ՄԷ-ՀԷ-ՓԷՑԻՆԵՐՈՒ ՈՒՐԲԱԹԻ ԱՂՕԹՔԸ ՆՊԱՍՏԵՑ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ


ՄԷ-ՀԷ-ՓԷՑԻՆԵՐՈՒ ՈՒՐԲԱԹԻ ԱՂՕԹՔԸ ՆՊԱՍՏԵՑ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ

  • 06-12-2010 19:31:25   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Րատիքալ« երէկ Անգարայի իր գրասենեակէն կը հաղորդէր հետաքրքրական լուր մը Մէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլիի գլխաւորութեամբ Անիի Մայր Եկեղեցիի մէջ կատարուած Ուրբաթի աղօթքի առընչութեամբ։ Ինչպէս կը յիշուի, Պահչէլի, որպէս Աղթամարի համար տրուած արտօնութեան հակազդեցութիւն, կուսակիցներու բազմութեան մը ընկերակցութեամբ Անի գացած էր ու այժմ մզկիթ նկատուած Մայր Տաճարին մէջ Ուրբաթի նամազ ու աղօթք կատարած էր։ Հիմա յայտնի կը դառնայ որ Անիի աւերակներն են որ շահաւոր դուրս եկան այս աղօթքէն։ Մշակոյթի Նախարարութիւնը 1775 լիրայի պահանջք մը ունի կուսակցութենէն որպէս Անիի թանգարանային կառոյցներուն այցելելու մուտքի տոմսի փոխարժէք 355 Մէ-Հէ-Փէցիներու համար։ Մէ-Հէ-Փէի Խմբակի Փոխ Նախագահ Մէհմէտ Շանտըր Մշակոյթի Նախարարութեան հարցուց թէ ի՞նչ է այս ու Մշակոյթի Նախարար Կիւնայ պատասխանեց որ Թուրքիոյ մէջ թանգարանները ունին մուտքի տոմսի դրութիւն։ Շանտըր առարկեց ու յիշեցուց Սումէլայի վանքի ու Աղթամարի մէջ կատարուած արարողութիւնները, Մշակոյթի Նախարարութիւնը այս անգամ պատասխանեց որ Սումէլայի համար վաճառուած էր 650 մուտքի տոմս, իսկ Աղթամարի պարագային ալ Վանի Կուսակալը որոշում կայացուցած էր առանց մուտքի տոմսի ընդունիլ այցելուները։ Կարճ խօսքով, հիմա կը պահանջուի որ Մէ-Հէ-Փէ 1775 լիրա վճարէ Անիի մէջ մատուցուած Ուրբաթի աղօթքին համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը