ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԶԱԳԳԱ Ա. ԻՈՒԱՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔԸ


ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԶԱԳԳԱ Ա. ԻՈՒԱՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔԸ

  • 05-01-2011 16:41:33   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Չորեքշաբթի 5 Յունուար 2011-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Ն.Ա. Զագգա Ա. Իուաս, Պատրիարք ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ, միասնաբար յատուկ յայտարարութեան մը ճամբով եւ ղպտի եկեղեցւոյ Պատրիարք Շնուտա Գ.-ին ուղղուած նամակով, խստօրէն դատապարտեցին Աղեքսանդրիոյ մէջ ղպտի եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ահաբեկչութիւնը, որուն զոհ գացին 21 մեռեալ եւ աւեի քան 100 վիրաւոր: Հոգեւոր պետերը այս առիթով նաեւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ղպտի ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ այս օրերուն մանաւանդ, երբ ան կը գտնուի լուրջ դժուարութիւններու դիմաց: Յայտնենք, որ երկու օրեր առաջ Վեհափառ Հայրապետը առանձնաբար Շնուտա Պատրիարքին ուղղուած նամակով դատապարտած էր յիշեալ ահաբեկչութիւնը: Նաեւ յայտնենք, որ երէկ առաւօտ, յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու Զագգա Ա. Պատրիարքին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան ու Ժորժ Սալիպա Արքեպիսկոպոս միասնաբար այցելութիւն մը տուին Լիբանանի մէջ Ղպտի եկեղեցւոյ համայնքի հոգեւոր պետին եւ իրենց ցաւակցութիւնը ու զօրակցութիւնը յայտնեցին:
  -   Մամլո հաղորդագրություն