ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ԿՐԿՆԷ ՆՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐՈՎ


ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ԿՐԿՆԷ ՆՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐՈՎ

  • 06-12-2010 19:34:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Խորհրդածութիւններ Կրօնական Ժողովի Վերջին Զեկոյցին Լոյսին Տակ (1) Մարմարա Անցեալ շաբաթ երկու կարեւոր իրադարձութիւններ եկան համայնքային շրջանակներէ ներս միտքերը խռովել եւ նոր օղակ մը աւելցնել պառակտումի այն շղթային վրայ, որ համայնքէն ներս առկայ է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի անբուժելի հիւանդութեան հրապարակուելէն ասդին։ Հարցը բնականաբար կը վերաբերի նոր Պատրիարք մը ընտրելու ու Պատրիարքական դարաւոր Գահուն վրայ գործօն Պատրիարք մը ունենալու հրամայականին։ Այստեղ գիտակից կերպով կը գործածենք »հրամայական« բառը։ Ըսել կ’ուզենք որ մենք »հրամայական« ստիպողութիւն կը նկատենք նոր Պատրիարքի մը ընտրութիւնը։ Բնաւ կասկած չկայ որ համայնքէն ներս շատեր ու շատեր նոյն կերպով կը մտածեն։ Մինչեւ իսկ իրաւունք ունինք պնդելու որ Կրօնական Ժողովին մտածումն ալ ա՛յս էր սկզբնական կէտի վրայ։ Պէտք է որ Պատրիարք մը ընտրենք մեր աւանդական գծով՝ նոր անակնկալ տուեալներու լոյսին տակ։ Այս հարցին վրայ է ահաւասիկ որ անցեալ շաբաթ արձանագրուեցան երկու իրադարձութիւններ, երկուքն ալ ծայր աստիճան նեղացուցիչ ու սխալներով լեցուն։ Առաջին իրադարձութիւնն էր այն մամլոյ ասուլիսը, զոր տեղական մամուլի համար կազմակերպեցին եւ հարցը համայնքային շրջանակներէ դուրս փոխադրեցին խումբ մը հայեր որոնք յայտնուած են Պատրիարք մը ընտրելու ու Պատրիարքական ընտրութեան իրենց քուէն գործածելու համար։ Ասոնց միջեւ կան անձեր որոնք, որքան որ գիտենք, մինչեւ այսօր համայնքէն ներս նկատելի ծառայութիւն մը չեն մատուցած, բայց կան նաեւ անձեր, որոնք հանրութեան ծանօթ են որպէս համայնքէն ներս գործօն ու ծառայասէր մարդիկ։ Երկրորդ իրադարձութիւնն էր Կրօնական Ժողովի կողմէ անմիջապէս հրատարակուած զեկոյցը, որ յայտնապէս գրուած էր նախորդ օր կայացած վերոյիշեալ Մամլոյ Ասուլիսին պատճառած անհանգստութեան ու ջղայնութեան մթնոլորտին մէջ։ Այս զեկոյցը հրատարակուեցաւ 3 Դեկտեմբերի մեր թիւով։ Կը ցաւինք ըսելու որ որքան սխալ էր առաջիններուն կողմէ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսը, նոյնքան սխալ էր նաեւ Կրօնական Ժողովի կողմէ այսքան աճապարանքով ու կտրուկ ոճով պատասխան մը խմբագրելը այդ մամլոյ ասուլիսի կապակցութեամբ։ Արդիւնքն այն եղած է որ Կրօնական Ժողովի զեկոյցին մէջ ընդգծուած բազում ճշմարտութիւններ խեղդուած գացած են կտրուկ քանի մը վիճելի կամ պակասաւոր դատումներու պատճառաւ։ Թէ ինչե՞ր են անոնք, պիտի քննարկենք կարգաւ։ Բայց անկէ առաջ քանի մը տողով պիտի ուզենք անդրադառնալ Պատրիարքական ընտրութիւն պահանջող ազգայիններու կողմէ Թուրք մամուլի համար կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին։ Այսպիսի ասուլիսի մը կազմակերպումը հիմնովին սխալ է ու վնաս կը պատճառէ համայնքիս։ Թէ ինչո՞ւ, այս հարցումին պատասխանը շատ պարզ է։ Որովհետեւ այսպիսի մամլոյ ասուլիսի մը կազմակերպումը մեզի ոչի՛նչ կը շահեցնէ, ատոր փոխարէն կարեւոր ու անդարմանելի վնաս կը պատճառէ մեզի։ Այդպէս ալ եղաւ։ Հարցնենք անգամ մը։ Մամլոյ ասուլիսի կազմակերպիչները ի՞նչ շահեցան այս մամլոյ ասուլիսը կազմակերպելով։ Կրնա՞ն այնքան միամիտ ըլլալ որպէսզի հաւատան որ այսպիսի մամլոյ ասուլիս մը կարգի պիտի բերէր Կրօնական Ժողովը կամ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազանը ու անոնք անմիջապէս փոխելով իրենց դիրքը, պիտի ձեռնարկէին Պատրիարքի ընտրութեան։ Այնքան մը հեռատես չէի՞ն, որպէսզի գիտնային թէ այսպիսի մամլոյ ասուլիս մը բոլորովին պիտի կարծրացնէր դիմացիններուն կեցուածքը ու նոր փայտ պիտի նետէր Կրօնական Ժողովի կողմէ ընդունուած ճիշդ կամ սխալ որոշումներու վառարանին մէջ։ Ինչպէս այդ մամլոյ ասուլիսին յաջորդ օրը գրեցինք, մամլոյ ասուլիսի կազմակերպիչները շատ իմաստուն ու ծափահարելի քայլ մը առած կ’ըլլային, եթէ իրենց մամլոյ ասուլիսը կազմակերպէին մեր համայնքային մարմիններու ղեկավարներուն ու համայնքէն ներս կշիռ ունեցող հաստատութիւններու եւ մտաւորականներու, նոյնիսկ Կրօնական Ժողովի անդամներու շրջանակով։ Իրենց հարցը ամէնէն առաջ դնէին անոնց սեղանին վրայ։ Ամէն ազգային բնականաբար իրաւունք ունի համայնքային հարցի մը մասին կարծիք յայտնելու, պահանջք ներկայացնելու։ Բայց մեր կարծիքով ո՛չ մէկը իրաւունք ունի այդ հարցը մեր համայնքէն դուրս՝ զանազան հաստատութիւններու ու հեղինակութիւններու օրակարգին վրայ դնելու, ուրիշներու միջամտութիւնը պահանջելու համար։ Թէեւ մենք ալ կողմնակից ենք որ Պատրիարք մը ընտրուի, թէեւ մենք ալ չենք գոհանար Պատրիարքի Ընդհանուր Փոխանորդի մը ընտրութեամբ, այլ խօսքով՝ թէեւ մենք ալ կը մտածենք ճիշդ այդ մամլոյ ասուլիսը կազմակերպողներուն նման, բայց հիմնովին դէմ ենք այսպիսի մամլոյ ասուլիսի մը կազմակերպման եւ հոս իրենցմէ կը բաժնուինք։ Եւ շատեր ալ նոյնը մտածեցին։ Կազմակերպիչները այս մամլոյ ասուլիսը կազմակերպելով բան մը չշահեցուցին մեզի։ Բայց մեզի ի՞նչ կը շահեցնէ Կրօնական Ժողովի կողմէ անմիջապէս յաջորդ օր հրատարակուած ու յայտնապէս աճապարանքով գրի առնուած զեկոյցը։ Մեզի համար այս հարցումն ալ այնքան կարեւոր է որքան միւսը, նոյնիսկ պիտի ըսենք որ այս մէկը միւսէն շատ աւելի կարեւոր է։ Եւ մեզի համար հասկնալի չէ նաեւ թէ ինչո՞ւ Կրօնական Ժողովը յանկարծ շատ կտրուկ վճիռներ կ’արձակէ, առանց այդ վճիռներուն համար այլընտրանքներ ու տարբերակներ փնտռելու ու քիչ մըն ալ՝ առանց շօշափելու ազգային շրջանակներէ ներս գործող գիտակից ու փորձառու անձերու կարծիքը։ Կ’արժէ որ հատուած առ հատուած քննարկենք Կրօնական Ժողովի զեկոյցը եւ ա՛յդ է որ պիտի ընենք յաջորդ յօդուածներով։ Բայց այս քննարկումը ընելէ առաջ անգամ մը եւս պիտի ցաւինք որ այնքան գովելի յատկութիւններով օժտուած ու այնքան ծափահարելի նուիրեալներ, նուիրատուներ ու բարերարներ համրող մեր աղուոր համայնքը չկրցաւ իմաստուն ու ազգասիրական մերձեցումով մը ձեռք ձեռքի տալ եւ լաւագոյն լուծումը փնտռել Ամեն. Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքին եղերական հիւանդութեան պատճառաւ ծագած տագնապին համար։ Ի՜նչ ահաւոր ճակատագիր է, որ այս համայնքը կը պառակտի ամէն անգամ որ Պատրիարքի ընտրութիւն մը կը դրուի օրակարգին վրայ։ Նմանօրինակ ողբերգութիւններ մենք ապրեցանք ասկէ առաջ ալ, ապրեցանք դառն փորձառութիւններ, որոնցմէ նոր սերունդը տեղեակ չէ բնականաբար, բայց որոնք պէտք է օգտագործուէին այսօրուան սերունդներուն կողմէ։ Ի՜նչ մեղք որ այս փորձառութիւնները ապրած հասուն մարդիկ շատ շուտ կը մոռնան անցեալը, անցեալին հետ նաեւ անցեալի մէջ գործուած սխալները, ատոր փոխարէն հասնող ամէն նոր սերունդն ալ ինքզինք սկզբնակէտ մը կը նկատէ եւ այդ յաւակնութեամբ հրապարակ կ’իջնէ, առանց անդրադառնալու թէ հարցերը ունին պատմութեան խորերէն եկող այնպիսի նրբութիւններ, որոնք պէտք է նկատի առնուին։ Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ նոր դերակատարներով։ Կարճ խօսքով, ճիշդ է որ այսօր կը զգանք որ պառակտում մը կայ։ Կրօնական Ժողովի զեկոյցին առաջին մատնանշած կէտն ալ այդ է արդէն, առանց »պառակտում« բառի գործածութեան։ Կարդանք սա հատուածը։ »Կարգ մը շրջանակներ, շարունակելով իրենց ոչ-խաղաղասէր ընթացքը, նեղութեան կը մատնեն ոչ միայն անձեր, այլ նաեւ հաստատութիւններ՝ ընդ որս Պատրիարքական Աթոռը եւ ամբողջ Համայնքը՝ յաչս Թուրքիոյ Պետութեան, ներքոյ եւ արտաքոյ համայնքէ հանրային կարծիքին եւ արտասահմանի շրջանակներուն«։ Անշուշտ որ ճիշդ կ’ըսուի այստեղ։ Գիտենք որ մեր եկեղեցիով ու մեր ազգային հարցերով շահագրգիռ ամէն հայ մարդ ու ամէն հայ հաստատութիւն, աշխարհի ամէն կողմը, ուշի ուշով կը հետեւի մեր համայնքէն ներս ծագած այս տագնապին եւ անոնցմէ ոմանք ալ դժբախտաբար անտեղի կամ սխալ մեկնաբանութիւններու մէջ կը մխրճուին իրենց համոզումներուն կամ քաղաքական ակնկալութիւններուն զուգահեռ կերպով։ Դուրսինները սխալ հետեւութիւններու ալ կը յանգին, քանի որ լրիւ չեն գիտեր այն պայմանները որոնց մէջ կ’ապրինք։ Այս բոլորը չէին պատահեր, եթէ մենք կարողացած ըլլայինք իմաստուն ու համերաշխ մերձեցումով ձեռք ձեռքի տալ ու մեր ազգային շահերուն համար ամէնէն նպաստաւոր ընտրութիւնը ընելով նոր Պատրիարք մը բազմեցնէինք պատմական գահուն վրայ։ Ինչո՞ւ չկրցանք։ Եւ հիմա ի՞նչ կ’ըսէ Կրօնական Ժողովը։ Շարունակենք քննարկել։ Ռ.Հ.
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը