Լիպէրման «ամբարտաւանութենէն ալ աւելին» նկատեց ներողութիւն խնդրելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ պահանջը


Լիպէրման «ամբարտաւանութենէն ալ աւելին» նկատեց ներողութիւն խնդրելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ պահանջը

  • 28-12-2010 17:47:51   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Մինչ Թուրքիա կը սպասէ որ Իսրայէլ ներողութիւն խնդրէ «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ գործուած յարձակումին համար, Իսրայէլէն ալ կը բարձրանան կարծր եւ կրքոտ ձայներ, որոնք բոլորովին կը սրեն երկու երկիրներու միջեւ առկայ հակամարտութիւնը։ Այս անգամ այդ ձայնը եկաւ Իսրայէլի Արտաքին Նախարար Լիպէրմանէն, որ «ամբարտաւանութենէն ալ աւելին» նկատեց ներողութիւն խնդրելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ պահանջը։ Լիպէրման ըսաւ որ Իսրայէլ անտարակոյս ներողութիւն պիտի չխնդրէ։ Նախարարը բաւական կոշտ արտայայտութիւններով ստախօս որակեց նաեւ Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողանը եւ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլուն։ Իսրայէլի Արտաքին Նախարարի այս ոչ-դիւանագիտական արտայայտութիւններուն փոխադարձութիւն եկաւ Թուրքիայէ ալ առաջ, Իսրայէլէն։ Իսրայէլի ղեկավար դէմքեր սխալ գտան Լիպէրմանի այս անշրջահայեաց եւ անբարեկիրթ ելոյթը։ Պաշտպանութեան Նախարար Էհուտ Պարաք ստիպուեցաւ ըսել որ Արտաքին Նախարարին խօսքերը իր անձնական տեսակէտները կը պարզեն պարզապէս։ Ընդդիմադիր մայր կուսակցութեան ղեկավար Ցիփի Լիվնի եւս քննադատեց Լիպէրմանը եւ ըսաւ որ ասիկա լուրջ հարց կը ստեղծէ։ Ան դիտել տուաւ որ թերեւս Լիպէրման իր խելքը թռցուցած է։ Այսպիսի անբարեկիրթ եւ անշրջահայեաց խօսակցութիւն ընդունելի չէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը