ՄԵՂՄԱՑՈՒՄ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ


ՄԵՂՄԱՑՈՒՄ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

  • 03-12-2010 19:05:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թուրքիայէ Ղրկուած Օժանդակութիւն՝ Իսրայէլի Ահաւոր Հրդեհին Մարմարա Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի մերձաւոր Գարմէլ լեռնային շրջանին մէջ երէկ իրիկուն ծագեցաւ կործանարար հրդեհ մը, որ իր գործած չարիքին քով գործեց նաեւ բարիք մը։ Հրդեհը պատճառ դարձաւ որ Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ առկայ ճգտեալ վիճակը մեղմանայ։ Թուրքիա, հակառակ վերջին շրջաններուն Իսրայէլի հետ ունեցած իր տարակարծութիւններուն, հանդիսացաւ առաջին երկիրը որ հրդեհը մարելու համար երկու հրշէջ օդանաւ ղրկեց Իսրայէլ։ Թուրքիոյ այս շարժուձեւը շատ լաւ տպաւորութիւն գործեց Իսրայէլի իշխանութիւններուն վրայ։ Հրդեհը ծագեցաւ երէկ իրիկնային ժամերուն։ Հողատարածքի վրայ գտնուող բանտի մը աշխատաւորները հոնկէ հեռացուեցան հանրաշարժով մը, բայց հանրաշարժը մնաց բոցերու մէջ, հրկիզուեցաւ, անձնակազմէն 40 հոգի կեանքը կորսնցուց։ Մինչ հրդեհը կը տարածուէր, Իսրայէլի իշխանութիւնները օժանդակութիւն խնդրեցին Ռուսաստանէն, Իտալիայէն, Կիպրոսի Յունական Բաժնէն, Յունաստանէն։ Բայց Թուրքիա եւս օժանդակութեան սաւառնակ ղրկեց, հակառակ որ 2008 թուականի վերջերէն ասդին ձգտեալ վիճակ կը տիրէր երկու երկիրներու միջեւ։ Վարչապետ Էրտողանի հրահանգով, երկու հրշէջ օդանաւներ ղրկուեցան Իսրայէլ։ Իսրայէլի Վարչապետ Նաթաեահուի գրասենեակէն կատարուած լուսաբանութեան մը մէջ գնահատուեցաւ Թուրքիոյ այս շարժուձեւը ու ըսուեցաւ որ օժանդակելու առաջարկը Թուրքիայէն եկած էր ու այս առաջարկը ողջունուած էր գոհունակութեամբ։ Իսրայէլի իշխանութիւնները դիտել տուին որ առկայ ճգտեալ վիճակի մէջ ասիկա բարեացակամութեան գնահատելի շարժուձեւ մըն է։ Օժանդակութեան լուրը առաջին անգամ հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ ԱՄՆ-ի Դեսպան Նամըք Թանի կողմէ, այս պատճառաւ ալ շատեր անմիջապէս մտածեցին որ այս զարգացումին մէջ ԱՄՆ-ն ալ թերեւս ունի իր մատը։ Բայց հրդեհը շատ լուրջ էր, որովհետեւ Վարչապետ Նաթանեահու իր բոլոր յայտագիրները ջնջեց ու գնաց հրդեհին վայրը, մօտէն հետեւելու համար հրդեհը մարելու համար տարուած աշխատանքին։ Յիշեցնենք որ Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ առաջին ցրտութիւնը ստեղծուեցաւ 2008 Դեկտեմբերին, երբ Իսրայէլ յարձակեցաւ Կազզէի վրայ։ Բայց բուն հակամարտութիւնը ծնունդ առաւ 2009 Յունուարին Տաւոսի մէջ, երբ Վարչապետ Էրտողանի ու Իսրայէլի Հանրապետութեան Նախագահ Շիմոն Փէրէզի միջեւ ծագեցաւ »Ուան Մինիւթ«ի բանավէճը։ Այնուհետեւ Իսրայէլցիները Թուրքիոյ Դեսպան Օղուզ Չէլիքքօլը նստեցուցին իրենցմէ աւելի ցած մակարդակի վրայ։ Ամէնէն վերջն ալ Իսրայէլ յարձակեցաւ Կապոյտ Մարմարա նաւուն վրայ։ Թուական 31 Մայիս։ Թուրքիա ուզեց ու դեռ ալ կը սպասէ որ Իսրայէլ ներողութիւն խնդրէ այդ յարձակման համար։ Յիշեցնենք տակաւին որ 1999 թուականի Մարմարաի երկրաշարժի ընթացքին Իսրայէլն ալ օժանդակութիւն ղրկած էր Թուրքիոյ։ Հիմա շատեր հետաքրքիր են տեսնելու թէ Թուրքիոյ այս շարժուձեւը փոքր ինչ պիտի մեղմացնէ՞ Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ առկայ ձգտեալ վիճակը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը