ՎԻՔԻԼԻՔՍԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ


ՎԻՔԻԼԻՔՍԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

  • 30-11-2010 18:18:29   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայաստանի վերաբերող բաժնի մէջ կը նշուի որ այդ երկիրը միջազգային իրաւունքի խախտումով դէպի Իրան զէնք արտածած է եւ այդ զէնք-զինամթերքը կը գործածուի Իրանի մէջ։ Այս մասին երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ ռազմական փորձագէտ Դաւիթ Ճամալեան նշելով որ երբեք չէ արձանագրուած դէպք մը, երբ Հայաստանէն զէնք արտածուի՝ խախտելով ՄԱԿի Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւերով կիրարկուած պատժամիջոցները։ Բայց անգլիական «Կարտիըն» թերթը, վկայակոչելով ՎիքիԼիքսի կայքէջի հրապարակումները, հրատարակեց բաւական կտրուկ նամակ մը, որ 24 Դեկտեմբեր 2008ին ղրկուած է Հայաստանի ղեկավարութեան եւ ուր Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը կը սպառնայ պատժամիջոցներ կիրարկել, եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը չդադրեցնէ զէնքի առաքումը՝ դէպի Իրան։ «Մենք կը գնահատենք մեր լաւ յարաբերութիւնները ձեր կառավարութեան հետ, սակայն միաժամանակ լրջօրէն մտահոգ ենք դէպի Իրան զէնքի տարանցումի փաստերով, որոնք պատճառ դարձած են որ Իրաքի մէջ ամերիկացի զինուորներ մահանան։ Հակառակ սերտ յարաբերութիւններուն, օրէնքով, այդպիսի զէնքի տարանցումը մեզ կը ստիպէ քննարկել՝ արդեօք կան պատժամիջոցներ կիրարկելու հիմնաւոր պատճառներ։ Այդ պատժամիջոցները կը ներառնեն Ամերիկայի օգնութեան կասեցումն ու արտածումի կարգ մը սահմանափակումներ» կ’ըսուի գաղտնի փաստաթուղթի մէջ։ ՎիքիԼիքսի գաղտնի փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու առընչութեամբ իրականացած բանակցութիւններու կարգ մը մանրամասնութիւններ։ 25 Փետրուար 2010 թուակիր փաստաթուղթին մէջ կը նշուի որ 18 Փետրուարին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Արտաքին փոխ-նախարար Ֆէրիտուն Սինիրլիօղլուի եւ Ամերիկայի Արտաքին փոխ-նախարար Ուիլիըմ Պըրնզի միջեւ հանդիպում մը, որու ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա գործընթացը, Իրանի աթոմային թղթածրարը, ՓՔՔի դէմ պայքարը եւ Կիպրոսի հարցը։ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւններու առընչութեամբ, Սինիրլիօղլու ըսած է թէ իրենք կ’ուզեն որ հայ-թրքական գործընթացն ու Արցախի բանակցութիւնները համընթաց յառաջ երթան։ Բացի ատկէ, թուրք դիւանագէտը նշած է որ Ամերիկեան քոնկրէսի կողմէ «հայկական ցեղասպանութեան» բանաձեւի վաւերացումը անելի մատնեց այն հաշիւները, որոնք գոյութիւն ունէին փրոթոքոլներու գործընթացի մէջ։ Պատասխանելով ղարապաղեան հարցի մասին հարցումի մը, Սինիրլիօղլու ուղղակի կերպով յայտարարած է. «Եթէ Ալիյեւի համար որեւէ ընդունելի տարբերակ ըլլայ, ապա մենք կրնանք յառաջ շարժիլ»։ Գալով Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, Սինիրլիօղլու ըսած է որ Ալիյեւ Ռուսաստանի հետ ստորագրած բնական կազի մասին համաձայնագիրը կը գործածէ Փրոթոքոլները կացինահարելու համար։ «Ան չի վստահիր մեզի», ընդգծած է Սինիրլիօղլու։ Ըստ նոյն փաստաթուղթերուն, ամերիկացի դիւանագէտները ընդհանուր առմամբ վստահութիւն չունին Թուրքոիյ Վարչապետի եւ Արտաքին Նախարարի նկատմամբ։ Միւս կողմէ, գաղտնի փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան անդամներուն տրուած ածականներ եւ կարծիքներ։ Օրինակի համար, ամերիկացի դիւանագէտները Իրանի Նախագահը կը կոչեն «Հիթլէր», Ֆրանսայի Նախագահը «Մերկ կայսր», Ռուսիոյ վարչապետը՝ «Ալֆա տղամարդ», իսկ Աֆղանստանի նախագահը «Պարոնիկ»։ Ըստ բացայայտումներուն, Թուրքիոյ Վարչապետը դրամատնային ութ հաշիւներ ունի Զուիցերիոյ մէջ։ Հոն տեղ գտած են նաեւ Արտաքին Նախարար Տավուտօղլուի եւ Ամերիկայի Արտաքին Նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտընի հանդիպման մանրամասնութիւնները, ուր կը նշուի թէ Կորտըն փորձած է Տավուտօղլուն համոզել թէ Իրանի աթոմային հարցի շուրջ Թուրքիոյ միջնորդութիւնը չի կրնար նպաստաւոր ըլլալ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը