Հիմա Պիտի Սկսի Հերքումներու Տեղատարափ Մը


Հիմա Պիտի Սկսի Հերքումներու Տեղատարափ Մը

  • 30-11-2010 18:21:09   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Գաղտնաթուղթերուն Մէջ Գրուածները Որքա՞ն Կը Համապատասխանեն Իրականութեանց Մարմարա ՎիքիԼիքս Համացանցի կայքէջը, որ հրատարակեց հարիւրհազարաւոր շատ գաղտնի փաստաթուղթեր եւ կերպով մը փողոց թափեց քաղաքական կեանքի ներքին ծալքերն ու խայտառակութիւնները, հիմա զգայացունց ու աշխարհի բոլոր ընթերցողներուն համար ծայր աստիճան հետաքրքրական նիւթեր հայթայթած է մամուլին համար։ Մարդիկ ուրիշ ոչինչ կրնային փնտռել կարդալու համար այնքան հետաքրքրական ու բամբասանքային, որքան այն ինչ որ գրուած է այս փաստաթուղթերուն մէջ։ Զարմանալու բան չկայ։ Անշուշտ որ ծայր աստիճան հետաքրքրական պիտի ըլլար կարդալ թէ գաղտնաթուղթերու ընդմէջէն աշխարհի ամէնէն նշանաւոր քաղաքագէտներուն ու գործիչներուն մասին ինչեր մտածեր են ու ինչեր գրեր են դեսպաններ, քաղաքագէտներ, դիւանագէտներ, քաղաքական հարցերու մասնագէտներ։ Ասոնցմէ ոչ մէկը կրնար երեւակայել թէ այդ տեղեկագիրները կամ նամակները կրնային հրապարակուիլ օր մը։ Ոմանք թափ տուած են իրենց լեզուին, նախատական նմանութիւններ ալ կ’ընեն այն նախագահներուն կամ վարչապետներուն մասին, որոնց քով իրենց երկիրը կը ներկայացնեն, այս կերպով թէ՛ շահեկան մեկնաբանութիւններ ըրած կ’ըլլան, թէ՛ անգամ մը եւս կը փաստեն թէ որքան երկերես է քաղաքականութիւնը, թէ ինչպէս դիւանագէտներ յարգանք կը մատուցանեն մեծաւորներուն, որոնց ետեւէն կը խօսին ծանր լեզուով։ Այժմէն կրնանք վստահ ըլլալ որ ՎիքիԼիքսի հրապարակումներուն պիտի յաջորդէ ուրիշ հրապարակումներու շարք մը։ Ասիկա հերքումներու այն շարքն է որ անտարակոյս պիտի գայ խնդրոյ առարկայ անձերու ու քաղաքագէտներու կողմէ։ Շատեր պիտի ըսեն որ իրենք այդպիսի խօսքեր չեն ըրած, իրենց խօսքերը սխալ կերպով արձագանգ գտած են տեղեկագիրներուն մէջ, ՎիքիԼիքսի կողմէ հրատարակուած փաստաթուղթերը իրականութիւնը չեն ցոլացներ, եւայլն։ Եւ այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորն այն է թէ ՎիքիԼիքս ի՞նչպէս կրցած է ձեռք անցընել այսքան շատ ու այսքան կարեւոր գաղտնաթուղթեր եւ ասկէ վերջ դիւանագէտներն ու քաղաքագէտները որքա՞ն վստահ պիտի կարենան ըլլալ թէ իրենց գաղտնի նամակները իսկապէս գաղտնի պիտի մնան։ Հրապարակուած փաստաթուղթերուն մէջ բնականաբար շատ բան կայ Թուրքիոյ առընչութեամբ ալ։ ԱՄՆ-ի դեսպաններ երբեմն բաւական կծու մեկնաբանութիւններ ըրեր են, ունեցեր են նախատեսութիւններ որոնց մասին Թուրք ժողովուրդը գաղափար իսկ չունի։ Ասոնցմէ ո՞ր մէկուն անդրադառնալ, ո՞ր մէկը կարդալ։ Օրինակ, շատ հետաքրքրական դիտարկումներ կան 2005 թուականին ԱՄՆ-ի Թուրքիոյ Դեսպանատան գործակատարներէն Րապըրթ Տոյչի ստորագրութեամբ։ Այս անձը կը պատմէ թէ ինչպիսի լուռ պայքար մը կայ այդ շրջանին՝ Ապտուլլահ Կիւլի ու Թայյիպ Էրտողանի միջեւ։ Գործակատարին համաձայն, Ապտուլլահ Կիւլ աւելի չափաւոր մարդու պատկեր ներկայացնելով հանդերձ աւելի խիստ իսլամապաշտ է ու ամէն ճիգ կը վատնէ որպէսզի Էրտողանը պահէ աւելի ցած մակարդակի վրայ։ Յարաբերաբար բաւական լաւ անգլերէն գիտէ ու այս մասնայատկութիւնն ալ իրեն ի նպաստ գործածելով կ’ուզէ ստեղծել այն պատկերը թէ ինք արդիական ու ազատամիտ մարդ է, իրականութեան մէջ Էրտողանէն աւելի արմատական համոզումներ ունի։ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւնը եռեւեփումներու մէջ է, քանի մը կուսակցականներ հրաժարած են որովհետեւ չեն կրցած հանդուրժել նողկալի ապօրինութիւններուն ու զեղծումներուն որոնք կը գործադրուին այս կուսակցութեան շարքերէն ներս։ Վարչապետ Էրտողանն ալ հազիւ թէ մէկ երկու նախարարի նկատմամբ վստահութիւն ունի, միւսներուն հանդէպ վերապահ է ու շարունակ զանոնք փոխել կը ցանկայ, մասնաւորաբար վերապահ է Աթալայի կամ Չիչէքի նման օգնականներու որոնք աւելի մօտիկ են Ապտուլլահ Կիւլին քան թէ Էրտողանին։ Էրտողան շատ կարդացող չէ, կը կարդայ միայն իսլամամէտ թերթերը, կռնակ կը դարձնէ միւսներուն, նաեւ իր խորհրդականներուն յանձնարարութիւններուն, չի կարդար անոնց տեղեկագիրները։ Կը սիրէ գործել ինքնագլուխ։ Այսպիսի մեկնաբանութիւններու ծով մը կայ այս փաստաթուղթերուն մէջ։ Ահա ուրիշ օրինակ մը. 2004 թուականին Էրտողանի կողմէ ծրագրուած ԱՄՆ այցելութեան նախօրեակին ԱՄՆ-ի Անգարայի նախկին դեսպաններէն Էրիք Էտէլման Էրտողանի մասին իր տպաւորութիւնները փոխանցած է Ուաշինկթըն։ Ան գրած է որ Էրտողան նախ ամբարտաւան հպարտութիւն մը ունի, կը հաւատայ որ Աստուած զինքը ստեղծած է որպէսզի Թուրքիան կառավարէ, ատկէ զատ, հեղինակութիւնը կ’ուզէ պահել իր ձեռքերուն մէջ ու կ’ուզէ մնալ ինքնիշխան, ասիկա ալ պատճառ կ’ըլլայ որ շուրջը չկարենայ ունենալ վստահելի խորհրդականներու ցանց մը։ Այնուհանդերձ Էրտողան, միշտ իշխանութեան գլուխը մնալու մարմաջով, մտավախութիւններով կը նայի իր շուրջբոլորին ու երբ պէտք կ’ըլլայ արմատական որոշումներ ընդունիլ, կը նախընտրէ յետաձգել ու սպասել։ Այս բոլորէն վերջ դրուատական տողեր ալ կան Էրտողանի մասին ու դիտել կը տրուի որ Էրտողանի անձին մէջ ԱՄՆ կրնայ գտնել շատ վստահելի դաշնակից մը։ Թուրքիոյ մէջ երէկ հեռատեսիլի բազմաթիւ կայաններ հրապարակային ասուլիսներ կազմակերպած էին ՎիքիԼիքսի հրապարակումներուն կապակցութեամբ ու շատեր ալ մասնաւորաբար օրակարգի կը բերէին Ատրպէյճանի Նախագահ Ալիյեւին կողմէ Թուրքիոյ հասցէին արտասանուած աննպաստ կարծիքները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը