Սփիւռքի հայութիւնը պէտք ունի ղեկավար մարմնի մը


Սփիւռքի հայութիւնը պէտք ունի ղեկավար մարմնի մը

  • 11-01-2011 19:18:14   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Սփիւռքի հայութիւնը, որուն թիւը կը հասնի մօտաւորապէս եօթը միլիոնի, պէտք ունի ղեկավար մարմնի մը, որ ներկայացնէ եւ պաշտպանէ արտասահմանի հայութեան հաւաքական իրաւունքները: Հզօր եւ միաբան սփիւռք մը ունենալու շատ մը փորձեր կատարուած են անցեալին եւ ունեցած են մասնակի յաջողութիւններ, բայց ընդհանրապէս այսպիսի փորձեր դրական մանյուն արդիւնքներու չեն հասած, մասնակցող կազմակերպութիւններու անհամաձայնութիւններուն պատճառաւ: Իսկ յաջողութիւններն ալ եղած են ժամանակաւոր: Այսպիսի բարդ նախաձեռնութեան մը յաջողութեան համար անհրաժեշտ է ստեղծել միասնականութեան ոգին, յաղթահարելով տիրապետելու, նիւթապաշտութեան եւ փառասիրութեան յոռի այդ սովորութիւնները, որոնք դժբախտաբար արմատացած են Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան որոշ հատուածի մը նկարագիրներուն մէջ: 1991ին, երբ Հայաստան դարձաւ անկախ պետութիւն մը, արտասահմանի հայութիւնը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց այս նոր կացութիւնը եւ թիկունք կանգնեցաւ նորանկախ հայրենիքին, յուսալով որ նոր կառավարութիւնը, պետական մակարդակով, աշխուժօրէն պիտի հետապնդէ ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հայկական դատը: Միեւնոյն ատեն արտասահմանի հայութիւնը ջանաց չխառնուիլ Հայաստանի կառավարութեան վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեանց: Բայց Հայաստանի կառավարութիւններուն անցեալ քսան տարիներու գործելակերպը ցոյց տուաւ, թէ սփիւռքի հայութեան յոյսերը միայն մասամբ մը իրականացած են, իսկ փրոթոքոլներու ստորագրումէն յետոյ այդ յոյսերն ալ բոլորովին անհետացած են: Եթէ քննենք նորանկախ Հայաստանի կառավարութեան իրերայաջորդ վարչակարգերը, կրնանք եզրակացնել թէ չկան իրապաշտ տուեալներ, որոնցմով սփիւռքը կրնայ համոզուիլ, թէ յաջորդող կառավարութիւնները պիտի կարենան ցեղասպանութեան ընդունման ու Հայ Դատը պաշտպանելու աշխատանքները շարունակել: Ամփոփուած ձեւով հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնեն հայրենի կառավարութեանց գործելակերպերը. 1) Կաշառակերութիւնը մաս կազմած է եւ կը շարունակէ մաս կազմել կառավարական ամէն մակարդակի գործունէութեանց: 2) Կառավարական պաշտօններու տիրանալու համար մեծ գումարներ կը ծախսուին, այն յոյսով որ երբ ընտրուին, պիտի կարենան մեծապէս բազմապատկել իրենց եկամուտները: Այսպիսի մօտեցումներ բնաւ չեն ծառայեր պաշտօններու իսկական գործադրութեանց, որն է ծառայել ժողովուրդին: 3) Պակասը պետական մակարդակով ծրագիրներու` օգտուելու համար արտասահմանի գիտական, վարչական եւ քաղաքական փորձառութիւններէն: Հոս կրնանք աւելցնել, որ սփիւռքի նախարարութեան հիմնումը դրական քայլ մըն էր այս ուղղութեամբ: 4) Փրոթոքոլի ստորագրութեան առիթով յայտնի եղաւ, որ մեզի աննպաստ պայմաններ պարտադրուած էին Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի լուծման առնչութեամբ: Փոխանակ առարկելու եւ փոփոխութեան ենթարկելու վնասակար այս պայմանները, համաձայնագիր ստորագրուած էր եւ երբ բանակցութիւնները տեղի կ'ունենային, սփիւռքի տեսակէտները բոլորովին աննկատ մնացած էին: Նկատի առնելով այս իրականութիւնները, սփիւռքի մէջ շարժումներ ան եւ գիտաժողովներ տեղի կ'ունենան ցեղասպանութեան ճանաչումէն յետոյ առնուելիք քայլերու մասին: Այս առնչութեամբ, իբրեւ օրինակ, երկու գիտաժողովներ տեղի ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ, որոնք պիտի յիշուին այս գրութեան մէջ: Առաջին գիտաժողովը, որ տեղի ունեցաւ 2009, Մարտ ամսուան մէջ, կազմակերպուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Համագաղութային Մարմնին կողմէ ,Հայկական Ցեղասպանութիւն Ճանաչում եւ Անկէ Անդինե նիւթին շուրջ: Գիտաժողովի ընթացքին յայտնաբերուեցաւ որ. 1) Ցեղասպանութեան ընդունման աշխատանքներէն դուրս շատ քիչ գործնական ծրագիրներ մշակուած են հայկական դատին շուրջ եւ մեր մնացեալ բոլոր միւս իրաւունքները ապահովելու կապակցութեամբ: 2) Չկան համահայկական ծրագիրներ ապագայի վերաբերեալ, ուր ըլլան գլխաւոր նպատակներ եւ քայլ առ քայլ մեկնակէտեր, հասնելու համար տուեալ նպատակներուն, ինչպէս է պարագան հրէական քոնկրեսին եւ քաղաքական նպատակներ հետապնդող սիոնիզմին (zionism): Երկրորդ գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 20ին 2010-ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանին մէջ, ,Հայկական Սփիւռքի ընտրովի ղեկավարութեան եւ համաշխարհային կառոյց ստեղծելուե նիւթին շուրջ: Այս ժողովի ընթացքին շատ մը հայ եւ օտար մասնագէտներու կողմէ ներկայացուեցան եւ քննարկուեցան զանազան կարծիքներ եւ առաջարկներ յիշեալ հարցին շուրջ: Երբ նկատի առնենք վերեւ նկարագրուած տուեալները եւ Հայ Դատի համար տարուած աշխատանքները կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողմէ, սփիւռքի վերին մարմինի մը հիմնումը կը դառնայ տրամաբանական եւ հրամայական: Անշուշտ այս մարմինը պէտք է ըլլայ զուտ հայկական, հեռու որեւէ օտար ազդեցութենէ: Կը նախատեսուի թէ աւանդական երեք կուսակցութիւնները, ունենալով երկարամեայ փորձառութիւններ, մեծ դեր կրնան կատարել այս մարմնի ստեղծման մէջ: Կը նախատեսուի նաեւ թէ այս մարմինը իր հովանիին տակ պէտք է առնէ արտասահմանի մէջ գործող փոքր եւ մեծ կազմակերպութիւններու մեծամասնութիւնը: Առաջին քայլը, որ կարելի է առնել ստեղծելով յանձնախումբ մը, բաղկացած քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներէ, ֆինանսաւորման, գիտական, կրթական, բարեսիրական, օրէնսդիր կազմակերպութիւններէ, որոնք պիտի որոշեն գլխաւոր նպատակները եւ պարտականութիւնները այս մարմնին, վարչական կազմի անդամներուն հանգամանքը, պարտականութիւնները եւ ինչ միջոցներով ընտրուիլը այս կազմի անդամներուն: Հետեւեալ նշումները կը կատարենք իբրեւ այս մարմնի գործունէութիւն. 1) Պատրաստել օրինական թղթածրար մը, որ պարունակէ հայկական հարցին եւ հատուցման առնչուող բոլոր փաստաթուղթերը եւ դաշինքներ, բռնագրաւուած հայկական հողերու վայրերը եւ տարածութիւնները, գողցուած եւ յափշտակուած դրամական հարստութիւններու մօտաւոր քանակը, հայերու պատկանող կալուածներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, վանքերու եւ պատմական յուշարձաններու թիւը եւ վայրերը, ինչպէս նաեւ 1895-1923 ցեղասպանութեան եւ ջարդերու պատճառաւ զոհուած հայերու մօտաւոր թիւը եւ բնակութեանց վայրերը: 2) Երկրորդ թղթածրար մը պատրաստել Հայաստանի ներքին հարցերու վերաբերեալ, որ տեղադրութիւններ եւ լուծումներ առաջարկուին Հայաստանի կառավարութեան, ասոնց կարգին կաշառակերութեան առաջքը առնելու թէ՛ կառավարական կառոյցներուն մէջ եւ թէ ժողովուրդին ամէնօրեայ կեանքին մէջ, արտագաղթը եւ անոնց բացասական հետեւանքները կասեցնելու ուղղութեամբ արդար օրէնքներու ստեղծումը եւ անոնց կիրարկումը հաւասարապէս բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքները պաշտպանելու համար մասնաւոր դասընթացքներու ծրագրումը եւ կիրարկումը, որ մատղաշ սերունդը դաստիարակուի եւ դառնայ հայրենասէր, տեղեակ հայրենի աւանդութեանց եւ կապուած մնայ հայրենի հողին, դառնալով գիտակից եւ պատասխանատու քաղաքացիներ, ստեղծումովը դիւրութիւններու եւ միջոցներու, որ երիտասարդ ընտանիքներ դառնան բազմազաւակ: Այս կարեւոր նպատակները յաջողցնելու համար վերին մարմինը պէտք պիտի ունենայ շատ մը յանձնախումբերու եւ բաւարար դրամական եկամուտներու: Կը նախատեսուի կազմութիւնը հետեւեալ ենթայանձնախումբերու` ֆինանսաւորման, մտաւորականներու (Think Tank), մարդկային յարաբերութեանց (Public Relations), քաղաքական հարցերու եւ ապահովութեան, պատմաբաններու, կրթական եւ կրօնական հարցերու, գիտնականներու եւ ճարտարագէտներու եւ այլ յանձնախումբերու: Հայաստանի կառավարութեան հետ հաղորդակցութիւնը եւ իրար հասկացողութեան գործը դիւրացնելու համար, շատ ցանկալի է որ սփիւռքը ունենայ շատ մը ներկայացուցիչներ տարբեր կառավարական մարմիններու մէջ, եւ մասնաւորաբար` սփիւռքի նախարարութեան մէջ: Յստակ պէտք է ըլլայ որ այսպիսի բարդ ծրագիր մը յաջողցնելու համար, պէտքը պիտի ըլլայ քաղաքական հասունութեան եւ ճկունութեան, նուիրուածութեան եւ յարատեւութեան, որ կարելի ըլլայ յաղթահարել բոլոր մարտահրաւէրներ: Հայրենիքը իր ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ պէտք ունի արտասահմանի հայութեան հաւաքական եւ անշահախնդիր նեցուկին, որ միայն կարելի կ'ըլլայ միասնականութեամբ ստեղծուելիք այս վերին մարմնին միջոցաւ բերուելիք նպաստներուն: ՅԱԿՈԲ ՆԱԶԱՐԵԱՆ Ռամկավար Մամուլ Յունուար 11, 2011 Լոս Անճելըս
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը