ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ<br /> ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ


ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

  • 20-12-2010 19:12:33   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ, Նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ կառավարութեան կրօնական հարցերու նախարարին եւ յոյն կաթոլիկ պատրիարքութեան, Քրիստոնեայ-Իսլամ համագումար մը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ Դամասկոսի մէջ: Համագումարին հիմնական նպատակը, անցեալ ամիս Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի Սինոտի որոշումներուն արժեւորումն էր, եւ յատկապէս Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան առնչուած առաջարկութիւններուն քննարկումը: Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնապէս հրաւիրուած էր ներկայ ըլլալու եւ իր խօսքը արտասանելու: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին, յիշեալ համագումարին ներկայ եղաւ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգիսեան, Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեան, եւ Մեսրոպ Շիրանեան: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին խօսք առնելով, Սեպուհ Սրբազան կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան նոր աշխուժութիւն տալու, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը: Այս ծիրէն ներս ան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուող աշխատանքներուն: Ան նաեւ յիշեց որ որպէս 15 տարիներու Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ատենապետ, Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր նպաստ բերած էր Քրիստոնեայ-իսլամ տիալոկին առաւել ծաւալման, եւ նոյնը կը կատարէ ան այսօր որպէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի չորս նախագահներէն մէկը: Սեպուհ Սրբազան նաեւ անդրադարձաւ, որ հայ համանքները տարբեր գաղութներու մէջ ապրելով, ներառեալ Իրանի մէջ, անոնք ամէնօրեայ յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ կը գտնուին իսլամ համայնքներուն հետ: Յայտնենք որ շուրջ հազար հոգի ներկայ գտնուեցան յիշեալ համագումարին:
  -   Մամլո հաղորդագրություն