«ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ՝ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՅԼԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՆԵՐԸ»


«ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ՝ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՅԼԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՆԵՐԸ»

  • 26-11-2010 19:14:54   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ժապաւէնին Առաջին Ցուցադրութիւնը Կատարուեցաւ Յունաց Զողրաֆիոն Լիսէի Մէջ Մարմարա Երէկ իրիկուն Կալաթասարայ, Յունաց Զողրաֆիոն լիսէի սրահներուն մէջ կայացաւ հետաքրքրական ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին կատարուեցաւ առաջին ցուցադրութիւնը «2010, Իսթանպուլ Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք» փառատօնի շրջագծով դարձուած ժապաւէնին. «Մշակութային Այլազանութեան Գոյները»։ Ինչպէս անունէն յայտնի է, ժապաւէնը դարձուած է ցոլացնելու համար մշակութային, կրօնական ու ազգամիջեան այն հարուստ գոյները, որոնցմով լեցուն է Իսթանպուլ քաղաքը, թէ՛ որպէս քաղաք, թէ՛ որպէս գեղարուեստ։ Ինչպէս աւելի առաջ ալ գրած ենք, այս ինքնատիպ ժապաւէնը երկարատեւ աշխատանքով դարձուած է շարժանկարիչ Աննի Փէրթանի կողմէ։ Իսթանպուլի բոլոր փոքրամասնութիւնները կը տողանցեն այստեղ անոնցմէ ընտրուած 16 անձերու հետ կատարուած հարցազրոյցներու ու նկարահանումներու ընդմէջէն։ Իրարմէ այնքան տարբեր այս մարդիկն ու հաւաքականութիւնները մէկ կէտի վրայ կը միանան իրարու. Իսթանպուլի նկատմամբ անոնց սէրը։ Բոլորն ալ կը ամէն բանէ առաջ կը պատմեն թէ որքան կը սիրեն ու ինչու կը սիրեն այս քաղաքը։ Ինչպէս իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ շարժանկարիչ Աննի Փէրթան, այս 16 անձերը ծնած ու ապրած են Իսթանպուլի մէջ եւ երբեք չեն ուզած բաժնուիլ այս քաղաքէն։ Ամբողջ ժապաւէնին մէջ ցանցնուած են այս անձերուն հետ կատարուած հարցազրոյցներէն հատուածներ, որոնք շարունակ գոյն, մթնոլորտ կը փոխեն ժապաւէնին գնացքին մէջ ու կը բանան փոքրամասնութիւններու տեսանկիւնէն հետաքրքրական հորիզոններ։ Մէկ կողմէ Յունաց եկեղեցիին մէջ կը հնչեն յունարէն եկեղեցական ու հոգեւոր երգեր, մէկ կողմէ կ’երգեն ու կը նուագեն քաղաքիս րոմանները, գլխաւորութեամբ Ահըրգափուի Գնչուներու Նուագախումբի։ Կամ կ’երգեն Հայքօ Չէփքինն ու իր նուագախումբին ընկերները։ Մէկ կողմէ կը դիտուի թէ ինչպէս կ’աշխատի ու նկարչութան մասին ինչ կը մտածէ նկարիչ Էրօլ Սարաֆեանը, մէկ կողմէ ալ կը դիտենք յոյն կամ հրեայ նկարիչներ ու քանդակագործներ։ Մինչ նկարիչ Հապիպ Կէրէզ կը խօսի իր կիրարկած արուեստին մասին, անդին կը խօսին գրողներ ինչպէս Ճովաննի Սքոյնամիլօ կամ մեր թերթին Խմբագրապետը Ռ. Հատտէճեան։ Ժապաւէնին մէջ տիրական մասնաւոր շեշտ մը ունի օփէրայի նախկին երգիչ, այժմ Յունաց Պատրիարքարանի ու յունաց եկեղեցիներու երաժշտապետ Լէոնիտաս Ասթէրիս, որուն համար կ’ըսուի թէ մեծ մասնագէտ է եկեղեցական երգեցողութեան մարզէն ներս։ Հարցազրոյցներու մէջէն ընտրուած հատուածները կարճաշունչ են ու այս կերպով շարունակ մթնոլորտը կը փոխուի։ Բայց ինչ որ չի փոխուիր ու ժապաւէնին սկիզբէն մինչեւ վերջը կը տիրապետէ, Իսթանպուլ քաղաքի գեղեցկութիւնն է։ Ժապաւէնին մէջ ամէնէն ուշագրաւ առաջին կէտը Իսթանպուլի տեսարաններէն կատարուած նկարահանումներուն արտակարգ գեղեցկութիւնն է։ Կը զգաք որ քաղաքը կ’ապրի, կ’եռեւեփի վխտացող բազմութիւններով ու իր բնակիչներուն վրայ կը ներգործէ իր արտակարգ գեղեցկութիւններով։ Եւ բեմադրիչն ու օգնականները շատ ինքնատիպ խորհրդանշան մը կը գործածեն որպէս Իսթանպուլի նկատմամբ հաւատարմութեան արտայայտութիւն։ Ասիկա խխունջ մըն է, խխունջ մը որ շարժանկարի սկիզբէն մինչեւ վերջը յաճախ մեր դիմացը կ’ելլէ, սա կամ նա տեսարանին դիմաց պատի մը կամ քարի մը փակած, որ կը շարժի, կը լարէ իր անթէնները, կը քալէ, բայց անքակտելի կերպով փակչած կը մնայ իր ապրած միջավայրին։ Այս շատ գեղեցիկ բեմադրութեան ու նկարահանումներուն մէջ Աննի Փէրթանի կը զօրակցին իր դուստրը Էսրա Փէրթան, շարժանկարիչներ Նիքոլա Վոլֆ, Էօմէր արուք Պայտար։ Ժապաւէնը ունի մէկ ժամ ու քառասուն վայրկեանի տեւողութիւն, ու երէկ գիշեր ցուցադրուեցաւ մէկ անգամէն, յաջորդելով քօքթէյլի ընդունելութեան։ Մեր համայնքէն ընտրուած էին լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, երգիչ Հայքօ Չէփքին, նկարիչ Էրօլ Սարաֆեան, Սիպէլ Հորաթա )զոր չենք ճանչնար, բայց անունէն կը դատենք որ հայ է_ եւ Մարմարաի Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան։ Արա Կիւլէր, մինչ իրմէ ալ Իսթանպուլեան լուսանկարներ կը ցուցադրուէին, կը խօսէր անսեթեւեթ իր ոճով ու կը պարզէր իր ինքնատիպ տեսակէտները արծարծուած նիւթերու մասին, սրահին մէջ ստեղծելով զուարթ մթնոլորտ։ Էրօլ Սարաֆեանի հետ զրոյցի ընթացքին կը տողանցէին անոր կողմէ պատրաստուած դիմանկարները՝ Շնորհք Պատրիարքէն մինչեւ Հռոմի Քահանայապետները։ Տեսարաններ ցոյց տրուեցան նաեւ Մարմարա-ի Խմբագրատունէն։ Մեր Խմբագրապետը երեք կամ չորս հատուածներու մէջ նախ պատմեց թէ ինչպէս իր ծնողները փրկուած էին տեղահանութենէն ու որոշած էին կրկին բնակութիւն հաստատել Իսթանպուլի մէջ, բան մը որ իր կարծիքով եղած էր ճիշդ որոշում մը, յետոյ կը պատմէր իր «Առաստաղ» վէպին նիւթը, մանաւանդ երկրորդ հատորի սկիզբի մասը, կը պատմէր նաեւ թէ ինչպէս Պոլսոյ մէջ ծնած մեծցած մարդիկ այլեւս փոքրամասնութիւն մը կազմեն դուրսէն եկած բազմութիւններու դիմաց ու եթէ անձը մէկ մըն ալ էթնիք փոքրամասնութեան կը պատկանի, ասիկա կը դառնայ կրկնակ փոքրամասնութիւն։ Տեսարաններ ցոյց կը տրուէին տպարանէն, ուր ցրուիչները թերթը կը ծալէին ու կը պատրաստուէին ընթերցողներուն հասցնելու։ Պարբերաբար կը տեսնուէր նաեւ յայտնի գրավաճառ Բիւզանդ Ագպաշը, որ «Մարմարա» մը կը կարդար։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Կղզիներու Քաղաքապետ Մուսթաֆա Ֆարսաքօղլու ու Գլխաւոր Օգնականը Րաֆֆի Հ. Արաքս, որոնք հաճոյքով դիտեցին մասնաւորաբար Մեծ Կղզիէն կատարուած հրաշալի նկարահանումները։ Ժապաւէնը դիտուեցաւ հետաքրքրութեամբ ու աւարտին ողջունուեցաւ ջերմ ծափահարութիւններով։ Վաղը պիտի ցուցադրուի Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ ալ, ուր ան յատուկ կերպով պիտի ծանօթացուի Թուրք մամուլին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը