Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքը եւս առնուած է «Իսթանպուլ 2010 Եւրոպայի մայրաքաղաք» տօնակատարութիւններու յայտագիրներուն մէջ


Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքը եւս առնուած է «Իսթանպուլ 2010 Եւրոպայի մայրաքաղաք» տօնակատարութիւններու յայտագիրներուն մէջ

  • 10-12-2010 18:57:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ինչպէս ծանօթ է, մեր մեծանուն երգահան Կոմիտաս վարդապետ այս տարի իր մահուան 75ամեակին առիթով կը յիշատակուի բովանդակ աշխարհի մէջ։ «Իսթանպուլ 2010 Եւրոպայի մայրաքաղաք» խորագրեալ տօնակատարութիւններու շրջածով, Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործական կեանքը եւս առնուած է տօնակատարութիւններու յայտագիրներուն մէջ՝ «Կոմիտաս 140 տարեկան» խորագրին ներքեւ։ Այս առիթով, յառաջիկայ Հինգշաբթի 16 Դեկտեմբերին, Լիւթֆիւ Քըրտար Համաժողովի սրահին մէջ դաշնակահար Շահան Արծրունի նուագահանդէս մը պիտի սարքէ։ Անոր պիտի ընկերանան երգիչներ՝ Արի Էտիրնէ, Սեւան Շէնճան եւ Գէորգ Դաւիթեան։ Յայտագրին մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ Քառասուն Մանկանց, Լուսաւորիչ, Սահակեան, Սուրբ Թագաւոր, եւ Վարդանանց Երգչախումբերը, որոնք 40 հոգիէ բաղկացեալ իրենց խումբերով մէկ առ մէկ հանդէս պիտի գան, ներկայացնելով Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։ Այս համերգին մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ Այնուր, Շէվվալ Սամ, »Պօղազիչի Թեղարուեստի Խումբ«ը եւ »Աշքըն« խումբը։ Համերգի մասին բացատրութիւններ տալու համար նախընթաց օր խմբագրատունս այցելեց դաշնակահար Շահան Արծրունի, որ շեշտեց այս համերգի կարեւորութիւնը՝ Կոմիտաս Վարդապետի փառաբանութեան նուիրուած։ Նշեց որ Անատօլուի հողերուն վրայ հայեր եւ թուրքեր 800-900 տարիէ ի վեր միասին ապրած են եւ մշակած են մշակոյթ մը, որ անկորնչելի արմատներ ունի։ Ըսաւ որ Կոմիտաս այս հողերուն մարդն է եւ իր երաժշտութիւնը արտացոլացումն է այս հողերուն։ Թուրք երաժշտութիւնը հայ երաժշտութեան հետ պորտակապ մը ունի։ Ըսաւ որ իրենց նպատակն է վերահաստատել այդ բարեկամութիւնը եւ վերածանօթացնել ժողովուրդները իրարու, որպէսզի աւելի դիւրին լուծուին քաղաքական գետնի վրայ հարցերը եւ վերահաստատուին բարեկամութիւնները։ Պէտք է »Առաւել հաղորդակցութիւն« հիման վրայ, արուեստի ճամբով երկու ժողովուրդները ծանօթանան իրարու եւ վերակառուցանեն իրենց շփումները, բարեկամական մերձեցումով։ Իսկ 24 Դեկտեմբեր Ուրբաթ գիշեր, Կոմիտասի նուիրուած այս տօնակատարութիւններու շարքէն, Մաչքա Թէքնիք Համալսարանի սրահին մէջ, ճազի համբաւաւոր երաժիշտ Այշէ Թիւթիւնճիւ պիտի մեկնաբանէ Կոմիտասի յօրինումները, որուն պիտի ընկերանայ Միհրան Թովմասեանի գլխաւորութեամբ »Բոկոտն Պարողներ« խումբը։ Մելիքճան Զաման ջութակով, իսկ Սըլա Կէրպաղա սրինգով պիտի գունաւորեն այս ներկայացումը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը