ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.«Նիւ Եորք Թայմս» Թերթին Մէջ Ռապպի Շմուլին եւ Հարիւրամեակի Յանձնաժողովը Օպաման Ներկայացուցին Որպէս «Ստախօս»


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.«Նիւ Եորք Թայմս» Թերթին Մէջ Ռապպի Շմուլին եւ Հարիւրամեակի Յանձնաժողովը Օպաման Ներկայացուցին Որպէս «Ստախօս»

  • 29-05-2015 11:03:04   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
 
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները նշանաւորուեցան աննախադէպ, իսկ երբեմն ալ անսպասելի զարգացումներով:
Նման առիթ մը հանդիսացաւ հանրայայտ եւ վիճայարոյց Ռապպի Շմուլի Պոթիչի («Համաշխարհային արժէքներ» ցանցի հիմնադիր) եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովի կողմէ «Նիւ Եորք թայմս» թերթի Ապրիլ 18-ի թիւին մէջ զետեղուած ամբողջ էջ մը զբաղեցնող վճարովի յայտարարութիւնը, որ խստօրէն կը քննադատէր նախագահ Օպաման Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր նախընտրական խոստումը չկատարելուն համար:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին յայտնեց, որ թերթին յայտարարութիւնը նեղացուցած է Սպիտակ տան որոշ պաշտօնեաներ: Անոր տեղադրումը համընկաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համաամերիկեան յանձնաժողովի ջանքերուն հետ` համոզելու վարչակազմի դժկամ պաշտօնեաները մասնակցելու Մայիս 7-9-ը Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք ոգեկոչման ձեռնարկներուն:
Այդուհանդերձ, փոխնախագահ Պայտըն եւ ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Սամանթա Փաուըր մասնակցեցան Ուաշինկթընի ազգային տաճարին մէջ Մայիս 7-ին կայացած միջկրօնական աղօթքի արարողութեան, սակայն անոնք ելոյթ չունեցան եւ անոնց ներկայութիւնը չյայտարարուեցաւ:  Զարմանալիօրէն, երկու պաշտօնեաներն ալ կը կրէին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պաշտօնական խորհրդանիշ «Անմոռուկ» կրծքանշանը: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ կաթողիկոս եւ Արամ Ա կաթողիկոս:
Վճարովի յօդուածին մէջ պատկերուած էր երեխայ մը ձեռքին պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Նախագահ Օպամա, ինչո՞ւ կը ստէք մեզի»:  Անոր կը յաջորդէր մեծ, հաստ տառերով գրուած վերնագիրը. «1.5 միլիոն հայ զոհերը կը ճչան իրենց գերեզմանէն. Մինչեւ ե՞րբ պիտի ժխտէք մեր ցեղասպանութիւնը, միայն գոհացնելու համար թուրք բռնակալը»:
Վճարովի յօդուածը խիստ քննադատութեան ենթարկեց ինչպէս Օպաման` իր նախընտրական խոստումները դրժելուն, այնպէս ալ դեսպան Փաուըրը` Ցեղասպանութեան նկատմամբ ԱՄՆ անտարբերութիւնը իր գիրքին («Խնդիր դժոխքէն. Ամերիկան եւ ցեղասպանութեան դարը») դատապարտելէն ետք լուռ մնալուն համար: Յայտարարութիւնը քննադատած էր նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը` զայն անուանելով «խուլիկան» եւ «բռնակալ, որ քանդած է թրքական ժողովրդավարութիւնը»:
Բացի այդ, յօդուածին մէջ մէջբերում կար Սի.Էն.Էն.-ի Ուաշինկթընի գլխաւոր թղթակից Ճէյք Թափըրի լուրերու թողարկումէն. «Վեցերորդ տարին անընդմէջ նախագահ Օպաման դրժած է հայ համայնքին տուած իր խոստումը, երբ որպէս ծերակուտական եւ նախագահի թեկնածու, անոնց քուէները ստանալու համար խոստացած էր օգտագործել «ցեղասպանութիւն» բառը` մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մօտ 1.5 միլիոն հայերու կոտորածը նկարագրելու համար: Ան այդպէս վարուեցաւ որպէս զիջում Թուրքիոյի կառավարութեան»:
Յօդուածը յիշեցուց ընթեցողներուն, որ Թափըրը նկատի ունէր ծերակուտական Օպամայի 2008-ի յայտարարութիւնը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը մեղադրանք, անձնական կարծիք կամ տեսակէտ չէ, այլ լայնօրէն վաւերագրուած փաստ, որ կը հաստատեն վիթխարի քանակով պատմական ապացոյցներ: Փաստերը անհերքելի են…. Որպէս նախագահ ես պիտի ճանչնամ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Այնուհետեւ յօդուածին հեղինակները յայտարարեցին. «Հազուադէպ է, որ Ամերիկայի ոեւէ նախագահ այսպէս լկտիաբար սուտ խօսի բարոյական մեծ նշանակութիւն ունեցող նման հարցի մը վերաբերեալ: Նախագահ Օպամայի դիտաւորեալ բարոյական կուրութիւնը խիստ կը տարբերի Հռոմի Ֆրանսիս պապի անցեալ շաբաթուան խիզախ յայտարարութենէն, որով ան աշխարհին կոչ ուղղած էր ճանչնալու «քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»:
Յօդուածին մէջ Ռապպին եւ Հարիւրամեակի յանձնաժողովը հետեւեալ հարցը ուղղեցին դեսպան Փաուըրին. «Որպէս առաջնորդող ձայն ընդդէմ ցեղասպանութեան, արդեօք դուք հաւատարիմ պիտի մնա՞ք ձեր սկզբունքներուն, թէ պիտի դառնաք հերթական անձերէն մէկը, որ պաշտօն ստանձնելով կը լռէ եւ կը դառնայ «խնդիր դժոխքէն»-ի մէկ մասը»:
Երկրորդ յայտարարութիւնը, որ Օպամային կը յիշեցնէր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր տուած խոստումը, յայտնուեցաւ «Լոս Անճելըս թայմս» թերթի Ապրիլ 24-ի թիւին մէջ: Թերթին Էջին մեծ մասը զբաղեցնող յօդուածին մէջ, որ տեղադրուած էր Քալիֆորնիոյ Օրէնճ շրջանի գործարար Էտ Մուրատլեանի կողմէ, կը պնդէր. «Ժամանակն է ըլլալ այն ղեկավարը, որ դուք խոստացած էիք ըլլալ: Պարոն նախագահ, ճիշտ ժամանակն է, որ այս 100-րդ տարելիցին կատարէք ձեր տուած խոստումը»: Մուրատլեանի յօդուածին մէջ պատկերուած էր Օպամայի լուսանկարը, դեսպան Մորկենթաուի 1915-ի Յուլիս 16-ի հեռագիրը ուղղուած ԱԳ նախարարութեան եւ 1915-ի Դեկտեմբեր 15-ի «Նիւ Եորք թայմս» թերթի լրատուութեան վերնագիրը: Յօդուածը կ՛աւարտէր` «Ժամանակն է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը» կոչով:
Եթէ այս յօդուածներէն մէկը կամ երկուքը որոշ անհանգստութիւն պատճառած են Սպիտակ տան պաշտօնեաներուն, ապա արժէր անոնց վրայ այդքան գումար ծախսել…
Յօդուածները պէտք է ընդգրկէին նաեւ Օպամայի սեփական խօսքերը իր «Յոյսի յանդգնութիւնը» գիրքէն. «Ըսել բան մը քարոզարշաւի ընթացքին եւ ընել այլ բան պաշտօնը ստանձնելէ ետք, կը նշանակէ` դուն տիպար երկերեսանի քաղաքական գործիչ ես»:
Թէեւ ոգեկոչման ձեռնարկները Ոաշինկթընի մէջ կազմակերպուած էին շատ բարձր  արհեստավարծ մակարդակով, սակայն լուրջ բացթողում մը կար: Երբ Մայիս 9-ին կայացած հարիւրամեակի ձեռնարկի ժամանակ յատուկ մրցանակներ շնորհուեցան նշանաւոր անհատներու, կազմակերպութիւններու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու ներկայացուցիչներու, շատ տեղին պիտի ըլլար յարգանքի տուրք մատուցանել նաեւ 2004-2006 թուականներուն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Էվընսին, որուն դիւանագիտական ասպարէզը ընդհատուեցաւ, երբ Պուշի վարչակազմը զայն ետ կանչեց Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ճանչնալուն համար: Ձեռնարկին կազմակերպիչները «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ին հաւաստիացուցին, որ «անտեսելու նպատակ չեն ունեցած» եւ ատիկա պարզապէս «վրիպում» էր:
Բարեբախտաբար, այս կոպիտ սխալը յաջողեցաւ քիչ մը մեղմել, երբ «վրիպումը» յայտնուեցաւ հանդիսավարի` փաստաբան Մարք Կիրակոսի ուշադրութեան, որ ամպիոնէն յայտարարեց դեսպան Էվընսի ներկայութեան մասին: Հարիւրամեակի ձեռնարկին ներկայ 2000 հիւրերը յոտնկայս եւ բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին արդարամիտ դեսպանը: Աւելորդ է անգամ նշել, որ դեսպան Էվընս շատ աւելիին արժանի է, քան սոսկ ծափահարութիւններու` իր ասպարէզը ի պաշտպանութիւն Հայ դատի զոհաբերելուն համար…
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր  
 
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
 
 
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
 
  -   Յօդուածներ