Էրտողան նամազի համար իր ինքնաշարժով մզկիթ տարաւ երեք Նախագահներ<br />


Էրտողան նամազի համար իր ինքնաշարժով մզկիթ տարաւ երեք Նախագահներ

  • 27-12-2010 16:57:21   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա «Ագշամ» 25 Դեկտեմբերի իր թիւով հաղորդեց ուշագրաւ լուր մը, ըստ որու, Թուրքիոյ անվտանգութեան մարմինները անձկալից պահեր ապրեցան երբ 24 Դեկտեմբերին, Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողան Ուրբաթի նամազի համար իր ինքնաշարժով մզկիթ տարաւ երեք Նախագահներ։ Այսպէս Չըրաղան պալատի մէջ նախ եռակողմ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Թուրքիոյ, Աֆղանստանի եւ Փաքիստանի Նախագահներու մասնակցութեամբ, իսկ յետոյ Վարչապետ Էրտողան իր ինքնաշարժով զանոնք առաջնորդած էր դէպի մզկիթ՝ ուրբաթօրեայ նամազի համար։ Ըստ թերթին, անվտանգութեան ուժերն ու Նախագահներու թիկնապահները շունչը բռնած, սպասած էին իրադարձութիւններու բարեյաջող աւարտին։ Ապահովութեան մարմինները նշեցին թէ բաւական կոպիտ խախտում մը տեղի ունեցած է, երբ ինքնաշարժի մը մէջ նստած են չորս առաջնորդներ։ Էրտողան ինքնաշարժը վարած էր, Կիւլ նստած էր անոր կողքին, իսկ Աֆղանստանի ու Փաքիստանի առաջնորդները՝ ետեւի նստատեղիներու վրայ։ Հետաքրքրական է որ վերադարձի ճամբուն ալ Նախագահ Կիւլ վարած է ինքնաշարժը։ Ապահովութեան ուժերը կը մատնանշեն կարեւոր իրողութիւն մը. «Յայտնի է որ «Էրկէնէքոն» մահափորձ մը նախատեսած էր Էրտողանի դէմ, իսկ Աֆղանստանի ու Փաքիստանի Նախագահնեը ներառնուած են Էլ Գաիտէի մահուան դատապարտուած անձերու ցանկին մէջ։ Բացի ատկէ ինքնաշարժը կը վարէր ոչ-արհեստավարժ անձ մը, այս պարագային Նախագահ Կիւլ եւ Վարչապետ Էրտողան, որոնք ահաբեկչական յարձակումի մը պարագային, չէին կրնար տիրապետել անվտանգութեան անհրաժեշտ քայլերուն»։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը