Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու յոյսերը ջուրը ինկան


Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու յոյսերը ջուրը ինկան

  • 13-12-2010 18:43:15   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու յոյսերը ջուրը ինկան։ Իսրայէլի հրդեհը մարեցաւ, հաշտութեան բանակցութիւններն ալ շուտով դադրեցան։ Իսրայէլի «Հաարէց» թերթը որ յուսալից հաղորդումներ կ’ընէր, երէկ գրեց որ Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները դադրեցան, Իսրայէլ վերջնականապէս մերժեց ներողութիւն խնդրել Թրքական Կապոյտ Մարմարա նաւու վրայ գործուած յարձակումին համար։ Թուրքիան ալ փոխադարձաբար մերժեց խոստանալ որ շարժման պիտի չանցնի յարձակումը գործած Իսրայէլցի զինուորներու դէմ, քանի որ չ’ընդունիր որ Իսրայէլի զինուորները օրինաւոր ինքնապաշտպանութիւն կը կատարէին յարձակման ընթացքին։ Կը նշանակէ որ երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնը կը շարունակէ մնալ այնքան սուր, որքան էր առաջին օրը։ Թերեւս ալ Թուրքիոյ տեսանկիւնէն տարակարծութիւնը առաւել եւս սաստկացաւ, քանի որ հրդեհի պատճառաւ ստեղծուած մեղմացումն ալ չկրցաւ կարգի բերել Իսրայէլը։ Իսրայէլցի լիազօր քաղաքագէտ մը յայտնեց թէ երկու երկիրներու միջեւ հաշտութեան բանակցութիւնները դադրեցան։ Բայց նոյն աղբիւրները կը պաշտպանեն այն տեսակէտը թէ կանխահաս է ըսել որ բանակցութիւնները վերջնականապէս դադրեցան ու պիտի չշարունակուին։ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութեան բանբերն ալ Ուրբաթ օր յայտնեց թէ կը յուսայ որ մօտ օրէն նոր բանակցութիւններու շրջան մը կը բացուի։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը