ՀՐԱԲՈՒԽԻ ԾԱՂԻԿ


ՀՐԱԲՈՒԽԻ ԾԱՂԻԿ

  • 07-12-2010 16:05:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ծնած երեխաները ներկայիս 20-21 տարեկան են։ Ամբողջ սերունդ մը հասակ նետեց, լսելով երկրաշարժի մասին ահասարսուռ պատմութիւնները եւ իր մորթի վրայ զգալով բնակարանի կորուստի հետեւանքով վակոն-տնակի կեանքի բոլոր »հաճոյքները«։ Այդ նոր սերունդէն կան երիտասարդներ որոնք նոյնիսկ ամուսնացած ու զաւակ ունեցած են ու անոնց համար կարեւոր է իրենց զաւակներուն պատմել ո՛չ թէ երկրաշարժի սարսափները, ինչպէս իրենց կը պատմէին, այլ գեղեցիկ ու լուսաւոր պատմութիւններ։ Այդ նոր սերունդը կը ձգտի ձերբազատիլ »երկրաշարժի սերունդ« որակումէն, կը ձգտի ապրիլ սովորական, մարդկային կեանքով։ Ատոր համար իրենց աւագները եւս պէտք է ազատագրուին երկրաշարժի »դաճուածքէն«, ճակտի գրէն՝ »երկրաշարժէն յետոյ եւ առաջ«, մինչդեռ այսօր ալ երկրաշարժի գօտիի բնակիչներու առաջնահերթ խնդիրը՝ բնակարանային հարցը այդպէս ալ ամբողջութեամբ չէ լուծուած։ Երկրաշարժի տարւոյն մէջ տակաւին երիտասարդ, իսկ այժմ ծերութեան շեմէն ներս ոտք դրած մարդոցմէ տակաւին չորս հազարը Կիւմրիի մէջ տակաւին տուն չէ ստացած իր քանդուած բնակարանի դիմաց։ Խորհեցէք անգամ մը, 22 տարուայ ընթացքին ինչ-ինչ ծրագիրներ մշակուեցան, երիտասարդները ծերացան, երկրաշարժէն ետք ծնածները հասուն մարդիկ դարձան, բայց անոնց զգալի մէկ մասը իր կեանքը քարշ տուած է առանց բնակարանի, իր սրտին մէջ թաղելով մերձաւորներու կորուստի ցաւ։ Երկրաշարժի գօտիի վրայ առաւել աչքառու են գործազրկութեան, արտագաղթի, իրաւական արդարութեան հարցերը՝ ընկերային ամբողջ պարունակ մը, որ կայ երկրի մէջ, բայց առաւել ցցուն է Կիւմրիէն, Սպիտակէն ու Վանաձորէն ներս։ Կը բաւէ ոտք դնել տարածքի բնակավայրերէն ներս եւ բոլոր հարցերը մէկ անգամէն տեսանելի կը դառնան։ Այնուամենայնիւ, կիւմրեցիները կը յայտնեն թէ վերջին տարիներուն յատկապէս մեծ ուշադրութիւն կը կեդրոնանայ աղէտի գօտիի վրայ՝ հարցերը լուծելու տեսակէտէ։ 2008ին աղէտի գօտիի բնակարանաշինութեան հարցը նկատուեցաւ քաղաքական առաջնահերթութիւն, աղէտի գօտիի վերաբերեալ մշակուեցաւ յատուկ ծրագիր մը, կառավարական որոշում ընդունուեցաւ 3-4 տարիներու ընթացքին վերջնականապէս բաւարարել բնակարանային պայմանները այն բնակիչներու, որոնք աղէտի հետեւանքով մնացած են առանց բնակարանի։ Արդէն երրորդ տարին է որ պիւտճէի մէջ կը նախատեսուին գումարներ՝ բնակարանաշինութեան համար։ Աղէտի գօտիի ծրագրի համաձայն, մինչեւ 2014 թուական երկրաշարժի հետեւանքով անտուն մնացած բոլոր բնակիչները բնակարանով պիտի ապահովուին։ Կիւմրեցիներ 2008էն առաջ կը բողոքէին բնակարաններու անարդար բաշխումէն, կաշառքի դերակատարութենէն՝ այդ հարցը լուծելու գործընթացէն ներս։ Այժմ ամէն ինչ թափանցիկ ձեւով կ’իրականանայ. Քաղաքաշինութեան Նախարարութիւնը կազմած է յատուկ յանձնաժողով մը՝ երեսփոխաններու մասնակցութեամբ եւ բնակարանները կը յատկացուին վիճակահանութեամբ։ Երբ պիտի մոռնանք »աղէտի գօտի« բացատրութիւնը եւ երկրաշարժի հետեւանքները ե՞րբ զգացնել չեն տար իրենց մասին։ Կիւմրեցի երեսփոխան մը կիւմրեցիներուն յատուկ երգիծական շեշտադրում մը կ’ընէ. »1926ի երկրաշարժի հետեւանքները մինչեւ այսօր ալ կան«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը