Խորհրդածութիւններ Կրօնական ժողովի վերջին զեկոյցին լոյսին տակ. 6


Խորհրդածութիւններ Կրօնական ժողովի վերջին զեկոյցին լոյսին տակ. 6

  • 13-12-2010 18:49:13   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առընչութեամբ մեր եզրափակիչ համեստ խօսքը ընելէ առաջ կարեւոր կը նկատենք բոլորին յիշեցնել թէ համայնքը երախտագիտական որոշ պարտք մը ունի Արամ Սրբազանին նկատմամբ։ Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Արամ Սրբազան երախտաշատ աշխատանք տարաւ աջ բազուկ դառնալով Մեսրոպ Պատրիարքին, ձեւաւորեց Պատրիարքարանի թանգարանը, փրկեց եկեղեցական շատ թանկարժէք իրեղէններ որոնք հոս հոն ցրուած ըլլալով դէմ յանդիման կը մնային անհետանալու վտանգին հետ, եւ այս բոլորէն վերջ, երբ յայտնուեցաւ Մեսրոպ Սրբազանին հիւանդութիւնը ու Մեսրոպ Սրբազան դատապարտուեցաւ անգործութեան ու բացակայութեան, Արամ Սրբազան ստանձնեց պարապութիւնը լեցնելու ու գործերը քալեցնելու նախախնամական պարտականութիւնը։ Արամ Սրբազան այսօր ալ տքնաջան աշխատանքի մը կշռոյթին մէջ է։ Մենք չենք կրնար այս բոլորը անտեսել, ապերախտութիւն ցոյց տալ Արամ Սրբազանին։ Բայց Արամ Սրբազան ունի մարդկային տկարութիւն մը զոր, որքան ալ դժուար ըլլայ, պէտք է սրբագրէ որպէս մէկը որուն վրայ դրուած է շրջանի շատ ծանր պատասխանատուութիւնը։ Այդ տկարութիւնը վիրաւորուելու կամ ջղայնանալու այն զգայնութիւնն է զոր ան կը ցուցաբերէ երբ իր հասցէին կը կատարուին երբեմն իրաւացի ցուցմունքներ, յաճախ ալ շատ անիրաւ մեղադրանքներ։ Արամ Սրբազան, բոլոր իմաստուն առաջնորդներու նման, իր ընելիքը պէտք է ճշդէ ո՛չ թէ ուրիշներու իր մասին մտածածները կամ գրածները նկատի առնելով, այլ իր սեփական միտքն ու խղճմտանքը շարժման անցընելով, իր ճիշդ գիտցած ճամբէն ընթանալով, նաեւ իր շուրջ հաւաքելով վստահելի ու փորձառու խորհրդատուներ ու գործակիցներ։ Կրնանք նաեւ նկատի առնել այն կէտը թէ առաջնորդները երբեմն գիտեն կարգ մը տուեալներ որոնք մեզի անծանօթ են։ Ընդունինք տակաւին որ Արամ Սրբազանին կացութիւնը բնաւ ալ նախանձելի չէ, որովհետեւ ան ըստ էութեան Պատրիարքական ընտրութեան երեք թեկնածուներէն մէկն է եւ այդ հանգամանքին անհանգստացնող ճնշումին տա՛կ է որ ստիպուած է քալեցնել գործօն ու պատասխանատու Պատրիարքի մը բացակայութեան գործընթացը։ Իրեն համար շատ աւելի լաւ կ’ըլլար որ ինք այսօրուան գործընթացէն դուրս մնացած ըլլար միւս երկու թեկնածուներուն նման ու սպասէր պատրիարքական ընտրութեան հարցի զարգացման ու արդիւնքին։ Անփոփոխ օրէնք է որ իշխանութեան գլուխ գտնուողը ամէն օր կը մաշի, իսկ ընդդիմադիր դիրքի մէջ գտնուողները ամէն օր քիչ մը եւս կը զօրանան։ Ասիկա քաղաքական ու ընկերային կեանքի անփոփոխ օրէնքն է։ Արամ Սրբազանի շահը չի պահանջեր որ ան ընդունի գործել որպէս Պատրիարքի Փոխանորդ, քանի որ որպէս Փոխանորդ, շարունակ նշաւակ պիտի դառնայ յարձակումներու ու քննադատութիւններու, ոմանց համակրանքը պիտի կորսնցնէ ակամայ, պիտի տկարացնէ ապագայ պատրիարք ընտրուելու իր բախտը։ Արամ Սրբազան այնքան անհեռատե՞ս է որ մտածէ սա մակերեսային ձեւով. »Հոգ չէ, ես մէկ երկու տարի Պատրիարքի Ընդհանուր Փոխանորդ ըլլամ, անկէ վերջ ինչ կ’ուզէ թող ըլլայ, եթէ կ’ուզեն զիս Պատրիարք չընտրեն«։ Ո՛չ։ Արամ Սրբազան այնքան անհեռատես մէկը չէ։ Ուրեմն, ուրիշներ մեզի ձայնակցին կամ չձայնակցին, կը մնայ ընդունիլ որ ան ինքզինք կը զոհէ այսօրուան գործընթացին գլխաւոր դերակատարութիւնը ստանձնելով եւ այս դժուարին խնդրի լուծման մէջ առաջնակարգ դեր ստանձնելով։ Բայց կայ նաեւ դիմացի կողմին կեցուածքը, որ մեզի համար ո՛չ միայն ընդունելի չէ, այլ նաեւ բացարձակապէս դատապարտելի։ Ասիկա կարգ մը հայկական կամ թրքական թերթերու մէջ Պատրիարքական ընտրութեան ի նպաստ ու Արամ Սրբազանին դէմ կատարուած գրգռիչ հրատարակութիւններու խնդիրն է։ Այս հրատարակութիւններէն ոմանց իրենց հրապարակային ձայնը կը միացնեն համայնքէն ներս անուն ունեցող, անցեալի մէջ ազգային ծառայութիւն մատուցած քանի մը ազգայիններ, որոնք իրենց կարծիքի ազատութեան հիման վրայ գաղափարներ կ’արտայայտեն ու առաջարկներ կը ներկայացնեն։ Ասոնց ըսելիք չունինք, որքան ատեն որ անոնք չեն արտօներ որ իրենց ձայնը ժխտական գրգռութիւններու ու քարոզութիւններու գործիք դարձուի։ Բայց անոնց կողքին կան ուրիշ գրողներ կամ ինքնաբերաբար »պաշտօն« ստանձնած անձեր, որոնք մինչեւ այսօր համայնքէն ներս նկատելի ծառայութիւն ու ներկայութիւն չեն ունեցած, որոնք թերեւս մեր եկեղեցիներուն տեղն իսկ չեն գիտեր, որոնցմէ ոմանք հայերէն չգիտնալու հետեւանքով մեր մայրենի աւանդութիւններու աղբիւրէն ջուր չեն խմած, այդ պատճառաւ ալ լաւատեղեակ չեն ինչ ինչ կենսական հարցերու, եւ որոնք սակայն հայկական շրջանակներէն դուրս լայն գետնի վրայ գրիչ կը խաղցնեն, այս կերպով ալ մէկ կողմէ մեր հարցերը մեզմէ դուրս կը փոխադրեն սխալ հասկացողութիւններու ճամբու բանալու գնով, մէկ կողմէ ալ չեն անդրադառնար թէ որքան կը դժուարացնեն այն լուծումը որուն իբրեւ թէ այնքան կողմնակից են։ Անոնք բնաւ գաղափար չունի՞ն արդեօք թէ իրենց կեցուածքը խորթ կը հնչէ այս համայնքէն ներս գիտակից ու շինիչ կեցուածք ունեցող կամ հարցերու լուծման համար պաշտօն ստանձնած փորձառու ու աւանդապահ ազգայիններու ականջներուն։ Արամ Սրբազան այսպիսի գրութիւններու թիրախ դարձած անձերէն մէկն է եւ կրնանք մտածել որ ան ակամայ կը մնայ այդ ժխտական հրատարակութիւններուն ազդեցութեան տակ։ Չենք գիտեր թէ քանի՞ հոգիի խօսք ուղղած պիտի ըլլանք, քանի՞ հոգիի եղբայրական ու միասնականութեան կոչ ուղղած պիտի ըլլանք եթէ ըսենք որ պէտք է վերջ տանք այս անմիաբան կեցուածքին՝ որքան ալ տարակարծիք ըլլանք իրարու։ Կամուրջին վրայէն »միասնաբար« անվտանգ կերպով անցնելու միակ ձեւը, որքան ալ իրարու դէմ ըլլանք, իրարու ձեռք տալն է, ոչ թէ զիրար անդին հրելը։ Աւելի առաջ ալ ըսինք, հիմա ալ պիտի ըսենք՝ նոյնիսկ եթէ ոմանք պիտի կարծեն որ անկարելիին դուռը կը զարնենք։ Մեր ըսածը սա է։ Գրեթէ բոլորս ալ կ’ուզենք որ Պատրիարքական ընտրութիւն կատարուի։ Գրեթէ բոլորս ալ կ’ուզենք յարգել հիւանդ Մեսրոպ Պատրիարքին վարկն ու բարոյական հեղինակութիւնը։ Գրեթէ բոլորս ալ գիտենք )թէեւ ոմանք բացարձակապէս գաղափար չունին_ որ մենք ունինք Ազգային Սահմանադրութիւն մը որ այսօր անգործածելի դարձած է եւ որ սակայն մեր վրայ տակաւին ունի իր բարոյական ճնշումը եւ որուն պէտք է մնանք հաւատարիմ այնքան որքան կարելի է։ Բոլորս ալ գիտենք որ հոգեւորականներու կազմը Պոլսոյ Պատրիարքութեան Աթոռի Միաբանութենէն ներս այնքան ուժեղ չէ որքան ուժեղ են միւս երեք Աթոռներուն կազմերը։ Վերջապէս բոլորս ալ գիտենք որ այս գործերու լուծման մէջ ի վերջոյ ենթակայ ենք Պետութեան հրահանգներուն կամ գոնէ ցուցմունքներուն, այդ պատճառաւ ալ պայման է, առաջնահերթ ու ճակատագրական պայման է, մեր բոլորին ուսերուն վրայ պատմական պարտականութիւն բեռցնող պայման է՝ որ մենք մեր հարցը ճշգրիտ ու միաբան կերպով դնենք Պետութեան սեղանին վրայ, այն տպաւորութիւնը չթողունք որ անմիաբան ենք ու իրարմէ տարբեր բաներ կ’ուզենք։ Մնացեալը յայտնի է։ Չենք գիտեր թէ որու կ’ըսենք, ով կը հասկնայ մեր լեզուէն, բայց պիտի ըսենք։ Սիրելիներ, եկէք այս խնդիրը յառաջ տանինք առանց կռուելու իրարու հետ, առանց կռուելու Պատրիարքարանը ներկայացնողներուն հետ, առանց դժուարացնելու Արամ Սրբազանին ու գործակիցներուն աշխատանքը։ Կրնայ ըլլալ որ իրարմէ տարբեր ձեւով կը մտածենք, կրնայ ըլլալ որ Պատրիարքական ընտրութեան թեկնածու ներկայացած երեք հոգեւորականներէն մէկուն կամ միւսին կողմնակիցը ըլլանք, կրնայ ըլլալ նաեւ որ համայնքէն ներս կարգ մը կարեւոր անձնաւորութիւններ իրարու հետ խնդիրներ ունենան ու այդ խնդիրները ցոլացնեն Պատրիարքական ընտրութեան կենսական հարցին վրայ ալ, ուրիշ դեռ շատ բան ալ կրնայ առկայ ըլլալ, բայց եկէք որոշ ժամանակի մը համար փակագիծի մէջ առնենք այս բոլորը, համոզուինք որ մեր շահը կը պահաջէ որ հիմա միասնական կեցուածք ցուցաբերենք թէ՛ Պատրիարքարանի շուրջ, թէ՛ Պետութեան դիմաց։ Կռիւը վերջուան յետաձգենք, եթէ կ’ընդունուի այսպէս ըսելու ձեւ մը։ Կայ նաեւ շատ կարեւոր խնդիր մը որուն մասին կը խորշինք խօսելու մարդկային վսեմ զգացականութեան հետեւանքով։ Ասիկա Մեսրոպ Սրբազանին հիւանդութեան գնացքին վիճակն է։ Բոլորս ալ Մեսրոպ Սրբազանին հիւանդութեան պատճառաւ ծնունդ առած այս հարցին համար հրապարակ իջած ենք, բայց քիչեր միայն գիտեն թէ իրականութեան մէջ բժիշկները ինչ կը նախատեսեն հիւանդութեան գնացքին ու ցաւալի վախճանին կապակցութեամբ։ Դիւրին չէ, բայց պէտք է համարձակօրէն ըսենք որ հոս այլեւս մարդասիրութիւնն ու ռոմանթիզմը մեր ազգային շահերուն քով երկրորդական կը մնայ։ Ի՞նչ կը նախատեսեն բժիշկները։ Եթէ Մեսրոպ Սրբազանին կազմը պիտի արտօնէ որ դեռ երկար ժամանակ ան մնայ ի կեանս, հարցը տարբեր պիտի ըլլայ, եթէ ընդհակառակը բժիշկները կը հաւատան որ հիւանդութիւնը մեր կարծածէն ալ աւելի շուտ վերջակէտ պիտի դնէ այս դժբախտ կացութեան, այն ատեն ալ հարցը բնականաբար տարբեր պիտի ըլլայ։ Լուսաբանուի՛նք, ու չդառնանք կոյրեր որոնք բան չեն տեսներ բայց ուրիշին ճամբայ ցոյց կուտան։ Ռ.Հ.
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը