Վարչապետ Էրտողան Օպամային յիշեցուց Նոպէլի Խաղաղութեան մրցանակի մասին


Վարչապետ Էրտողան Օպամային յիշեցուց Նոպէլի Խաղաղութեան մրցանակի մասին

  • 22-12-2010 19:01:08   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա «Հայոց ցեղասպանութեան» մասին պնդումները որոնք ամէն տարի պարբերաբար օրակարգի կը բերուին սա կամ նա երկրի օրէնսդիր մարմիններու կողմէ, Դամոկլեան սուրի նման կը ճօճուին Թուրքիոյ գլխուն վրայ եւ արտաքին քաղաքականութեան մարզէն ներս դժուարութիւններ կը յարուցանեն իշխանութիւններու առջեւ։ Ընդհանրապէս այդ պնդումները խնդրոյ առարկայ կը դառնան Ապրիլին, երբ հայեր՝ աշխարհի չորս անկիւններէն ներս 24 Ապրիլի առթիւ ոգեկոչման ձեռնարկներ կը սարքեն ու անգամ մը եւս լսելի կը դարձնեն անցեալ դարասկզբին պատահած ողբերգութիւնը։ Նոյնը պատահեցաւ այս տարի եւ Ապրիլի առաջին օրերուն, Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը քննարկութեան դրաւ թիւ 252 բանաձեւը եւ զայն ընդունելով, ղրկեց Ներկայացուցիչներու Տուն՝ քուէարկութեան համար։ Բայց, Թուրքիոյ ղեկավարութեան դիւանագիտական ճիգերուն շնորհիւ բանաձեւը այդպէս ալ մնաց գզրոցի մէջ, առանց քուէարկուելու։ Միայն անցեալ Ուրբաթ, երբ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տունէն հաղորդուեցաւ որ հայկական բանաձեւը կրնայ առնուիլ նիստերու օրակարգին վրայ, քաղաքական խաղը նորէն սկսաւ ու մէկ կողմէ հայկական լոպիի ճնշումներու եւ միւս կողմէ թուրք իշխանութիւններու դիւանագիտական պայքարի թատերաբեմ դարձաւ, անձկալից սպասման մէջ դնելով թրքական շրջանակները։ Երէկ Ներկայացուցիչներու Տունը իր վերջին նիստը գումարեց եւ հնգօրեայ դիւանագիտական ճիգերն ու կոչերը իրենց արդիւնքը տուին։ Հայկական բանաձեւը օրակարգի չբերուեցաւ։ Քուէարկութեան դրուեցան միայն ներքին օրէնսդրութեան վերաբերող նախագիծեր եւ տրուած ըլլալով որ անոնց թիւը շատ բարձր էր, լրացուցիչ նիստ մըն ալ այսօր պիտի գումարուի Ս. Ծննդեան տօներէն առաջ։ Դոյզն իսկ հաւանականութեամբ, բանաձեւը կրնայ վերջին վայրկեանին քուէարկուիլ եւ այդ ուղղութեամբ երկու այլընտրանքներ գոյութիւն ունին։ Ըստ առաջինին, Կանոններու կոմիտէն, որ կ’որոշէ Գլխաւոր Խորհուրդի կողմէ քննարկուելիք օրէնքի նախագծերը կրնայ հայկական բանաձեւը ներկայացնել քուէարկութեան եւ այդ պարագային Կոմիտէն է որ պիտի որոշէ բանաձեւը քննարկելու ձեւը։ Միւս այլընտրանքով, Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Նէնսի Փէլոսի, առանց սկզբնական գործընթացի բանաձեւը ուղղակիօրէն կրնայ օրակարգի բերել եւ քուէարկութեան ներկայացնել։ Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Հանրապետական եւ Տէմոքրաթ կուսակցութիւններու ղեկավարները յանձնարարած են որ երեսփոխաններ անպայման մասնակցին այսօրուայ նիստին։ Վարչապետ Էրտողան հայկական բանաձեւի քննարկումի զարգացումներու առընչութեամբ Ամերիկայի Նախագահին յիշեցուց 2009ին ստացած Խաղաղութեան մրցանակի մասին ու ըսաւ. »Մեզի միշտ կը պատմէին թէ Նոպէլեան մրցանակը խաղաղութեան հանդէպ ունեցած սէրն է որ կը ցոլացնէ։ Կը սիրենք յուսալ որ Նախագահ Օպամա խաղաղութեան եւ սիրոյ ջատագովներու ետին կը կանգնի«։ Էրտողան նշեց նաեւ որ մօտէն կը հետեւին գործընթացին, քանի որ վերջին վայրկեանին կրնան աննախընթաց զարգացումներ պատահիլ։ Կը հաւատանք որ բոլոր անոնք, որոնք Նոպէլեան մրցանակ կը ստանան, պիտի պաշտպանեն խաղաղութիւնն ու սէրը, եզրակացուց Թայյիպ Էրտողան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը