Խորհրդածութիւններ Կրօնական ժողովի վերջին զեկոյցին լոյսին տակ. 7


Խորհրդածութիւններ Կրօնական ժողովի վերջին զեկոյցին լոյսին տակ. 7

  • 14-12-2010 19:00:34   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Պատրիարքական ընտրութեան հարցի շուրջ կատարուած խորհրդածութիւններու այս շարքը կ’ուզենք աւարտին բերել կանգ առնելով ըստ երեւոյթին այս հարցին հետ կապ չունեցող խնդրի մը վրայ, որ իրականութեան մէջ կապ ունի, եւ թէ շատ։ Այս խնդիրը մեր համայնքի քանի մը երեւելի ու երախտաշատ նուիրատու-բարերար ազգայիններու միջեւ առկայ հակամարտութիւնն է, մէկզմէկու նկատմամբ անոնց ունեցած վերապահութիւնն է, չգործածելու համար »թշնամութիւն« բառը։ Իրականութիւն է որ այսօր այդպիսի հակամարտութիւն մը, անսիրելիութիւն մը կայ մեր բոլորին այնքան ծանօթ ու մեր բոլորէն այնքան սիրուած քանի մը ազգային բարերարներու միջեւ։ Անոնք մինչեւ կարճ ժամանակ առաջ կը շարժէին օրինակելի միաբանութեամբ, իրարու հետ ձեռք ձեռքի տուած, ուրիշ գաղութներու ալ սորվեցնելով թէ հայ հաւաքականութիւնը ինչպիսի միասնականութեամբ պէտք է տէր կանգնի իր ազգային կառոյցներուն։ Հիմա դժբախտաբար ճեղք մը գոյացած է անոնց միջեւ եւ ոմանք գիտեն, ուրիշներ ալ բնաւ չեն գիտեր թէ այս ճեղքը իր շատ ծանր ներգործութիւնը ունեցած է նաեւ Պատրիարքական ընտրութեան խնդրին մէջ։ Պիտի չուզէինք մտնել մանրամասնութիւններու մէջ, բայց պէտք է ըսենք այսքանը։ Մեր համայնքային հրաշալի կառոյցէն ներս խառնակիչ որդ մը կարծես գործ տեսնել սկսաւ երբ Մայր Աթոռ Էջմիածնի Աթոռակալ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը, Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազանի թելադրութեամբ, երեք ազգայիններու շքանշաններ շնորհեց Պոլսոյ այցելութեան շնորհաբեր օրերուն։ Անշուշտ որ այս համայնքէն ներս կային ուրիշ քանի մը գլխաւոր դէմքեր ալ որոնք իրենց կատարած բարերարութիւններով արժանի էին նմանապէս գնահատուելու ու պատիւներու արժանանալու, բայց պէտք է ընդունինք որ պարգեւ կոչուածը զանգուածային տարողութիւն չի կրնար ունենալ, պէտք չէ ունենայ, որովհետեւ եթէ պարգեւը բաժնուի շատ մարդու միջեւ, այն ատեն պարգեւը շատ բան կը կորսնցնէ իր արժէքէն ու ծանրութենէն։ Եթէ այդ օր երեք պատուական անձեր պարգեւատրուեցան իրաւ ու արդար ընտրութեամբ, մենք գիտէինք որ կարգը միւսներուն ալ պիտի գար քիչ ժամանակ վերջ։ Բայց կ’երեւի թէ քանի մը անխորհուրդ մարդիկ մեր բարերարներուն միջեւ գրգռութիւններ յարուցանեցին ու վէճեր յառաջացուցին կամաց կամաց գոյացնելով անսիրելիութեան մթնոլորտ մը մեր կարկառուն ազգայիններուն միջեւ։ Վերջապէս, մեծ թիւով բարերարներ ունենալու մեր բախտաւորութիւնը դարձաւ մեզի դէմ, բոլորս ալ զգացինք որ համայնքէն ներս պառակտում մը ծայր կուտար, ու Մեսրոպ Պատրիարքն ալ, տակաւին մեզի անյայտ իր հիւանդութեան ազդեցութեան տակ չկրցաւ ժամանակը գտնել՝ փարատելու այն անհամ մթնոլորտը որ ստեղծուած էր տեսանելի կերպով եւ որ կը սկսէր վնաս հասցնել մեր ազգային հաստատութիւններուն։ Այսօր մենք վստահ ենք որ նոյն պառակտումը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընտրութեան ցաւալի խնդրին վրայ։ Մեզի համար դժուար չէ տեսնել թէ հարցը այսօր միայն Պատրիարքական երեք թեկնածուներու միջեւ եղած մրցակցութենէ մը չէ որ ծնունդ կ’առնէ, այլ կ’առնէ նաեւ մեր կարկառուն ազգայիններու միջեւ ծագած մրցակցութենէ մը, որ աւելի բախտորոշ է մեզի համար։ Եւ այս մրցակցութիւնը ակամայ փայտ կը նետէ ուրիշներու փուռին մէջ ալ, կրակը տարածելով դէպի մինչեւ աւելի հեռուները։ Մեր այս խորհրդածութիւնները աւարտին բերելէ առաջ սիրելի պարտականութիւն պիտի նկատենք կոչ ուղղել մեր ազնիւ ու ազգասէր բարերարներուն, առանց վախնալու անուններ տալէ։ Անոնք սա վերջին տասնամեակներու ընթացքին պանծացուցին մեր համայնքը, ապրեցուցին մեր ազգային հաստատութիւնները, իրենց ունեւորութենէն լայն բաժիններ յատկացուցին մեր ժողովուրդին, Հիւանդանոցին մէջ իրենց անուններով բաժիններ բացին, մեր Պատրիարքարանի դարաւոր շէնքը վերակառուցանեցին, մեր եկեղեցիները նորոգեցին, մեր մշակութային հաստատութիւններուն հովանաւոր եղան, մեր ազգային կառոյցները հարստացուցին նոր շէնքերով ու սարքերով, իրենց անունները քանդակել տուին վերջին տարիներու մեր ազգային ապրումներուն վրայ։ Մենք երախտապարտ ենք իրենց ու հիմա կ’ուզենք սակայն հարց տալ իրենց թէ կողմնակի՞ց են որ իրենց այս բարերարութեան երջանիկ արդիւնքը տատանի ու կործանի։ Հարցնենք։ Այսպիսի փլուզումի մը կողմնակի՞ց էք սիրելի Պետրոս Շիրինօղլու, սիրելի Տիգրան Կիւլմէզկիլ, սիրելիներ Հայկ Ասլանեան, Աբիկ Հայրապետեան, Ճէզօ Թաշ, Արէտ ու Մօնիք Երկանեան, Արման ու Իրմա Փոլատ, Սէլմա ու Պերճ Իսքէնտէրէօզ, Պօզաճեան ընտանիք, Գէորգ Սանթալու, ու տակաւին ազգային գործիչներ Մելքոն Գարաքէօսէ, Էֆրիմ Պաղ, Տիգրան Ալթուն, Կարապետ Փայլան, Նշան Գարա, Պարոն Նալպանտ, եւայլն։ Սիրելիներ, իսկապէս կրնա՞ք արտօնել որ ձեր նուիրատուութիւններով ու ձեր մարմնական աշխատանքով կառուցուած այս հրաշալի շէնքը կամաց կամաց փուլ գայ։ Մենք շատ լաւ գիտենք որ եթէ մինչեւ հոս եկաք, ասկէ վերջ ալ չէք կրնար ուս թօթուել ու կռնակ դարձնել։ Եկէք, մոռցէ՛ք անձնական հարցերէ ծնունդ առնող զգայնութիւնները ու ազգային հարցի առողջ լուծման համար ձեռք ձեռքի տուէք։ Մենք տեսանք որ ինչպիսի ուժ ստեղծուեցաւ երբ իրարու ձեռք տուիք, այս անգամ ալ պէտք է որ ձեռք ձեռքի տաք նոյն ուժը ստեղծելու ու մեր այսօրուան թնճուկը քակելու համար։ Ժողովուրդը ձեզի հետ է ու ձեզ կը սիրէ, ձեր կուրծքերուն վրայ շքանշան կայ թէ չկայ։ Միշտ ըսած ենք որ մեծագոյն շքանշանը ժողովուրդին սէրն ու երախտագիտութիւնն է ու ձեզի համար ամէնէն կարեւոր շքանշանը այս մէկն է եւ դուք արդէն ստացած էք այդ շքանշանը։ Ձեր կուրծքէն հպարտօրէն կախեցէք ժողովուրդէն ստացուած սիրոյ այդ շքանշանը եւ շարժման անցէք այս նոր տագնապը լուծելու համար, կրկին բոլորուեցէք Պատրիարքարանին շուրջ, այն պատմական շէնքին՝ զոր վերանորոգեցիք ու պալատի վերածեցիք, բոլորուեցէք այդ շէնքին շուրջ ու շէնքը կրկին լեցուցէք ազգասէր մարդու ոգիով, որովհետեւ հոն բնակողները պէտք ունին ձեր անսակարկ օժանդակութեան ու ձեր հասկացողութեան։ Եթէ յաջողիք վերստեղծել այս միասնութիւնը, կրնաք վստահ ըլլալ որ իւրաքանչիւրդ պիտի ստանաք այնպիսի շքանշան մը որուն քով շուքի մէջ պիտի մնան մեր եկեղեցական իշխանութիւններու կողմէ տրուած հարիւրաւոր շքանշանները։ Ռ.Հ.
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը