Իլհամ Ալիյեւ հանդիպումներ ունեցաւ Ապտուլլահ Կիւլի եւ Տավուտօղլուի հետ


Իլհամ Ալիյեւ հանդիպումներ ունեցաւ Ապտուլլահ Կիւլի եւ Տավուտօղլուի հետ

  • 24-12-2010 17:50:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիյեւ որ Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջագծով Իսթանպուլ կը գտնուի, երէկ քաղաքիս մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ապտուլլահ Կիւլի եւ Տավուտօղլուի հետ։ Ալիյեւ եւ Կիւլ հանդիպումը գլուխ գլխի էր եւ 45 վայրկեան տեւողութեամբ այս հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արտաքին Նախարար Տավուտօղլու։ Միւս կողմէ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի Արտաքին Նախարարները քաղաքիս մէջ գումարեցին ժողով մը, իսկ յետոյ հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը այն մասին թէ քննարկուած են պատմական, մշակութային, տնտեսական ու բարեկամական յարաբերութիւններ, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային ու միջազգային բեմահարթակներու վրայ խաղաղութիւն հաստատելու հարցը, զէնքի, թմրեցուցիչի եւ մարդոց մաքսանենգութեան դէմ պայքարը եւ երկարատեւ տագնապները տարածքային ամբողջականութեան ծիրէն ներս լուծելու հարցը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը