Վարչապետ Էրտողան միշտ կը նախընտրէ ծանր ոճ գործածել


Վարչապետ Էրտողան միշտ կը նախընտրէ ծանր ոճ գործածել

  • 14-01-2011 20:26:12   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վարչապետ Էրտողան Տաւոսի մէջ ապրեցաւ անմոռանալի փորձառութիւն մը ու այդ օրէն ասդին ան անդրադարձաւ որ քաղաքական կեանքի մէջ բան մը փոխուած էր Թուրքիոյ համար, թէ հիմա Թուրքիա որքան ուժեղ ձայն բարձրացնէր, որքան խիստ ու ծանր յայտարարութիւններ ընէր, այնքան արժէք կը շահէր ու այնքան ամուր տեղ գրաւել կը սկսէր միջազգային քաղաքականութեան հրապարակին վրայ։ Գոնէ երեւոյթները այդպէս ցոյց կուտային։ Ու այդ օրէն ասդին Վարչապետ Էրտողան դարձաւ Վարչապետ մը, որ իր խօսքը չի խնայեր բացարձակապէս երբ հարկ կ’ըլլայ խօսիլ մէկու մը կամ դէպքի մը դէմ։ Տաւոսէն ի վեր արդէն մնայուն թիրախ դարձած է Իսրայէլը ու Իսրայէլի դէմ ունեցած իր շատ խիստ արտայայտութիւններով Էրտողան կրցաւ իրեն ի նպաստ շատ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծել Իսրայէլի ոխերիմ թշնամին հանդիսացող Արաբական երկիրներէ ներս։ Նոյն գծով էր որ Վարչապետը երկու օր առաջ շատ խիստ յանձնարարութիւն մը ըրած էր Գերմանիոյ Վարչապետ Անճէլա Մէրքէլի հասցէին, երբ այս վերջինը Յունական Կիպրոս գացած էր ու Յունական Բաժնի Նախագահին հետ խօսելու ընթացքին Թուրքիան ամբաստանած էր որպէս երկիր մը որ Կիպրոսի հարցի լուծման նպաստ չի բերեր։ Վարչապետ Էրտողան ըսած էր որ Մէրքէլ պէտք է պատմութիւն սորվի ու տեսնէ թէ իրմէ առաջ ինչեր պատահած էին Կիպրոսի մէջ։ Այս խիստ յայտարարութեան դիմաց Գերմանիայէն ալ բարձրացած էին ձայներ որոնք կ’ըսէին թէ Անճէլա Մէրքէլ պէտք չունի պատմութեան դաս առնելու։ Թուրքիա դժգոհ մնաց Մէրքէլի այս արտայայտութիւններէն ու Գերմանիոյ Դեսպանը Արտաքին Նախարարութիւն հրաւիրեց որպէսզի ան իմանայ Թուրքիոյ իշխանութիւններու դժգոհութեան մասին։ Վարչապետ Էրտողան վերջին անգամ Քաթարի մէջ ալ, Էլ Ճէզիրէ հեռատեսիլի կայանի հետ խօսելով ծանր ոճ գործածեց Իսրայէլի Արտաքին Նախարար Լիպէրմանի հասցէին, այդ անձը Իսրայէլի ու աշխարհի գլխուն փորձանք նկատեց։ Լիպէրման անցեալները »ստախօս« որակած էր Էրտողանը ու Թուրքիան ամբաստանած էր որպէս ամբարտաւան երկիր։ Էրտողան Քաթարի մէջ խօսելով ըսաւ որ Լիպէրման նախ պէտք է ինքն իրեն նայի որպէսզի տեսնէ թէ ով է ամբարտաւանը։ Եթէ հայելիին մէջ ինքն իրեն նայի, հոն պիտի տեսնէ մարդ մը որ ամէնուն հասցէին ամէն տեսակ նախատինք կ’ընէ։ Այս անձը Իսրայէլին ու Իսրայէլցիներուն գլխուն փորձանք մըն է։ Իսրայէլցիները պէտք է ժամ առաջ փրկուին այս մարդէն, ասիկա մարդկութեան նկատմամբ պարտականութիւն է, որովհետեւ որքան ատեն որ Իսրայէլ այդ անձը պիտի չհեռացնէ պաշտօնէն, Իսրայէլի համար հարցերը պիտի չվերջանան, ըսաւ։ Էրտողան ըսաւ որ Իսրայէլի այժմու կառավարութիւնը այդ երկրին ցարդ ունեցած կառավարութիւններուն ամէնէն գէշն է։ Որքան ատեն որ Իսրայէլ Կապոյտ Մարմարա նաւուն վրայ գործուած յարձակումին համար ներողութիւն պիտի չխնդրէ, Թուրքիայէ ո՛չ մէկ բարձրաստիճան քաղաքագէտ շփում պիտի ունենայ Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ, ո՛չ մէկ համաձայնագիր պիտի նորոգուի ու Իսրայէլն է որ վերջին հաշուով պիտի տուժէ, ըսաւ Վարչապետ Էրտողան, անգամ մը եւս ցոյց տալով թէ սահման չի դներ իր գործածած բառերուն, երբ մէկու մը դէմ խօսիլ կը սկսի։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը