Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իտալիայէն ժամանած թղթակիցներու


Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իտալիայէն ժամանած թղթակիցներու

  • 01-01-2011 09:27:28   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Հինգշաբթի 30 Դեկտեմբեր 2010-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իտալիայէն ժամանած թղթակիցներու, համալսարանական դասախօսներու եւ հասարակական զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած աւելի քան երերսուն հոգիներ հաշուող խումբ մը: Պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրնհերուն ու դժուարութիւններուն: Վեհափառ Հայրապետին հետ յիշեալ խումբին ունեցած հարցազրոյցը շօշափեց շարք մը նիւթեր ու բնագաւառներ՝ առնչուած Լիբանանի, Միջին Արեւելքի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, միջ-կրօնական երկխօսութեան եւ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող տագնապներուն: Մեկնելով Լիբանանի ներկայ կացութենէն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ թէ՝ «անհրաժեշտ է իրապաշտ մօտեցում ունենալ Լիբանանի պատմութեան ներկայ հանգրուանին առնչուած հարցերուն: Լիբանանի մէջ կրօնական բնոյթ ունեցող հարցեր գոյութիւն չունին: Լիբանանը իր էութեամբ ու արտայայտութեան զանազան կերպերով իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան երկիր է եւ սա եզակի երեւոյթ մըն է ներկայ աշխարհին մէջ: Լիբանանը համայքներու ամբողջութիւն մըն է: Երբ փոքր ընտանիքին մէջ ներքին զգայնութիւններ ու տարբերութիւններ կրնան ըլլալ, Լիբանանեան մեծ ընտանիքին մէջ յիշեալ երեւոյթը բնական է: Քաղաքական կեանքին առնչուած տարբերութիւններ կան ու կրնան ըլլալ. սակայն այդ տարբերութիւնները պէտք չէ վերածուին թշնամական վերաբերումներու. անհրաժեշտ է յարգել իրարու տարբերութիւնները եւ այդ բոլորէն վեր՝ անհրաժեշտ է պահել Լիբանանի միասնականութիւնը ու բարելաւել անոր տնտեսութիւնը»: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ համայնքի դերակատարութեան, յիշեցնելով, որ «հայ համայնքը Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկն է. ան իր գործօն ու դրական մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի համայնական կեանքին: Լիբանանի հայութիւնը բոլոր կողմերուն ու համայնքներուն հետ շինիչ գործակցութիւն ունի միշտ մեկնելով Լիբանանի գերագոյն շահերէն»: Արամ Ա. Կաթողիկոս, միշտ իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով, լայնօրէն անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններուն: Առաջին հերթին , որպէս նախագահ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր անկնարկով մը մատնանշեց յիշեալ խորհուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները, շեշտելով միաժամանակ անոր վերակառուցման հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գործօն ներկայութիւն է միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական շարժումին մէջ: «Մենք կը հաւատանք, որ ներկայ աշխարհին մէջ եկեղեցիներ պէտք է մեկդի թողուն իրենց ունեցած աստուածաբանական, դաւանաբանական կամ վարչական տարբերութիւնները եւ գործակցութեան ճամբով միասնաբար դիմագրաւեն ընկերութեան տագնապները: Մենք նաեւ կը հաւատանք, որ աշխարհի բոլոր կրօնները անհրաժեշտ է որ իրենց ունեցած հարսարակաց արժէքներու, ուսուցումներու ու մօտեցումներու հիման վրայ զարգացնեն այնպիսի գործակցութիւն, որով կարելի դառնայ ներկայ աշխարհը հեռու պահել ընկերային ու բարոյական տագնապներէ ու չարիքներէ»: Խօսելով Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան մասին, Վեհափառը շեշտեց իրապաշտ մօտեցման անհրաժեշտութիւնը: «Ճի՛շդ է, երբեմն քրիստոնեայ շրջանակներուն դէմ որոշ բռնարարքներ կը կատարուին Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներէն ներս,: Նաեւ ճի՛շդ է, երբեմն որոշ լարուածութիւն մը կը յառաջանայ քրիստոնեայ եւ այլ համայնքներուն միջեւ: Սակայն ճիշդ չէ՛ այնպէս մեկնաբանել որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դէմ կազմակերպուած հալածանք մը գոյութիւն ունի: Կարգ մը ծայրայեղ տարրերու կողմէ կատարուող նման բռնարարքները առաջին հերթին կը դատապարտուին նոյնինքն իսլամ կրօնական թէ քաղաքական, համայնքային թէ պետական կառոյցներու ու պատասխանատուներու կողմէ: Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքին կը պատկանի. ան ծնունդ է Միջին Արեւելքին. երկար դարեր ան գոյակցած է շրջանի ազգերուն, մշակոյթներուն ու յարափոփոխ քաղաքական կառոյցներուն հետ եւ պիտի շարունակէ այդպէս ըլլալ: Աւետարանի պատգամը դարձած է Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան կեանքի ուղեցոյցը՝ 'մի՛ վախնար բայց միայն հաւատա՛': Այդ հաւատքով քրիստոնութիւնը պիտի շարունակէ ո՛չ միայն գոյատեւել, այլ նաեւ իր վկայութիւնը շարունակել Միջին Արեւելքէն ներս»: Հարցումի մը պատասխանելով, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Միջին Արեւելքէն ներս ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու հրամայականը: Ան ըսաւ. «կեղծ տուեալներով, բռնազբօս միջոցառումներով եւ պարտադրեալ մօտեցումներով խաղաղութիւն կարելի չէ հաստատել: Իրաւ ու մնայուն խաղաղութիւն կարելի է հաստատել միայն արդարութեան վրայ: Իրաւազրկուած ժողովուրդ մը կայ Միջին Արեւելքէն ներս եւ իրաւազրկող կողմ մը կայ. Իսրայէլը պէտք է ճանչնայ պաղեստինցի ժողովուրդին ինքնորոշման արդար իրաւունքը»: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ հայկական ցեղասպանութեան, Հայ Դատի գծով տարւող աշխատանքներուն եւ այդ ծիրէն ներս հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, կարեւորութեամբ ընդգծելով, թէ՝ «մարդկային իրաւունքները թուղթի վրայ արձանագրուած գեղեցիկ բանաձեւներ պէտք չէ մնան. անոնք պէտք է գործադրուին կեանքի մէջ բոլոր պետութիւններու կողմէ: Հայ ժողովուրդին դէմ անարդարութիւն մը գործուած է. Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է. ոչ ոք կրնայ ուրանալ զայն: Արդ, Թուրքիան պարտաւոր է ճանչնալու իր պապերուն կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ: Ինչո՞ւ հայ ժողովուրդը այսօր ցրուած է աշխարհի բոլոր կողմերը: Ինչո՞ւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր պատմական դարաւոր կայքէն, Կիլիկիայէն հեռու է. կարելի է այս ինչուներու շարքը շարունակել: Երբ Թուրքիա այցելէք հաճեցէք այս հարցումներու ուղղել թուրք պատասխանատուներուն: Մեզի համար, եւ ողջ աշխարհին համար, յստակ է 1915-ին տեղի ունեցած պետական մաշտապով կազմակերպուած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ: Մեր ժողովուրդին անունով Մենք արդարութիւն ու հատուցում կը պահանջենք Թուրքիայէն» եզրակացուց Վեհափառ Հայրապետը: Վեհափառ Հայրապետին հետ ունեցած երկար հարցազրոյցէն յետոյ, իտալացի խումբը այցելեց Կաթողիկոսարանի թանգարանը ու նահատակաց յուշարձանը:
  -   Մամլո հաղորդագրություն