Նշուեցաւ «Կիրակնօրեայի Օր»ը


Նշուեցաւ «Կիրակնօրեայի Օր»ը

  • 09-12-2010 16:06:43   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէնութեան եւ գործակցութեամբ Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու վարիչ մարմինին, Շաբաթ 4 Դեկտեմբեր 2010-ին, Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով, աշակերտական պատարագով եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աշակերտութեան ներկայութեամբ, նշուեցաւ «Կիրակնօրեայի Օր»ը։ Օրուան Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէն՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղ. Բենդէզեանը, ներկայութեամբ միաբան հայրերուն, Դպրեվանքի սաներուն եւ Լիբանանի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աւելի քան 500 աշակերտութեան։ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց պատարագին ներկայ աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը։ Նորին Սրբութեան շուրջ համախմբուած մանուկները, իրենց աչքերը յառած Վեհափառ Հօր, զգալով անոր հայրական հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը, կը փորձէին Կիրակնօրեայ Դպրոցներու մէջ սորված աղօթքները, շարականները եւ երգերը ինքնավստահութեամբ ու աշխուժութեամբ երգել եւ ցուցաբերել իրենց անկեղծ սէրն ու կապուածութիւնը Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ու անոր ջամբած քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, ողջունեց աշակերտութեան ներկայութիւնը Մայրավանքէն ներս, մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ամէնէն փոքր աշակերտէն մինչեւ պատանիներուն հետ եւ յորդորեց կառչած մնալ Կիրակնօրեայ Դպրոցին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Դպրոցին։ Ապա աջահամբոյրով ներկայ աշակերտները ստացան Նորին Սուրբ Օծութեան օրհնութիւնը։ Ի վերջոյ աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր աղօթքի, շարականագիտութեան եւ Աստուածաշունչ մատեանէն քաղուած նիւթերու զարգացման մրցում տեղի ունեցաւ։ Այսպիսով Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աշակերտութիւնը ամբողջ օր մը անցուց Մայրավանքին մէջ, ապրելով յիշատակներով լեցուն պահեր։
  -   Մամլո հաղորդագրություն