«ԱԼՄԱԶԵԱՆ’Ս ՕՊՍԷՍԻՈՆ» ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ ՁԱՅՆԱԳՐԵՑ ԷՄԻՐ ԳՈՒՍԹՈՒՐԻՔԱՅԻ ԵՒ ՃՈՆ ՏԻՓԻ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՀԱՄԱՐ


«ԱԼՄԱԶԵԱՆ’Ս ՕՊՍԷՍԻՈՆ» ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ ՁԱՅՆԱԳՐԵՑ ԷՄԻՐ ԳՈՒՍԹՈՒՐԻՔԱՅԻ ԵՒ ՃՈՆ ՏԻՓԻ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՀԱՄԱՐ

  • 30-11-2010 18:09:57   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա «Ալմազեան’ս Օպսէսիոն» խումբը, որ կը բաղկանայ երաժշտական բացառիկ տաղանդ ունեցող 20 գրաւիչ աղջիկներէ, ջութակահար Խաչատուր Ալմազեանի եւ Թամարա Սավիչի ղեկավարութեամբ, ընդառաջեց անուանի բեմադրիչ Էմիր Գուսթուրիքայի հրաւէրին եւ սկսաւ երաժշտութիւն ձայնագրել Գուսթուրիքայի նոր «Սառը ջուր» ժապաւէնի համար։ Երաժշտութեան հեղինակն է յօրինող Սթրիպոր Գուսթուրիքա, որ Էմիր Գուսթուրիքայի «Պատգամ» ժապաւէնի երաժշտութեան հեղինակն է։ Խաչատուր Ալմազեանի խօսքերուն համաձայն, երաժշտութեան ձայնագրութիւնը կայացաւ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան, Գուսթուրիքայի աշխատանոցին մէջ, պապենական Գուսսէնտորֆ գիւղի մէջ։ Ձայնագրութիւնը նախատեսուած է աւարտել յառաջիկայ օրերուն։ 2008ին «Ալմազեան’ս Օպսէսիոն» խումբը ելոյթ ունեցաւ Գուսսէնտորֆ շարժանկարի եւ երաժշտութեան փառատօնի հանդիսաւոր բացման ընթացքին, իսկ 2010ի Մարտին Խաչատուր Ալմազեանի հրաւէրով եւ Մշակոյթի Նախարարութեան աջակցութեամբ Գուսթուրիքա իր «Տը Նօ Սմոքինկ Օրքէսթրա» նուագախումբով ելոյթ ունեցած էր Երեւանի մէջ։ «Սառը ջուր» ժապաւէնը, որու արտադրիչն է Հոլիվուտեան հեղինակաւոր դերասան Ճոն Տիփ, կը պատմէ Գերմանիոյ մէջ ապրող պաղեստինցիի մը կեանքի մասին։ Ան կը վերադառնայ հայրենիք՝ իր հօր թաղման եւ եղբօր պսակադրութեան մասնակցելու համար։ Յանկարծ քաոսային վիճակ մը կը ստեղծուի երբ երկու եղբայրները կը փորձեն գաղտնօրէն իրենց հօր մարմինը Երուսաղէմէն Ռամալա փոխադրել։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը