ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Եկէ՛ք Քոնկրեսէն Վռնտենք Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Պիլ Շուսթըրը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Եկէ՛ք Քոնկրեսէն Վռնտենք Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Պիլ Շուսթըրը

  • 09-03-2015 12:52:50   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ տեղեկացուցի ամերիկահայ համայնքի յաջողութեան՝ Լոս Անճելըսի կողմէ 845 հազար տոլարի պայմանագիրը «Կեփհարթ Կրուփ»ին հետ չեղեալ համարելու մասին, Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ՝ ի նպաստ Թուրքիոյ անոր ծաւալած լոպիինկին համար։
 
Ես յոյս յայտնեցի, որ հայերը կը շարունակեն իրենց ջանքերը, որպէսզի «Կեփհարթ Կրուփ»ի մնացած 200 յաճախորդները եւս դադրեցնեն իրենց պայմանագիրները, որ Տիք Կեփհարթ սուղ վճարէ իր ժխտողական լոպիինկին համար:
 
Խանդավառուած իրենց մեծ յաղթանակով Լոս Անճելըսի մէջ, ամերիկահայերը այժմ պէտք է ընդլայնեն իրենց քաղաքական աշխուժութիւնը՝ դաս մը տալու համար Փենսիլվենիայէն հանրապետական քոնկրեսական Պիլ Շուսթըրին, որ խայտառակ նամակ մը գրած է Քոնկրեսի անդամներուն՝ խնդրելով անոնցմէ չաջակցիլ սպասուող Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին։
 
Շուսթըր, անցեալ շաբաթ Ներկայացուցիչներու տան բոլոր 435 անդամներուն յղած իր «Յարգելի գործընկերներ» նամակին մէջ, անամօթաբար կոչ ըրած է՝ «զերծ մնալու բանաձեւի սատարումէն՝ կողմ չբռնելով պատմական այնպիսի իրադարձութիւններու վերաբերող բանավէճի մէջ, որոնք տեղի ունեցած են հարիւր տարի առաջ, աշխարհի միւս ծայրը»: Հետաքրքրական է, թէ ի՛նչ կը մտածէ քոնկրեսականը Հոլոքոսթի մասին, որ նոյնպէս տեղի ունեցած է «աշխարհի միւս ծայրը», աւելի քան 70 տարի առաջ…
 
Իր լկտի նամակին մէջ, քոնկրեսական Շուսթըր կասկածի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը՝ յայտարարելով, որ առկայ են «երկու հակասական պատմութիւններ այն մասին, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, Օսմանեան կայսրութէան մէջ ապրող հայերուն հետ»: Իր այլասերուած տրամաբանութեամբ, քոնկրեսականը կը պնդէ, որ «1915ի իրադարձութիւնները… ցեղասպանութիւն չեն հանդիսանար», որովհետեւ՝ «աւելի քան երկու միլիոն օսմանեան քիւրտեր, արաբներ եւ մահմետականներ… նոյնպէս տուժած են այս հակամարտութեան ընթացքին»: Անոր մատնանշումը՝ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին «աւելի քան երկու միլիոն օսմանեան քիւրտերու» կորուստին մասին, Թուրքիոյ կառավարութեան համար գործող լոպիական բազմաթիւ ընկերութիւններէն մէկուն կողմէ շարադրուած վերջին կեղծիքն է:
 
Փենսիլվենիոյ քոնկրեսականը նաեւ կեղծօրէն կը պնդէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը «պիտի թշնամացնէ տարածաշրջանին մէջ մեր վերջին դաշնակիցներէն մէկը (Թուրքիան), որ ձեռք ձեռքի տուած՝ ամերիկեան զինուորներուն եւ մեր միւս դաշնակիցներուն հետ կ՛աշխատի ԻՊի («Իսլամական պետութեան») դէմ պայքարին մէջ»: Քոնկրեսական Շուսթըր պէտք է քարանձաւի մը մէջ թաքնուած ըլլար վերջին քանի մը տարիներուն, տեղեակ չըլլալու համար, որ «ՆԱԹՕի այս կարեւոր դաշնակիցը» կազմակերպած է ԻՊի հազարաւոր ահաբեկիչներու ներթափանցումը Սուրիա, անոնց մատակարարած է զէնք, զինամթերք ու ցուցաբերած է ռազմական աջակցութիւն: Քոնկրեսականը ծիծաղելիօրէն կը պնդէ, որ «այս (հայկական) բանաձեւին ընդունումը աղէտալի պիտի ըլլայ եւ պիտի վնասէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն»: Եթէ Թուրքիան իրօք այդպիսի լաւ դաշնակից է Ամերիկայի համար, ապա ինչու՞ պէտք է ուզէ վնասել Ամերիկայի շահերուն: Արդեօք Հոլոքոսթի առնչութեամբ որեւէ դատապարտող բանաձեւի մը ընդունումը պիտի յանգեցնէ՞ ՆԱԹՕի մեր միւս դաշնակիցին՝ Գերմանիոյ կողմէ, ԱՄՆի շահերու վնասումին Եւրոպայի մէջ:
 
Քոնկրեսական Շուսթըր իր նամակը կ՛աւարտէ՝ 1.5 միլիոն հայերու զանգուածային սպանդը ընդամէնը «միջադէպ» անուանելով եւ կոչ ընելով իր գործընկերներուն՝ «կողմ չըլլալու պատմութեան վերամեկնաբանման ճակատամարտին», եւ՝ «անգամ մը եւս մտածելու՝ մինչեւ օրէնսդրութեան ստորագրումը, որ կրնայ զգալի վնաս հասցնել մեր յարաբերութիւններուն, տարածաշրջանին մէջ»: Զարմանալի չէ, որ «Թրքական հիմնարկ՝ յառաջդիմութեան համար» կոչուածը անմիջապէս հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ ողջունելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող քոնկրեսականին նամակը։
 
Փետրուար 27ին, թրքական «Սապահ» թերթը յայտնեց, որ Ներկայացուցիչներու տան երկու անդամներ՝ Նիւ Եորքէն դեմոկրատ Իւեթ Քլարք եւ հանրապետական Լի Զելտին, նոյնպէս յայտարարած են, որ դէմ են Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին: Ուշագրաւ է, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը «F» նիշը շնորհած է քոնկրեսական Շուսթըրին, եւ «C-»՝ քոնկրեսական Քլարքին: Քոնկրեսական Զելտին տակաւին գնահատական չէ ստացած Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, քանի որ ասիկա անոր պաշտօնավարման առաջին շրջանն է:
 
Ամերիկահայերը մէկուկէս տարի ժամանակ ունին՝ մինչեւ յառաջիկայ քոնկրեսական ընտրութիւնները արդիւնաւէտ ծրագիր մը մշակելու համար, որպէսզի դաս մը տան Ցեղասպանութիւնը ժխտող այս երեք քոնկրեսականներուն: Եթէ անոնցմէ գոնէ մէկը պարտուի, ապա միւս անդամները երկար պիտի մտածեն նախքան Ցեղասպանութեան ժխտման անբարոյ խաղը խաղալը:
 
Զարմանալի չէ, որ երեքն ալ՝ Շուսթըրը, Քլարքը եւ Զելտինը, Քոնկրեսին մէջ Թուրքիոյ աջակցութեան խումբի 130 անդամներէն են: Բացի ատկէ, Շուսթըր նաեւ Քոնկրեսի մէջ Ատրպէյճանի աջակցութեան խումբի համանախագահն է: Այս երեք անսկզբունք քաղաքական գործիչներէն մէկը Քոնկրեսէն վռնտելէն ետք, հայ համայնքը պէտք է ռազմավարութիւն մշակէ հետապնդելու համար միւս բոլոր 130 անդամները այդ Թուրքիոյ աջակցութեան խումբին, որ 157 անդամ ունէր 2012 թուականին: Նման ճնշումի մը կիրառումը պիտի ստիպէ անոնց լքելու Թուրքիոյ աջակցութեան խումբը, իսկ ուրիշներուն՝ հրաժարելու անդամակցութեան մտադրութենէն, երբ հասկնան, թէ իրենք եւս դատապարտուած պիտի ըլլան պարտութեան:
 
Զերօ հանդուրժողականութիւն՝ Քոնկրեսին մէջ Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն նկատմամբ…
 
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
  -   Յօդուածներ