Ապտուլլահ Կիւլ կոչ ուղղեց որպէսզի Հայաստան իր ուժերը հեռացնէ Ատրպէյճանի «գրաւեալ տարածք»ներէն


Ապտուլլահ Կիւլ կոչ ուղղեց որպէսզի Հայաստան իր ուժերը հեռացնէ Ատրպէյճանի «գրաւեալ տարածք»ներէն

  • 24-12-2010 17:55:00   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ, Անգարայի մէջ կայացաւ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովը, որու ընթացքին Թուրքիոյ Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կոչ ուղղեց որպէսզի Հայաստան իր ուժերը հեռացնէ Ատրպէյճանի »գրաւեալ տարածք«ներէն եւ միաժամանակ աւելցուց թէ Թուրքիա իր կարելին պիտի ընէ Ղարապաղեան տագնապին լուծում մը գտնելու համար։ Իր կարգին, Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարը պատասխանելով Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլներու մասին հարցումի մը, ըսաւ որ անոնց նպատակն է բարելաւել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, սակայն նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կովկասին խաղաղութիւն բերելը։ այս գործընթացը պիտի շարունակուի մինչեւ որ Կովկասի ժողովուրդները յարգեն զիրար եւ խաղաղութիւն հաստատեն։ »Պիտի շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ Կովկասի մէջ խաղաղութեան գործընթացին«, ըսաւ Տավուտօղլու եւ յայտնեց թէ Թուրքիան կ’ուզէ Ղարապաղեան տագնապի լուծումը տեսնել՝ միջազգային օրէնքի հիման վրայ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը