«Նոր Օր»-ի աշխատակիցներուն նուիրուած գնահատանքի երեկո


«Նոր Օր»-ի աշխատակիցներուն նուիրուած գնահատանքի երեկո

  • 13-01-2011 16:20:03   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ամէն տարի սովորութիւն դարձած է ,Նոր Օրե շաբաթաթերթի աշխատակիցներուն եւ վարչական կազմին համար գնահատաքի երեկոյ մը կազմակերպել: Այս տարի եւս, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը յարմար նկատեց, ըստ ընկալուած սովորութեան, կազմակերպել ,Նոր Օրե-ի աշխատակիցներուն նուիրուած գնահատանքի երեկոյ մը որուն ներկայ էին մօտաւորապէս 40 աշխատակիցներ եւ վարչական ընկերներ: Գնահատանքի Երեկոն տեղի ունեցաւ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Չորեքշաբթի Դեկտ. 15, 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ: Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկեր Գէորգ Հալէպլեան երեկոյթը բացաւ բարի գալստեան եւ ողջոյնի խօսքերով, եւ համառօտ կերպով ներկայացուց ,Նոր Օրե-ի ծնունդ առած թուականէն մինչեւ այսօր տեղի ունեցած քաղաքական, տնտեսական եւ վարչական փոփոխութիւնները որոնք իրենց ազդեցութիւնը դրոշմած էին ,Նոր Օրե-ին վրայ: Ան ներկայացուց ,Նոր Օրե-ին պահած անզուգական եւ օրինակելի կուսակցական ուղեգիծը անցեալի 88 տարիներուն ընթացքին եւ հայատառ մամուլին ընդմէջէն, հայ ազգին ընծայած ծառայութիւնները, հայրենական, կուսակցական, քաղաքական, գրական եւ մշակութային մարզերուն մէջ: Ընկեր Հալէպլեան յատկապէս նշեց ,Նոր Օրե-ի նախկին եւ ներկայ խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն նուիրեալ ծառայութիւնները` ի խնդիր թերթին պատրաստութեան եւ գոյատեւման: Ան կոչ ըրաւ ,Նոր Օրե-ի բոլոր բաժանորդներուն ու համակիրներուն, թիկունք կանգնելու թերթին գոյատեւման եւ տարածման, վառ պահելու համար կուսակցութեանս օրկանը, ,Նոր Օրե-ը, հակառակ բոլոր տնտեսական եւ քաղաքական կացութեան դժուարութիւններուն եւ յաճախանքներուն: Ընկեր Հալէպլեան խօսքը աւարտելով ըսաւ թէ ,Նոր Օրե շաբաթաթերթը իր առաջ ունի ,անհրաժեշտութիւնե-ը որպէս գոյատեւման կենսական պահանջք եւ ,բաւարարութիւնե-ը որպէս ինքնաբաւութեան աստիճան, երկու եզրեր որոնք կարեւոր մեկնակէտեր են տնտեսութեան մարզին մէջ, եւ Շրջանային վարչութիւնս այժմ աշխատանք կը թափէ անոնց իրականացման համար: ,Նոր Օրե-ի վարչական տնօրէն ընկեր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, խօսք առնելով հաղորդեց ,Նոր Օրե-ի նիւթաբարոյական կացութիւնը եւ ներակայացուց յաջորդ տարի գործադրութեան դրուելիք ծրագիրներն ու ձեռնարկները: Ընկեր Պալեան մեծ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ,Նոր Օրե-ին ապագայի բարեկարգման եւ գոյատեւման ծրագիրներուն մասին, խրախուսելով բոլոր աշխատակիցները եւ վարչական կազմի անդամները որ պահեն անխոնջ աշխատանքի իրենց թափը: Ապա Խօսք առաւ ,Նոր Օրե-ի խմբագիր ընկեր Դոկտ. Մինաս Գոճայեանը, ներկայացնելով ,Նոր Օրե-ի պատրաստութեան եւ համադրման համար կատարուող աշխատանքները, թերթին իրավիճակը, եւ արտացոլած բարձր մակարդակը հայատառ մամուլին մէջ, շնորհիւ իր աշխատակիցներուն եւ վարչական կազմին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ գնահատելով անոնց նուիրեալ աշխատանքներն ու ծառայութիւնները: Արդար, շինիչ եւ մեծապէս գնահատելի էին աշխատակիցներուն եւ թերթի պատրաստութեան կազմին ներկայացուցած թելադրանքները, քննադատութիւնները եւ սրտի խօսքերը, մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, որուն մասնակցութիւն բերին գրեթէ բոլոր ներկաները: ,Նոր Օրե-ի աշխատակիցներու Գնահատանքի երեկոն, այս տարի նախաձեռնութիւնը ստանձնեց պատուելու իր աշխատակիցներն ու թերթի պատրաստութեան անձնակազմի անդամներ, անոնց ներկայացնելով Պատուոյ, Գնահատանքի եւ Շնորհակալական գիրեր: Ընկերներ Երուանդ Ակիշեան, Սարգիս Մինասեան, Գէորգ Քէօշկերեան եւ Հրաչ Սեփեթճեան ստացան Պատուոյ գիրեր, Պրն. Աւետիս Բայրամեան եւ ընկեր Յովիկ Եօզղաթլեան ստացան Գնահատագիրեր, ընկերուհիներ Մատլէն Թապագեան եւ Նազիկ Գոճայեան ստացան Շնորհակալագիրեր: Ապա տեղի ունեցաւ ճոխ ընթրիքի հիւրասիրութիւն մը եւ կաղանդչէքի նուէրներու բաժանում: Երեկոն աւարտեցաւ ուրախ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Յակոբ Մարտիրոսեան Ռամկավար Մամուլ Յունուար 13, 2011 ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը