Կոկանեան սրահի անուշեղէններու պազարը կկայանայ դեկտեմբերի 7-ին


Կոկանեան սրահի անուշեղէններու պազարը կկայանայ դեկտեմբերի 7-ին

  • 06-12-2010 14:37:02   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն
Կոկանեան Սրահի այս տարուան անուշեղէններու պազարը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 7-ին: ,Պազարի բոլոր անուշեղէնները պատրաստուած են հմուտ տիկիններու կողմէ,ե կ'ըսէ Սիլվա Թերզիպաշեան, Կոկանեան Սրահի վարչական անդամուհի: ,Իւրաքանչիւրը իր պատրաստածը սիրայօժար կը նուիրէ սրահին, վաճառքի համարե: Բացի անուշեղէններէն, պիտի վաճառուի նաեւ չէօրէկ, սուճուխ, պասթրմա, իսկ ,օրուան ճաշը աւանդաբար այս պազարին հրամցուող մանթըն է,ե կը տեղեկացնէ Թերզիպաշեան, ,որ նոյնպէս պատրաստուած է տիկնանց յանձնախումբին կողմէե: Այս տարուան պազարը միայն անուշեղէններո'ւ է եւ միայն հա'յ տիկիններու կողմէ պատրաստուածը վաճառքի կը ներկայացուի: ,Այս պազարին օտարներ չեն մասնակցիրե, կ'ըսէ Թերզիպաշեան: Միջոցառումը կը նախագահէ Գոհար Մորսի-Առաքէլեան: (Թղթակցութիւնը կատարեց Նեկտար Պալեան Յարութիւնեան nektar@armaveni.com, խմբագրեց` Նորա Քէօհնէլեան Գոլոյեան nora@armaveni.com) Գահիրէ (Արմաւենի)
  -   Մամլո հաղորդագրություն