ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ 144ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ


ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ 144ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

  • 29-11-2010 19:07:22   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Գալֆաեան Վարժարանի Սիրոյ Սեղանը Չարդարացուց Վարիչներու Ակնկալութիւնները - Մօտաւորապէս 100 Հազար Լիրայի Բաց Մը Մնաց Անոնց Ուսերուն Վրայ Մարմարա Շաբաթավերջը լեցուն էր զանազան ձեռնարկներով ու արարողութիւններով եւ այս ծիրէն ներս, երէկ գլխաւոր ձեռնարկը Գալֆաեան Տան 144րդ տարեդարձի առիթով տեղի ունեցած զոյգ արարողութիւններն էին. նախ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յետոյ Սիրոյ Սեղան՝ Գալֆաեան վարժարանի ի նպաստ։ Ինչպէս արդէն գրած էինք Գալֆաեանցի վարիչներու կողմէ խմբագրատուն տրուած այցելութեան առընչութեամբ, Գալֆաեան վարժարանը իր առանձնայատուկ տեղն ունի համայնքային ամէն մէկ անդամի սրտին մէջ թէ՛ որպէս դարաւոր հաստատութիւն եւ թէ որպէս տաքուկ յարկ մանաւա՛նդ անապահով ընտանիքներու մօտաւորապէս 30 մանուկներու համար, որոնք գիշերօթիկ դրութեամբ կ’ուսանին այս կրթօճախին մէջ։ Այս տեսակէտէ, վարժարանի տարեկան պիւտճէի վրայ յաւելեալ ծախսեր ալ կը գումարուին գիշերօթիկ տղոց առօրեան լիարժէք կերպով կազմակերպելու, շաբաթավերջը հետաքրքրական դարձնելու ուղղութեամբ։ Խնամակալութիւնը խղճամիտ ու բծախնդիր աշխատանք կը տանի, բայց նիւթական գետնի վրայ համա՛յնքն է որ իր զօրակցութիւնը ցոյց պէտք է տայ եւ այդ ակնկալութեամբ է որ Խնամակալները երէկ Գալֆաեանի Սիրոյ Սեղանի առիթով Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ երդիքին տակ կը համախմբէին ազգայիններ, համայնքային հաստատութիւններու վարիչներ եւ հրաւիրեալներ։ Երէկուան զոյգ արարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Անդրէաս Քհնյ. Յակոբեան։ Երգեցողութիւնները մեկնաբանուեցան Գողթան Դպրաց Դասու անդամներուն կողմէ, Յովսէփ Գույումճեանի ղեկավարութեամբ եւ Կարպիս Գըլըճեանի երգեհոնահարութեամբ։ Դասուն մէջ ներկայ էին Քոյր Գայիանէ Տուլգատիրեան եւ Գալֆաեանցի աշակերտներ, որոնք հետեւեցան Ս. Պատարագին, իսկ յետոյ երկիւղածութեամբ Ս. Հաղորդութիւն ստացան Անդրէաս Քահանայի ձեռամբ։ Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Արամ Սրբազան։ Աւարտին ալ Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօնով ոգեկոչուեցան Գալֆաեան Տան վախճանեալ Մայրապետներն ու Քոյրերը, հանգուցեալ կրթական մշակներն ու բարերար ընտանիքները։ Կրօնական արարողութիւններէն ետք, Շիշլիի Քաղաքապետութեան նիւթական միջոցներով Սիրոյ Սեղաններ սարքուեցան »Պէզճեան Ամիրա« սրահին մէջ եւ վարժարանի Տիկնանց Կազմը մեծ խղճամտութեամբ կը հսկէր սեղաններու վրայ եւ կը կատարէր ճաշերու սպասարկութիւնը։ Ուշագրաւ էր նաեւ որ քաղաքիս մէջ առժամեայ բնակութիւն ունեցող բազմաթիւ հայաստանցիներ ալ բաժնեկից եղան Սիրոյ Սեղանին ու գոհունակութեամբ հետեւեցան իրենց համար հետաքրքրական այս ձեռնարկին։ Արամ Սրբազան պատուոյ սեղանի շուրջ տեղ գրաւեց իր կողքին ունենալով ազգային գործիչներ ու բարերարներ։ Բացման խօսքը արտասանեց եւ խօսնակի պաշտօնը կատարեց կրթական անձնուէր մշակ եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամուհի Տիկին Ժագլին Էրմէն, որ յիշեցուց թէ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս համայնքը կ’իրականացնէ Սիրոյ Սեղաններու »քայլարշաւ« մը, որ իրականութեան մէջ միասնական ապրումներ ունենալու եւ իրարմով գօտեպնդուելու կարեւոր մէկտեղում մըն է։ Իսկ հիմա »քայլարշաւ«ի կեդրոնը Գալֆաեան վարժարանն է, որ սիրոյ բոյն մը հանդիսացա՛ծ է ու կը հանդիսանա՛յ բազմաթիւ մանուկներու համար, ըսաւ Տիկին Էրմէն ու ընդգծեց թէ Գալֆաեան Տան Խնամակալները, Տնօրէնութիւնը, Ծնողաց Միութիւնն ու յարակից միւս մարմինները ամբողջական նուիրումով լծուած են իրենց վստահուած այս լուրջ գործին։ »Ուստի մեզի կը մնայ շնորհաւորել բոլոր այդ պատասխանատուները եւ մեր ափերը այսօր լայն բանալ տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու համար«, ըսաւ հանդիսավարը։ Յետոյ պատասխանատուներու ելոյթներն ու աշակերտական յայտագիրը մէջ ընդ մէջ յաջորդեցին իրարու։ Այսպէս նախ հանդէս եկան վարժարանի 4րդ, 5րդ եւ 6րդ դասարանի աշակերտները եւ ներկայացուցին »Ծաղիկներ« անուն պարերգը։ Անոնց յաջորդեցին երրորդ դասարանէն երեք փոքրիկներ՝ Գարոլին Չաղլը, Արտէ Կէօվէր եւ Թալիա Էօզգայա, որոնք արտասանեցին »Գալֆաեան« անուն արտասանութիւնը։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ Խնամակալութեան անխոնջ անդամներէն Պր. Դանիէլ Անթիքաճըօղուի ելոյթով։ Ան, Խնամակալութեան տարեկան պիւտճէն պարզելէ առաջ, ցաւով նշեց թէ կարգ մը հաստատութիւններ միւսներու բաղդատմամբ շատ դժուարին պայմաններու մէջ է որ կ’աշխատին եւ հեռու չէ այն օրը, երբ կարելի պիտի չըլլայ վարիչներ գտնել անոնց համար։ »Մեր հաստատութիւնները մե՛ր բոլորինն են եւ մեր պարտականութիւնն է իրերօգնութեամբ պահել զանոնք«, ըսաւ Պր. Դանիէլ Անթիքաճեան, որ յետոյ թուային տուեալներ ներկայացուց ու յայտարարեց թէ մօտաւորապէս 476 հազար թրքական լիրայի բաց մը կար պիւտճէի մէջ։ Այնուհետեւ, կրկին Գալֆաեանցի տղաքն է որ բեմ ելան. 5րդ դասարանէն՝ Սարօ Օքսար արտասանեց Հայր Գրիգորիս Մանեանի »Ո՞ր լեզուն«, 7րդ դասարանէն Տանիէլլա Պաքըրճը՝ Զահրատի »Օրհներգը«, իսկ 8րդ դասարանէն Եղսաբ Եըլտըրըմ՝ Վահան Թէքէեանի՝ »Եկեղեցին Հայկականը«։ Գալֆաեան վարժարանի գործունէութեան մասին խօսեցաւ Տնօրէնուհի Տիկին Ատրինէ Թահմինճիօղլու։ Խնամակալութեան կողմէ եւ Արամ Սրբազանի ձեռամբ արծաթեայ սիրուն յուշապնակներ յանձնուեցան Քաղաքապետ Սարըկիւլի եւ փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարընի։ Վերջաւորութեան, բեմ ելան աշակերտական երգչախումբի անդամները եւ չորս երգերով մասնակցութիւն բերին յայտագրին։ Հուսկ Բանքը խօսեցաւ Արամ Սրբազան, որ կրկին ու կրկին բարձրացուց իրերօգնութեան հարցը, ընդգծելով որ համայնքային հաստատութիւններու կէսէն աւելին նեղութեան մէջ են ու մեծ դժուարութիւններով կը հաւասարակշռեն իրենց պիւտճէն։ »Մենք իրերօգնութեան մասին փաստաթուղթ մը պատրաստած էինք, սակայն ցարդ միայն երեք հաստատութիւններ՝ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, Գարակէօզեան Տունն ու Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդն է որ իրենց ստորագրութիւնը դրած են«, ըսաւ Արամ Սրբազան, կոչ ուղղելով որ համայնքային հաստատութիւններու վարիչները գիտակից խղճմտութեամբ Պատրիարքարան գան եւ ստորագրեն, քանի որ օրէ օր կը դժուարանայ նուիրահաւաքում կատարել։ Ուրիշ հարց է թէ ինչո՞ւ ընել այդ նուիրահաւաքումը, եթէ կարելի է շահութաբեր դարձնել համայնքապատկան մեր կալուածները եւ զանոնք դնել համայնքի սպասարկութեան ներքեւ։ »Եկեղեցի կամ դպրոց գոցելը դիւրին է, բայց չէ որ այդպիսի զարգացումներ կը տկարացնեն մեր դարաւոր համայնքը«, եզրակացուց Արամ Սրբազան եւ հաւաքոյթը իր աւարտին բերաւ Տէրունական Աղօթքով։ Կը գնահատենք Խնամակալները, որոնք իրենց պարտականութեան ամբողջական գիտակցութեամբ երէկ պաշտօնի գլուխ էին եւ այդ նոյն գիտակցութեան զօրակցութիւնը կը յուսային գտնել հրաւիրեալներու մօտ, բայց Սիրոյ Սեղանէն հաւաքուեցաւ մօտաւորապէս 350 հազար թրքական լիրա ու կրկին 130 հազար թրքական լիրայի բաց մը մնաց վարիչներու ուսերուն վրայ։ Այնուհանդերձ, նախորդ տարիներու արդիւնքն ալ նկատի ունենալով, կարելի է քիչ մը մխիթարուիլ այս արդիւնքի դիմաց։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը