Յարութ Սասունեան. Էրտողան Դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լաւագոյն Հրապարակախօսը


Յարութ Սասունեան. Էրտողան Դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լաւագոյն Հրապարակախօսը

  • 27-04-2015 14:30:18   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Վերջին տարիներուն, երբ աշխարհասփիւռ հայերը սկսան ծրագրել Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումը, անոնք երկու հիմնական մտահոգութիւն ունէին` ինչպիսի՞ միջոցառումներ ձեռնարկել, որոնք առաւելագոյնս պատշաճ ըլլան այս մեծաշուք առիթին, եւ ինչպէ՞ս թաքցնել իրենց ծրագիրները թրքական կառավարութենէն, որպէսզի ան չկարենայ խափանել կամ ձախողել զանոնք:
Մենք չէինք գիտեր, որ թուրք ղեկավարները ի վերջոյ ակամայ պիտի դառնան մեր լաւագոյն «դաշնակիցները», եւ հարիւրամեակի ծրագիրները ձախողելու փոխարէն այնպիսի անհեթեթ յայտարարութիւններ պիտի ընեն, որ ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի պրոպականդեն Հայոց ցեղասպանութիւնը` գերազանցելով մեր բոլոր ակնկալիքները:
Որեւէ հոլիուտեան սենարիստ չէր կրնար աւելի լաւ գործ ընել, քան Էրտողանը որպէս վարչապետ, իսկ այնուհետեւ` նախագահ` ապահովելով աշխարհի մէջ ամենամեծ հնարաւոր լսարանը 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման համար:
Հարիւրամեակի տարեսկիզբէն շատ առաջ Էրտողան պարարտ հող պատրաստեց իր տարօրինակ յայտարարութիւններով` փչացնելով իր եւ իր երկրի հեղինակութիւնը. ան յայտարարեց, որ մահմետականները յայտնաբերած են Ամերիկան Քոլումպոսէն առաջ. որ մահմետականներու համար անհնար էր ցեղասպանութիւն գործելը. եւ ըսաւ հեռուստահաղորդավար Չառլի Ռոզին, թէ քանի որ Սթամպուլի մէջ դեռ հայեր կան, ապա հնարաւոր չէր, որ ցեղասպանութիւն եղած ըլլար:
Այնուհետեւ Էրտողան փակեց «Եութուպ»-ն ու «Թուիթըր»-ը, քանի որ անոնց բովանդակութենէն որոշ բաներէ չեր ախորժեր. ձերբակալեց պատանի ուսանող մը շարադրութիւն գրելուն համար, որ չէր արժանացած ժամանակակից սուլթանի հաւանութեան. բանտարկեց լրագրողներ եւ ծաղրանկարիչներ իր քաղաքականութիւնը քննադատելուն համար. հետապնդեց մահմետականներու կրօնական առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետեւորդները եւ բարձրաստիճան զինուորականներ`Նորին մեծութեան դէմ անոնց կազմակերպած դաւադրութեան պատրուակով. հրամայեց կրակել խաղաղ ցուցարարներու վրայ Սթամպուլի Կեզի զբօսայգիին մէջ. եւ գաղտնալսուած հեռախօսազրոյցին մէջ յանձնարարեց որդիին, թէ ինչպէս ծածկել տասնեակ միլիոնաւոր կանխիկ տոլարները…
Էրտողան իր կոշտ յայտարարութիւններով եւ կոպիտ պոռթկումներով կրցաւ թշնամացնել բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, որոնց հետ կը գործակցէր, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Գերմանիան, Իրանը, Իրաքը, Եգիպտոսը, Յունաստանը, Ռուսիան եւ Սուրիան: Ըստ էութեան, ան իր «զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» արտաքին քաղաքականութիւնը վերածեց` «զերօ հարեւաններ` առանց խնդիրներու»…
Այս տարեսկիզբին` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, Էրտողան հասաւ իր գործունէութեան գագաթնակէտին: Ան «փայլուն» միտք յղացաւ Կալիփոլիի տօնակատարութեան օրը տեղափոխել Ապրիլ 24-ին, եւ աւելի քան 100 երկիրներու ղեկավարներ հրաւիրելով Թուրքիա` համայն աշխարհի ուշադրութիւնը շեղել այդ նոյն օրը Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններէն: Թուրքիոյ նախագահը փորձեց վերաշարադրել պատմութիւնը` մեղադրելով Հայաստանը Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ամսաթիւը Ապրիլ 24-ին փոխելուն համար…
Նման մանկամիտ խորամանկութիւնները չէին կրնար վրիպիլ միջազգային հանրութեան ուշադրութենէն: Էրտողանի կեղտոտ հնարքները բացայայտող բազում յօդուածներ գրուեցան: Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւնները ձախողելու փոխարէն թուրք ղեկավարները յաջողեցան պրոպականտել Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը` նախքան հայերուն կողմէ որեւէ ձեռնարկ կազմակերպելը…
Իսկ յետոյ եկաւ Հռոմի Ֆրանսիս պապի Ապրիլ 12-ի յիշարժան քարոզը` մեղադրելով Թուրքիան  հայ ժողովուրդին դէմ «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը» գործելուն համար… Ի պատասխան` Էրտողան ետ կանչեց Թուրքիոյ դեսպանը Վատիկանէն, իսկ յետոյ, սովորաբար իր սառն դատող վարչապետ Տաւութօղլուի եւ թուրք պետական պաշտօնեաներու ամբողջ անձնակազմին հետ միասին սկսաւ վիրաւորել Հռոմի պապը, Կաթոլիկ եկեղեցին, եւ նոյնիսկ Պապի ծննդավայր Արժանթինը… Այսպիսով, քանի մը օրուան ընթացքին Թուրքիոյ ղեկավարները կրցաւ իրենց դէմ հանել աւելի քան մէկ միլիառ կաթոլիկներ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Էրտողան զգուշացուց Հռոմի պապը, որ լրացուցիչ գործողութիւններ պիտի ձեռնարկէ ընդդէմ Կաթոլիկ եկեղեցիին` նկատի ունենալով, որ կրնայ Սթամպուլի հին յունական Սուրբ Սոֆիա տաճարը վերածել մզկիթի: Եթէ ան երթայ նման ծայրայեղ քայլի, ապա Թուրքիոյ դէմ պիտի հանէ մնացած քրիստոնեայ աշխարհը:
Հռոմի պապին պատմական քարոզէն քանի մը օր ետք Եւրոխորհրդարանը դարձեալ բանաձեւ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ: Այդ ընթացքին, Էրտողան կը շարունակէր իր հակաեւրոպական եւ հակաքրիստոնէական խիստ քննադատութիւնը` մեղադրելով եւրոպացիները հակաթրքական եւ հակաիսլամական կեցուածքի համար: Բնականաբար, եւրոպացիներուն մօտ հարց յառաջացաւ, թէ ինչպէս կրնայ նման խելագար ղեկավարը երբեւէ միանալ եւրոպական ընտանիքին…
Հազարաւոր թերթեր, հեռուստաընկերութիւններ եւ կայքէջեր կը հաղորդէին թուրք ղեկավարներու կատաղի արձագանգին մասին եւ կը քննադատէին անոնց կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած էր հայերուն վրայ` Քարտաշեաններուն Հայաստան կատարած այցին, Հռոմի պապի ուշագրաւ քարոզին եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին լայնօրէն լուսաբանման շնորհիւ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին հայերը չէին կրնար հասնիլ նման լայն  հրապարակայնութեան, եթէ նոյնիսկ մէկ միլիառ տոլար ծախսէին եւ 100 ծանուցման ընկերութիւն վարձէին …
 
 
Յարութ Սասունեան
“Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
 
  -   Յօդուածներ