ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ


ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

  • 06-12-2010 14:07:10   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Կիրակի 5 Դեկտեմբեր 2010-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան կրտսեր անդամներէն հինգ աբեղաներ՝ Հոգշ. Տ. Անանիա Աբղ. Գուճանեան, Հոգշ. Տ. Սահակ Աբղ. Եմիշեան, Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան, Հոգշ. Տ. Թորգոմ Աբղ. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղ. Բենդէզեան Վարդապետական Մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները ստացան, ձեռամբ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զօպույեանի: Ս. Պատարագը մատուցեց, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան: ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Հինգ աբեղաները իրենց վարդապետական աւարտաճառերու պաշտպանութիւնը կատարեցին Ուրբաթ 3 Դեկտեմբեր 2010-ին, Միաբանութեան անդամներու եւ Դպրեվանքի սարկաւագաց դասին ներկայութեան, եւ Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինումով յարմար նկատուեցան ստանալու Վարդապետական Գաւազանը: Անանիա Աբղ. Գուճանեանի նիւթն էր «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նպաստը Հայկական Պահանջատիրութեան», Սահակ Աբղ. Եմիշեանին՝ «Մատենագիտութիւն Հայկական Կիլիկիոյ», Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեանին՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներդրումը Հայ Մշակոյթին», Թորգոմ Աբղ. Տօնոյեանին՝ «Նզովքը հայ եկեղեցւոյ դիտանկիւնէն», իսկ Ղեւոնդ Աբղ. Բենդէզեանին՝ «Հայ եկեղեցւոյ օրացուցային սուրբերը»: Աւարտաճառերու պաշտպանութեան ընթացքին, իւրաքանչիւր աբեղայ ներկայացնելէ ետք իր նիւթը, պատասխանեց դատակազմին իրեն ուղղած հարցումները: Վեհափառ Հայրապետը հինգ աբեղաներուն նիւթերը մօտէն քննած ըլլալով, կատարեց իր նկատողութիւնները եւ յառաջիկայ աշխատանքի համար ուղեգիծ ճշդեց իւրաքանչիւրին: ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱՐՔ. ԹՐԹՌԵԱՆԻՆ Աւարտաճառերու պաշտպանութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեամբ լուսարձակի տակ բերաւ Միաբանութեան երիցագոյն անդամ եւ Կաթողիկոսական Ընդհ. Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի անձն ու նուիրեալ ծառայութիւնը, անոր ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանին առիթով: Վեհափառ Հայրապետը երեք կէտեր մատնանշեց, որոնք Արտաւազդ Սրբազանի հոգեւորական աւելի քան 50 տարիներու ծառայութեան մէջ եղան անոր Կիլիկեան Միաբանի վարքագիծը կազմող արժէքները. ա) Հաւատարմութիւն Աստուծոյ ու մեր եկեղեցւոյ, բ) հեզութիւն եւ գ)աշխատասիրութիւն: Նորին Սրբութիւնը վեր առաւ Սրբազանին նուիրուածութիւնը, յատկապէս մարդու պատրաստութեան աշխատանքին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսութեան բոլոր պատասխանատու մարմիններուն մէջ, ուր ան բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած է: Սրբազան հօր 80-ամեայ յոբելեանին ուրախ առիթով, Վեհափառ Հայրապետը անոր նուիրեց ականակուռ պանակէ մը, իսկ Սրբազանը աջահամբոյրով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետական սոյն անակնկալ գնահատականին համար: ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆԸ Կիրակի 5 Դեկտեմբեր 2010-ին, յընթացս Սուրբ Պատարագին, «Հայր Մեր»էն առաջ տեղի ունեցաւ տուչութիւնը Մայր Տաճարի ատեանին մէջ, ուր հարցաքննուեցաւ ընծայեալներուն ուղղափառ դաւանանքը, հաւատարմութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, եւ ապա անոնք նզովեցին հին ու նոր բոլոր հերձուածողներն ու աղանդաւորները, որոնք դարերու ընթացքին փորձած էին պառակտել Քրիստոսի հաւատացեալներու բանաւոր սուրբ հօտը: Տուչութիւնը կատարող Սրբազանը ապա անոնց յանձնեց Սուրբ Գաւազանը, եւ շնորհեց Մասնաւոր Վարդապետութեան չորս աստիճանները, զոր սահմանած է Հայ Եկեղեցւոյ Ուղղափառ դաւանութեան քաջ պաշտպան՝ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին: Իր քարոզին մէջ, տուչութիւնը կատարող Կոմիտաս Սրբազան, բացատրելէ ետք վարդապետ բառին ստուգաբանական իմաստը, շեշտեց երեք խումբի վարդապետներու գործունէութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս. ժողովրդային մակարդակի վրայ ծառայողները, ուսուցանողները եւ սուրբեր, որոնք հասած են Աստուծոյ հետ հաղորդութեան սուրբ երանութեան: Երիտասարդութեան հոգեւոր ծարաւը յագեցնելու կարող հայ հոգեւորականութեան պատրաստութեան վրայ դրաւ իր շեշտը ան: Ան նաեւ մաղթեց որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը նոյն նախաձախնդրութեամբ շարունակէ իր հովուական թէ մտաւորական, հոգեւոր թէ ազգային առաքելութիւնը, միշտ ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Տուչութենէն ետք, գաւազան ստացած վարդապետները իրենց ծնողներուն հետ բարձրացան Վեհարան, ուր Վեհափառ Հայրապետին առջեւ ծնրադիր ստացան Նորին Սուրբ Օծութեան օրհնութիւնը «Պահպանիչ»ով:
  -   Մամլո հաղորդագրություն