ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Թուրքիոյ Դեսպանի Ետկանչը Լայնօրէն Տարածեց Հռոմի Պապին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հաստատումը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Թուրքիոյ Դեսպանի Ետկանչը Լայնօրէն Տարածեց Հռոմի Պապին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հաստատումը

  • 17-04-2015 12:14:17   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Հաշուի առնելով Ֆրանչիսկոս պապի անկեղծութիւնը` զարմանալի չէր, որ ան բացայայտօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Ապրիլ 12-ին մատուցած պատարագին ժամանակ:
Միակ մարդը, որ լրիւ անտեղեակ էր Պապի իրական մտադրութիւններուն մասին, Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմետ Փաչաճին էր, որ երկու շաբաթ առաջ յոխորտալով հաղորդած էր թրքական մամուլին, թէ ինքը համոզած է Հռոմի պապը` մերժել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով բոլոր հայկական խնդրանքները:
Թուրք դեսպանը յայտարարեց, թէ ինք յաջողած էր.
–       Չեղեալ համարել Հռոմի պապին այցը Երեւան Ապրիլ 24-ին.
–       Համոզել Պապը Ապրիլ 24-ին պատարագ չմատուցել Վատիկանի մէջ.
–       Ջնջել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը Պապի ուղերձէն Վատիկանի մէջ Ապրիլ 12-ին մատուցուող պատարագին ժամանակ:
 
Թրքական եւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները դեսպան Փաչաճիի պնդումները ներկայացուցին իբրեւ խոշոր յաղթանակ թրքական դիւանագիտութեան եւ ջախջախիչ պարտութիւն հայերու համար:
 
Դեսպան Փաչաճիի կեղծ պնդումները պարզապէս նախատեսուած էին Անգարայի մէջ իր վերադասին առջեւ անորա «լաւ աշխատանք»-ին մասին տպաւորութիւն ստեղծելու համար: Ճշմարտութիւնը այն է, որ Հռոմի պապը ոչ նախատեսած էր այցելել Երեւան Ապրիլ 24-ին, ոչ ալ այդ օրը պատարագ մատուցել Վատիկանի մէջ: Թուրքիոյ դեսպանի երրորդ պնդումը, թէ Պապը իր Ապրիլ 12-ի ուղերձին մէջ չ՝օգտագործեր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը, այլ միայն «աղօթքներ պիտի բարձրացնէ բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին 1915-ի ողբերգական իրադարձութիւններուն ժամանակ», եւս կեղծ դուրս եկաւ:
Հակառակ դեսպան Փաչաճիի իսկական եւ երեւակայական ճնշումներուն` Հռոմի պապը բացայայտ եւ երկարաշունչ յիշատակում ըրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ապրիլ 12-ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, որ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի հեռատեսիլներով, ձայնասփիւռներով, թերթերով եւ համացանցով: Պատարագին
ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ կաթողիկոս, Արամ Ա կաթողիկոս, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Ներսէս Պետրոս 19-րդ եւ հազարաւոր հաւատացեալներ տասնեակ երկիրներէ:
Ահա որոշ հատուածներ Հռոմի պապի ուղերձէն.
«Անցեալ դարուն մարդկային մեր ընտանիքը վերապրած է զանգուածային եւ աննախադէպ երեք ողբերգութիւն: Անոնցմէ առաջինը, որ լայնօրէն յայտնի է իբրեւ «XX դարու առաջին ցեղասպանութիւն», խոցեց ձեր հայ ժողովուրդը` առաջին քրիստոնեայ ազգը, ինչպէս նաեւ կաթոլիկ եւ ուղղափառ սուրիացիները, ասորիները, քաղդէացիները եւ յոյները: Այդ սպանդին զոհ գացին եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, հաւատացեալ կանայք եւ տղամարդիկ, ծերեր եւ նոյնիսկ անպաշտպան փոքրիկներ ու հիւանդներ: Միւս երկու ողբերգութիւնները իրականացած են նացիզմի եւ ստալինիզմի կողմէն: Եւ, բոլորովին վերջերս, տեղի ունեցան այլ զանգուածային սպանութիւններ, ինչպէս օրինակ Քամպոճայի, Ռուանտայի, Պուրունտիի եւ Պոսնիայի մէջ: Կը թուի, թէ մարդկութիւնը անկարող է վերջ դնել անմեղ արեան թափուելուն…. Սիրելի հայ քրիստոնեաներ, այսօր ցաւով լեցուած մեր սիրտերը միաժամանակ յուսառատ են Աստուծոյ յարութեամբ, եւ մենք այսօր կ՝ոգեկոչենք այդ ողբերգական իրադարձութեան, այդ անսահման ու անիմաստ կոտորածի 100-րդ տարելիցը, որուն դաժանութիւնը ձեր նախնիները ստիպուած եղան կրել: Անհրաժեշտ է, եւ յիրաւի մեր պարտքն է յարգել անոնց յիշատակը, քանի որ երբ յիշողութիւնը կը մարի, կը նշանակէ, որ չարը թոյլ կու տայ, որ այդ վէրքերը բորբոքին: Չարիքը թաքցնելը կամ զայն ժխտելը նոյնն է` թոյլ տալ, որ վէրքը արիւնահոսի առանց զայն վիրակապելու»:
Արժանթինի մէջ իբրեւ քարտինալ Ֆրանչիսկոս պապը բազմիցս խօսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ երեք յիշատակում ներառած այդ հարցով իր «Երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ» (2010 թ.) գիրքին մէջ: 2013 թ. Յունիս 3-ին, շատ չանցած իր ընտրութենէն, Ֆրանչիսկոս պապը Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնութագրեց իբրեւ «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»:
Վատիկանը հայերու զանգուածային սպանութիւններուն առաջին անգամ անդրադարձած էր 1915 թ. Սեպտեմբեր 10-ին, երբ Պենետիքթոս 15-րդ պապը նամակով դիմած էր սուլթան Մեհմետ 5-րդին` պահանջելով դադրեցնել անմեղ հայերու ջարդերը: Երկու անգամ` 2000 թ. Նոյեմբեր 9-ին եւ 2001 թ. Սեպտեմբեր 27-ին, Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ պապը եւ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, հանդէս եկան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող համատեղ յայտարարութիւններով:
Զարմանալի չէր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը շատ խիստ արձագանգեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Հռոմի պապի յիշատակման եւ անմիջապէս ետ կանչեց իր դեսպանը Վատիկանէն: Դեսպան Փաչաճին այժմ հնարաւոր է պաշտօնազրկուի՝ կեղծ պնդումներ ընելուն համար, թէ իբր ինքը յաջողած էր լռեցնել Հռոմի պապը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով: Մինչդեռ, թրքական կառավարութեան չափազանց բուռն արձագանգը եւ Հռոմի պապի` իր ուղերձին համար ներողութիւն խնդրելու մերժումը, միջազգային խորագրեր ստեղծեցին ամբողջ աշխարհի հեռատեսիլի ալիքներուն, կայքերուն եւ թերթերուն մէջ:
Շատոնց ծրագրուած թրքական ջանքերը` խոչընդոտելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, խեղդուեցան լրատուամիջոցներու մեծ ուշադրութեան յորձանուտին մէջ` կապուած Քարտաշեաններու առաջին այցով Հայաստան եւ Հռոմի պապի Հայոց Ցեղասպանութեան խիզախ վերահաստատումով՝ նոյնինքն Ապրիլ 24-էն առաջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր  
 
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը 
 
  -   Յօդուածներ