Ճէմալ Րէշիտ Րէյ հանդիսասրահին մէջ սարքուեցաւ պարի փառաւոր ներկայացում մը


Ճէմալ Րէշիտ Րէյ հանդիսասրահին մէջ սարքուեցաւ պարի փառաւոր ներկայացում մը

  • 16-12-2010 09:23:04   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա 15 դեկտեմբերի Երէկ գիշեր, Ճէմալ Րէշիտ Րէյ հանդիսասրահին մէջ «Իսթանպուլ 2010 Եւրոպայի Մշակոյթի Մայրաքաղաք» ձեռնարկներու շարքէն, «Եօթը շրջաններէ եօթը գագաթներ», «Իսթանպուլլոյս» անուան տակ, մասնակցութեամբ նշանաւոր «Շաման Պարախումբի Թատրոն» խումբի եւ «Մարալ» պարախումբի, սարքուեցաւ պարի հրաշալի եւ շատ փառաւոր ներկայացում մը։ Սրահը ամբողջովին լեցուն էր հայ եւ այլազգի հանդիստեսներով։ Հեռատեսիլի թղթակիցներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ ներկայութիւն բերած էին այս ձեռնարկին։ «Շաման» պարախումբը արհեստավարժ պարախումբ մըն է, մարզուած արհեստավարժ պարուսոյցներու մականին տակ եւ կազմուած պարի կալուածէն ներս մասնագիտացած, մեծ համբաւի տիրացած իգական եւ արական սեռէ արուեստագէտներու կողմէ։ Խումբը երէկ հանդիսատեսները փոխադրեց երազային աշխարհ մը, բազմանդամ կազմով մը հանդէս գալով եւ հանդիսատեսները ուղղակի մագնիսացնելով։ Ակնախտիղ գեղեցկութեամբ տարազներու մէջ, ակնթարթային արագութեամբ կատարուած մարմնախաղերու հոյակապ շարժումներով, անօրինակ ոստումներով, մէկզմէկէ հեռանալու, ապա մօտենալու եւ միասնական հիանալի տեսարան մը պարզելու տպաւորիչ պատկերներով, «Շաման» պարախումբը կարելի է խոստովանիլ որ գլուխ գործոց ներկայացում մը սարքեց։ Անմիջապէս պէտք է շեշտել որ մեր «Մարալ» պարախումբն ալ յաջողութեան տեսակէտէ երբե՛ք ու երբեք վար չէր մնար այս արհեստավարժ պարախումբէն։ Նոյնիսկ կրնանք հպարտութեամբ ըսել որ «Մարալ» պարախումբի անդամները, հակառակ որ ո՛չ-արհեստավարժ պարուսոյցներու մականին տակ հասած են, շնորհիւ իրենց պարուսոյցներու՝ Կարպիս եւ Իրիս Չափքանի ինքնանուէր եւ յամառ աշխատութեան, կրցած են բարձրանալ արհեստավարժ պարախումբերու բարձրագոյն մակարդակին եւ երէկ եւս, անոնք իրենց այդ բարձրութեան գագաթնակէտին վրայ էին։ Եւ ահա այսպէս, «Մարալ» պարախումբի երկսեռ անդամներն ալ երէկ հրաշալի ներկայացում մը սարքեցին, մեր սրտերը լիացնելով հպարտութեան եւ երանութեան զգացումներով։ «Մարալ»ի աղջիկները՝ գեղեցիկ ժպիտը իրենց դէմքին, գեղատեսիլ տարազներու մէջ, ճախարակի մը վրայէն քալելու համաչափ շարժումներով եւ փութկոտութեամբ, հիանալի մարմնախաղերով, իսկ տղաները, իրենց առնական պիրկ ու հուժկու պարերով եւ ոստումներով, ներկաներու անվերջանալի ծափերը խլեցին։ Յայտագիրը ներկայացուեցաւ մէջ ընդ մէջ։ Մէկ «Շուման» պարախումբը կը ներկայանար հանդիսատեսին, մէկ ալ «Մարալ» պարախումբը։ Մէկուն պարն ու նուագը հազիւ աւարտած, առանց ընդհատումի, միւսը կուգար բեմ, պարեղանակին քայլ յարմարցնելով, միեւնոյն երաժշտութեան հետ պարելով եւ այսպէս՝ միասնութեան պատգամ մը փոխանցելով։ Հրաշալի էր այս պատկերը, սրտագրաւ եւ հրահանգիչ։ «Շաման»ի բոլոր պարերն ալ Անատօլուի հողերուն վրայ մշակուած պարեր էին. առաւելաբար թրքական եւ քրտական։ Իսկ «Մարալ»ին պարերը մեծամասնութեամբ հայկական էին. ինչպէս՝ Արա Գէորգեանի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ՝ «Ո՜վ հայոց աշխարհ», «Կակաչներու պարը», «Ձկնորսներու պարը», «Ծաղկած բալենի», «Աղթամար», եւլն. եւ օտար հանդիսատեսներու գաղափար մը կուտային հայկական երաժշտութեան եւ պարարուեստին մասին։ Կը շնորհաւորենք կազմակերպիչները, «Շաման» պարախումբը, նաեւ մեր »Մարալ« պարախումբը, որ օտար բեմերու վրայ իսկ անմրցելի բարձունքներու հասած է, հպարտութիւն պատճառելով մեզի։ Այս առիթով պարտք կը համարենք շնորհաւորել Իրիս-Կարպիս ամոլը, որոնք յամառօրէն, կուրծք տալով բազում դժուարութիւններու, իրենց կեանքը նուիրած են պարարուեստին եւ այս գծով՝ մեր մշակոյթին։ Երէկ գիշերուան այս համերգին մէջ մեզ անհանգստացնող միակ կէտն այն էր որ ան կը զուգադիպէր «Դալար» պարախումբի համոյթին, որ կը սարքուէր Ճէվահիր պանդոկի սրահին մէջ։ Բայց գիտենք որ այս զուգադիպութիւնը եղաւ Մարալցիներուն կամքէն անկախաբար, քանի որ կազմակերպիչները վերջին վայրկեանին թուականի փոփոխութիւն մը կատարած էին ու «Մարալ» ստիպուեցաւ համակերպելու։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը