Եակոբէան եւ մեր լուսանկարիչ Կարօ Համամճէանը։ Տիկ. Հրանոյշ Եակոբէան նախ հիւրասիրուեցաւ Հոգաբարձութէան վարչական սրահին մէջ, ուր ան շատ սիրալիր զրոյց մը ունեցաւ Հոգաբարձութէան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, Փոխ Ատենապետ Գրիգոր Տէօշէմէճէանի, Բժշկապետ Տքթ. Արտաշ Ագտաղի, Հոգաբարձու Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի, նաեւ մեր երկու խմբագիրներուն հետ, որոնց արդէն վաղեմի բարեկամն է։ Առաջին զրոյցէն վերջ Հիւր Նախարարը առաջնորդուեցաւ դէպի թանգարան, ուր ան հետաքրքրութէամբ ուսումնասիրեց Հիւանդանոցին անցէալը ցոլացնող ամէն ինչը, տեղեկութիւններ ստանալով Թանգարանի առաջնորդ Սոնիա Ալկանէն եւ նոյնինքն Հոգաբարձուներէն, նաեւ Հիւանդանոցի պատմութէան հեղինակներէն Արսէն Էարմանէ։ Թանգարանէն վերջ հիւր նախարարը հրաւիրուեցաւ տեսնելու հիւանդանոցին գրեթէ բոլոր բաժինները։ Շրջապտոյտը սկսաւ Հիւանդանոցի մատուռէն, ուր հիւր Նախարարը պահ մը խաչակնքեց Խորանին առջեւ, եւ Եկեղեցւոյ դրան առջեւ լուսանկարուեցաւ բոլոր ընկերացողներուն հետ։ Այդ միջոցին ան տեսաւ նաեւ Հիւանդանոցի պատմութէան մեծ բարերարներէն, Եակոբէան եարկաբաժնի անունով եաւերժացած »Եակոբէան« իւշարձանը, որ կը գտնուի Եկեղեցիին դիմաց։ Եակոբէան մականունը, որ նաեւ Նախարարին մականունն է, տեղի տուաւ կատակներու։ Հիւր Նախարարը ապա այցելեց Կիւլպէնկէաններու դամբարանները ու այս դամբարաններուն մասին տեղեկութիւններ ստացաւ։ Անկէ վերջ Նախարարուհին մեծ հետաքրքրութէամբ, առանց ձանձրանալու եւ եօգնելու, աւելի քան ժամ մը շրջեցաւ մէկ առ մէկ Հիւանդանոցի բոլոր մասերուն մէջ, տեսնելով այն անհաւատալիօրէն փայլուն վիճակը որ ամէն տեսակէտէ կը տիրապետէ Հիւանդանոցին մէջ, ձեռնուելով նաեւ հարիւրաւորներու հետ որոնք հոն աշխատաւոր էին, մասնագէտ, կամ հիւանդ, կամ սպասարկող անձնակազմ։ Այս այցելութէան ընթացքին մեր Խմբագիրներն ալ քայլ առ քայլ հետեւեցան հիւրին ու Հոգաբարձութէան անդամներուն։ Այս տեսակէտէն մեզի համար հաճելի էր անդրադառնալ թէ Տիկ. Հրանոյշ Եակոբէան յստակ կերպով կը հետաքրքրուէր բժշկական ու թէքնիքական ինչ ինչ մանրամասնութիւններու հետ եւ բաղդատութիւններ կ’ընէր Հայաստանի հիւանդանոցներուն ու բժշկական կեդրոններուն հետ, երբեմն ցուցմունքներ ալ կ’ընէր փաստելով որ լաւատեղէակ անձ է այս հարցերէ ներս։ Բժշկապետը ու Հոգաբարձութէան անդամները հպարտօրէն ցոյց կ'ուտային այն ամէնէն արդիական գործիքները որոնք ապահովուած էին զանազան բաժիններէ ներս, սկսելով շողանկարի բաժնէն։ Այսպէս Հիւր Նախարարը կարգաւ ու մեծ հետաքրքրութէամբ շրջեցաւ բոլոր բաժինները, փոլիքլինիքը, վիրաբուժական ու խտացէալ խնամքի բաժինները, մանաւանդ Ծննդաբերութէան բաժինը ուր հետաքրքրուեցաւ նորածիններով, աչքի քննութէան բաժինը, Թմրամոլներու ու եօռի վարժութէանց հիւանդներու դարմանումի բաժինը, ապա ծերանոցները, որոնց նորոգութէան աշխատանքը լրանալու վրայ է։ Ամէնուրեք կը տիրէր առաջին կարգի փայլ ու հանգստաւէտութիւն։ Միայն մէկ անկիւն մը կար որ տակաւին մնացած էր հին վիճակին մէջ եւ այդ բաժինը ցոյց տրուեցաւ որպէս փաստ այն մասին թէ հիւանդանոցը ինչ էր եւ ինչ եղած է հիմա։ Այս շրջագայութէան ընթացքին, հոգաբարձուներու հրաւէրով, հիւր նախարարը այցելեց նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի բազմամէայ Ատենապետ Պր. Շապուհ Չօլաքի սենէակը, ուր անակնկալ տագնապի մը հետեւանով դարմանումի տակ էր անոր կողակիցը, Տիկին Սիլվա Չօլաքը։ Նախարարը անցէալ ըլլայ ըսաւ ու ըրաւ բարեմաղթութիւններ։ Ամէնէն վերջը հիւր նախարարը ելաւ Պիլէք հանգստէան բաժնի վերանայարկը, զրոյց մը ունեցաւ Տատէան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Էլիզ Մանասի եւ այլ պատսպարէալներու հետ։ Այնուհետեւ հիւր նախարարը մօտաւորապէս քսան ներկաներու հետ միասին ճաշեց Պիլէք հաւաքասրահին մէջ։ ՃԱՇ ՊԻԼԷՔ ՀԱՒԱՔԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ Ճաշը բացուեցաւ Հոգաբարձութէան Բ. Ատենապետ Գրիգոր Տէօշէմէճէանի ողջոյնի ուղերձով, որ Հոգաբարձութէան անունով բարի գալուստ մաղթեց հիւր նախարարին ու բացատրութիւններ տուաւ Հիւանդանոցին այժմու վիճակին ու աշխատանքին մասին։ Ապա խօսեցաւ հիւր Նախարարը։ Տիկ. Եակոբէան բաժակ բարձրացուց այս հաստատութիւնը այսքան փայլուն վիճակի մէջ պահողներու ի պատիւ, ապա ան ըսաւ որ այս այցելութէան ընթացքին պահ մը կարծեց որ եկած է Ամերիկա, հոս այս ամէնէն արդիական մակարդակի վրայ իրեն համար ուրախութիւն եղաւ տեսնել հայկական անուններ, տեսնել հայուն սիրտն ու հոգին։ »Չի բաւեր ունենալ, պէտք է նաեւ պահել ու պահպանել թանկագին ժառանգութիւնը, ըսաւ հիւր Նախարարը։ Հոս բարութիւն, ջերմութիւն, առողջութիւն կայ։ Առողջութիւնը կարեւոր է եւ դուք հոս ամէնէն լաւ խնամքը կը տանիք«։ Տիկին Նախարարը դիտել տուաւ որ Հայաստանի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները շատ կը սիրեն Պոլսահայերը։ »Դուք լաւ հայեր էք որ կ’ապրիք ձեր պապերուն օրէնքով։ Կը պահէք մեր դպրոցները, եկեղեցիներն ու մեր մշակոյթը եւ այս հաստատութիւնը ողնայարն է ձեր համայնքին։ Ես պիտի խնդրեմ որ Հայաստանի հետ կապերը ա՛լ աւելի ամրապնդուին։ Ես կը մտածեմ որ մենք կ’ապրինք 21րդ դարը եւ մենք պէտք է օգտագործենք մեր մօտիկութիւնը իրարու հետ։ Կը գնահատեմ հոգաբարձութէան աշխատանքը։ Եւ հոս կ’ուզեմ յիշել եայտնի ասացուածքը. »Մեծ խելքի առջեւ կը խոնարհեցնեմ իմ գլուխը, բայց մեծ սրտի առջեւ ծունկի կ'ուգամ«։ Մեր Խմբագրապետն ալ, որ հրաւիրուեցաւ ողջոյնի խօսք ընելու, ըրաւ հետաքրքրական խորհրդածութիւններ եւ ըսաւ որ Նախարարին այցելութիւնը նոր էջ մը կը բանայ այս սրահին ու հաստատութէան պատմութէան մէջ։ Ըսաւ որ ինք տեսած է այս հիւանդանոցին հին օրերը, եղած են նիւթական տագնապի այնպիսի նեղ շրջաններ երբ Հոգաբարձութիւնը պարտաւորուած է փակել հիւանդանոցին կէսէն աւելին։ Իսկ հիմա այս հաստատութիւնը դարձած է նախանձելի, այնքան նախանձելի որ կրնայ գրգռել նաեւ չար աչքերու չար նախանձը։ Այս փայլուն հանգրուանին մէջ բնականաբար Հոգաբարձութէան բոլոր անդամները իրենց անուրանալի բաժինն ունին, այնուհանդերձ կրնանք ըսել որ Աստուած մեր բարիք մը գործեց մեր համայնքին մեզի նուիրելով Պր. Պետրոս Շիրինօղլուն։ Մեր Խմբագրապետը ապա կատակով ըսաւ որ ինք կը դժուարանայ այս հիւանդանոցը ծայրէ ի ծայր պտըտելու որովհետեւ այս հիւանդանոցին փայլուն տեսքը մարդոց կարծես հիւանդանալու փափաք կուտայ։ Գնահատեց հիւր նախարարին մասնաւոր հետաքրքրութիւնը բոլոր մանրամասնութիւններու նկատմամբ, անոր բարի կամեցողութիւնը այս հիւանդանոցը իր ամբողջութէան մէջ ճանչնալու։ Մեր Խմբագրապետը դարձէալ կատակով ըսաւ. »Շատ մը հաստատութիւններու ղեկավարները հիւրերուն ցոյց կ'ուտան միայն փայլուն բանէր ու կը քօղարկեն այն ինչ որ փայլուն չէ, իսկ հոս գիտենք որ ամէն կողմ փայլուն է ու չտեսնուածն ալ այնքան նախանձելի է որքան տեսնուածը«։ Մեր Խմբագրապետը ըսաւ որ ինք հինէն ի վեր կը ճանչնայ Տիկին Նախարարը եւ գիտէ թէ ան այժմ որպէս Սփիւռքի Նախարար ինչպիսի սիրտ ու հաւատք դրած է Սփիւռքի նկատմամբ, այդ սիրտը տաքուկ է, եւ վերադարձնելով Նախարարին քիչ առաջուան խօսքը, ըսաւ որ մենք ալ ծունկի կ'ուգանք տաքուկ սրտով կատարուած այդ աշխատանքին դիմաց։ Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Սեւ Ծովէան մնայուն ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանէան, որ եայտնեց թէ ինք որպէս Հայաստանի միակ մնայուն ներկայացուցիչը Թուրքիոյ մէջ, կ’ողջունէ հիւր նախարարուհին, բայց ան կատակով ըսաւ որ ինք հիմա կը ներկայացնէ նաեւ Պոլսահայ համայքը, քանի որ այնքան նոյնացած է այս համայնքին հետ։ Այս հաստատութիւնը ամբողջ համայնքին տունն է,ըսաւ ան ու գովեց նաեւ այն աշխատանքը որ Հայաստանի մէջ կը տարուի Սփիւռքի նկատմամբ։ Ճաշը աւարտեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, սուրճի սեղանին շուրջ կատարուեցան տակաւին գաղափարի շինիչ փոխանակումներ։ Նախարարը իր այս այցելութէան առիթով Հիւանդանոցի Հոգաբարձութէան նուիրեց հայոց տառերով ձեռագրի նկար մը։ Փոխադարձաբար՝ հիւր Նախարարին նուիրուեցաւ Արսէն Էարմանի պատմութէան գիրքը, Հիւանդանոցի պատմութէան երկու հատորները, նաեւ Կարօ Քիւրքմանի կ'ողմէ հայ նկարիչներու գործերուն նուիրուած երկու հաստափոր ու թանկագին հատորները։ Տիկ. Հերանոյշ Եակոբէան բաժնուելէ առաջ իր տպաւորութիւնները գրի առաւ Հիւանդանոցի Պատուոյ Տոմարին մէջ։ Նախարարը գրեց հետեւէալը. Ապա Հիւր Նախարարը եւ ընկերակիցները հրաժեշտ առին հիւանդանոցէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը