2010ին Հայաստանէն աւելի քիչ թիւով զբօսաշրջիկներ այցելած են Անթալիա


2010ին Հայաստանէն աւելի քիչ թիւով զբօսաշրջիկներ այցելած են Անթալիա

  • 10-01-2011 18:32:49   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Անատոլու գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ 2009ի բաղդատմամբ 2010ին Հայաստանէն, Իսրայէլէն, Լիթուանիայէն, Իտալիայէն եւ Սպանիայէն աւելի քիչ թիւով զբօսաշրջիկներ այցելած են Անթալիա։ Ըստ տեղւոյն նահանգապետարանին, 2010ին Անթալիա ժամանած է 9 միլիոն 760 հազար զբօսաշրջիկ, որոնց միջեւ մեծամասնութիւն կը կազմեն գերմանները, ռուսերը, հոլանտացիներն ու ուքրանացիները։ Զգալի համեմատութեամբ աւելցած են Զուիցերիայէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն, Աւստրալիայէն Լեհաստանէն, Սպիտակ Ռուսիայէն եւ յատկապէս Իրանէն ժամանած զբօսաշրջիկները։ Հակառակ ասոր, պակսած են հայաստանցի, հրեայ, լիթուանացի, իտալացի եւ սպանացի զբօսաշրջիկներու այցելութիւնները։ Վերջին քանի մը տարիներու բաղդատմամբ լուրջ անկում կը նկատուի մանաւանդ հրեայ զբօսաշրջիկներու այցելութիւններու մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը