ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՀՐԱՁԳՈՒԹԻՒՆ՝ ԼՈՍ ԱՆՃԷԼԸՍԻ ՄԷՋ


ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՀՐԱՁԳՈՒԹԻՒՆ՝ ԼՈՍ ԱՆՃԷԼԸՍԻ ՄԷՋ

  • 07-12-2010 16:08:14   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Լոս Անճէլըսի մէջ երէկ, 6 Դեկտեմբերին հրաձգութիւն մը տեղի ունեցաւ խումբ մը հայերու միջեւ։ Կրակոցներու հետեւանքով մարդ մը մահացաւ, իսկ ուրիշ մը վիրաւորեալ վիճակի մէջ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Միջադէպը տեղի ունեցաւ ուշ կէս գիշերին, Վիքթորի փողոցին մէջ գտնուող Մաքտոնալթսի ճաշարանի մերձակայ կառատունէն ներս։ Ականատեսներու վկայութեամբ, չորս անձեր զանազան ինքնաշարժներով մօտեցան կառատան, ապա սկսան վիճաբանիլ հայերէն լեզուով։ Քիչ վերջ դէպքի վայրի մէջ կրակոցներ հնչեցին։ Տէյլինիւզի համաձայն, ականատեսներ ոստիկանութիւն կանչած են։ Իրաւապահները դէպքի վայրէն հիւանդանոց փոխադրեցին երկու անձեր. 30ամեայ այր մարդ մը, որ հրազէնային վէրք ստացած էր կուրծքի մօտ, մահացաւ։ Բժիշկներ յաջողեցան փրկել վիրաւորեալ 20ամեայ երիտասարդի կեանքը։ Ոստիկանութիւնը յայտնեց թէ յանցագործները կրցած են խոյս տալ դէպքի վայրէն եւ այժմ փնտռտուքներ կը կատարուին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը