Արբանեակային լուսանկարները կը հաստատէն Նոր Ջուղայի Խաչքարերու բնաջնջումը


Արբանեակային լուսանկարները կը հաստատէն Նոր Ջուղայի Խաչքարերու բնաջնջումը

  • 10-12-2010 19:11:57   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Գիտութեան յառաջացման ամերիկեան միութիւնը, որ գիտնականներու մեծագոյն միութիւնն է բովանդակ աշխարհի մէջ, 8 Դեկտեմբերին հրապարակեց արբանեակային լուսանկարներու բաղդատական մը, որ առանց որեւէ կասկածի կը հաստատէ թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բնաջնջած են Նախիջեւանի պատմական գերեզմանատան հազարաւոր խաչքարեր։ Յիշեցնենք որ հինգ տարի առաջ, աւելի քան հարիւր ազերի զինուորներ նկարահանուած էին խաչքարերը բնաջնջելու արարքի ընթացքին։ Բնաջնջուած են մօտաւորապէս 3000 խաչքարեր, սակայն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն արտօներ որ այս բնաջնջումի փաստերը տեղւոյն վրայ քննարկուին միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ։ ԻՒՆԷՍՔՕ, որ կը գործէ ՄԱԿի հովանաւորութեան ներքեւ, եւս լուռ կը մնայ մշակութային ցեղասպանութեան այս արարքի դիմաց։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը