Էրտողան. «Թուրք ժողովուրդը վճռակամ է իր միջազգային վարկը պահպանելու համար»


Էրտողան. «Թուրք ժողովուրդը վճռակամ է իր միջազգային վարկը պահպանելու համար»

  • 21-12-2010 18:00:02   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայկական բանաձեւի հաւանական քննարկումը՝ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան այսօրուայ վերջին նիստի ընթացքին, լոպիական պայքարէն ներս իրարու հետ դէմ յանդիման թողած է Ամերիկայի հայկական ու թրքական կազմակերպութիւնները, նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, որոնք Շաբաթ օրուընէ ի վեր ասպարէզ կը կարդան Ամերիկայի։ Երէկուան զարգացումներու լոյսին տակ, Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու Խորհրդարանին մէջ յայտարարեց թէ բանաձեւի առընչութեամբ Վարչապետ Էրտողան նամակ մը ղրկած է Ամերիկայի Նախագահին։ Տավուտօղլու նշեց որ վերջին օրերուն, Թուրքիա կրկին »կարծեցեալ ցեղասպանութեան« բանաձեւի քննարկումներու թիրախ դարձած է եւ հայկական լոպիներ մեծ ճիգ կը վատնեն »ցեղասպանութեան« մասին թիւ 252րդ բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Տան քուէարկութեան յանձնելու ուղղութեամբ։ »Այս գործընթացը սկսաւ Ուրբաթ, 17 Դեկտեմբերին եւ մենք անմիջապէս դիւանագիտական խողովակներով սկսանք աշխատանք տանիլ՝ բանաձեւի քննարկումը կանխարգիլելու համար։ Ես կապ հաստատեցի իմ ամերիկացի պաշտօնակցին հետ եւ ազդարարեցի զինքը։ Վարչապետ Էրտողանն ալ այսօր նամակ մը ղրկեց Պարաք Օպամայի, շեշտելով որ «Թուրք ժողովուրդը վճռակամ է այսպիսի զրպարտութիւններու դէմ իր միջազգային վարկը պահպանելու համար», ըսաւ Տավուտօղլու եւ աւելցուց թէ պիտի չարտօնեն որ «հայկական բանաձեւը» Դամոկլեան սուրի նման ճօճի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ։ Միւս կողմէ, կը հաղորդուի որ Ամերիկայի ատրպէյճանական համայնքն ալ շարժման անցած է բանաձեւի քուէարկութիւնը կացինահարելու նպատակով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը