Հայերը Ցոյց Ըրին Ու Պատռեցին Էրտողանի Նկարները


Հայերը Ցոյց Ըրին Ու Պատռեցին Էրտողանի Նկարները

  • 26-11-2010 19:12:08   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ «ՏԱՐՈՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ» Մարմարա Վարչապետ Էրտողանի Լիբանան այցելութիւնը երէկ մասնաւոր գոյն ստացաւ երբ Արաբական Դրամատուներու Միութեան կողմէ անոր շնորհուեցաւ «Տարւոյն Առաջնորդը» մրցանակը։ Այս մրցանակը տրուեցաւ Արաբական Դրամատուներու Միութեան հաւաքոյթի ընթացքին, որուն Էրտողան մասնակցեցաւ Լիբանանի Վարչապետ Հարիրիի ընկերակցութեամբ։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի քաղաքական դէմքեր։ Վարչապետ Էրտողան երէկուան իր ճառախօսութեան մէջ կրկին քննադատութիւններ ուղղեց Իսրայէլի ու այդ երկրի կողմէ գործուած յարձակումներուն, յետոյ բացատրեց թէ ինչու այս նիւթին մասին կը խօսի Դրամատուներու հաւաքոյթի մը ընթացքին։ Բացատրութիւնն այն էր որ ան անիմաստ կը նկատէր դրամի ու տնտեսութեան մասին խօսիլ հոն ուր չեն տիրապետեր արդարութիւնն ու օրէնքները։ ՇԱՏ ՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Առաջին վայրկեանէն յայտնի դարձած էր որ Լիբանանի իշխանութիւնները շատ ջերմ ընդունելութիւն պիտի սարքէին Վարչապետ Էրտողանի նկատմամբ։ Վարչապետին ընկերակցող Թուրք լրագրողները կը հաղորդեն որ Լիբանանցիներն ալ խորապէս տպաւորուած են Էրտողանի «Վան Մինութ» ելոյթէն ու տկարներու նկատմամբ անոր ցուցաբերած պաշտպանողական դիրքէն։ Լիբանանցիները նկատի կ’առնեն նաեւ որ Թուրքիա դպրոց կը կառուցանէ Լիբանանի մէջ։ Լիբանանի այս այցելութեան ընթացքին Էրտողանի հանդիպումներուն մէկը կը վերջանայ, միւսը կը սկսի, Թուրք լրագրողները, որոնք ընկերակցած են Վարչապետին, կը դժուարանան հասնելու այս հանդիպումներուն։ Լրագրողները ջերմ տողերով կը բացատրեն թէ Էրտողան ինչպիսի սիրալիր ցոյցերով ու թրքական դրօշակներով դիմաւորուեցաւ Գուվաշրա գիւղի Թիւրքմէններուն կողմէ։ Թիւրքմէններուն խանդավառութիւնը միայն Թուրքիոյ նկատմամբ անոնց սնուցած կարօտէն չէր որ կը բխէր, այլ անոնք ազդուած էին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութենէն ու դպրոցաշինութենէն։ Թուրք լրագրողները կը պատմեն որ միայն Թիւրքմէնները չէ, ամբողջ ժողովուրդը սիրալիր կեցուածք ունի Թուրքիոյ Վարչապետին նկատմամբ, տակաւին առաջին վայրկեանէն ան դիմաւորուեցաւ Թուրքիոյ ու Լիբանանի դրօշակներով, բազմաթիւ տեղեր կախուած են որմնազդներ ուր գրուած է. «Կը հիւրընկալենք Օսմանցիին թոռը»։ Լիբանանի պետական մարդիկն ալ Էրտողանի նկատմբ ցոյց կուտան աննախընթաց կերպով ջերմ ընդունելութեան, պատիւներ կ’ընեն անոր։ Լրագրողներուն ուշադրութիւնը գրաւած է նաեւ որ Էրտողանը դիմաւորելու համար հաւաքուած բազմութեան մէջ կան մահմետական կրօնաւորներ, նաեւ Քրիստոնեայ հոգեւորականներ, ինչ որ ցոյց կուտայ թէ կրօնական ու էթնիք ինչպիսի խճանկար մը կայ Լիբանանի մէջ։ Էթնիք այս խճանկարը մէկ կողմէ ալ պատճառ դարձած է որ Լիբանան տառապի քաղաքական անկայուն վերիվայրումներէ։ Թուրքիա այժմ Լիբանանի կ’օգնէ որպէսզի ան յաղթահարէ այս քաղաքական դժուարութիւնները, կը գրեն Էրտողանին ընկերակցող Թուրք լրագրողները։ ՀԱՅԵՐԸ ՑՈՅՑ ԸՐԻՆ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԴԷՄ Մինչ Վարչապետ Էրտողանի Լիբանան այցելութիւնը կ’իրականանար այդ երկրին մէջ իր գտած շատ ջերմ ընդունելութեան մթնոլորտին մէջ, Լիբանահայութիւնը շարունակեց դժգոհութիւն արտայայտել այս այցելութեան դէմ։ Երէկ ալ Պէյրութի Նահատակաց Հրապարակին վրայ հաւաքուած հայեր հակազդեցութիւն ցոյց տուին Էրտողանի այցելութեան դէմ։ Արդէն առաջին օրը Լիբանահայերը ցոյցերով դիմաւորած էին Էրտողանը, մինչ Լիբանանցիները ուրախ էին ու կը յայտնէին թէ կը հիւրընկալեն Օսմանցի Սուլթանը, հայերն ալ կը գոչէին. «Օսմանցի նոր թուրքերը Լիբանան եկան, մի դիմաւորէք զանոնք»։ Երէկուան ցոյցը կազմակերպուեցաւ այն վայրկեաններուն երբ Թուրքիոյ Վարչապետը Սայտա քաղաքի մէջ կը բանար հիւանդանոց մը։ Ցուցարարները իրենց հետ ունէին, Լիբանանի ու Հայաստանի դրօշակներէն զատ, հայկական ցեղասպանութեան մասին վերտառութիւններ։ Ցուցարարներուն մէջէն խումբ մը յարձակեցաւ Էրտողանի այցելութեան առիթով կախուած հսկայ որմնազդին վրայ ու պատառ պատառ ըրաւ զայն, անոր տեղ կախեց Հայաստանի դրօշակը։ Ցուցարարները քար նետեցին ոստիկաններուն վրայ, այն ատեն ոստիկանութիւնն ալ միջամտեց։ ԱՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց թէ վիրաւորեալ չկայ այս իրարանցումին մէջ։ Թուրք մամուլը կը պարսաւէ այս ցոյցը ու տգեղ կը գտնէ զայն։ Այս առթիւ դիտել կը տրուի որ Լիբանանի մէջ 150 հազար հայեր կ’ապրին ու Հայերը երկրի բնակչութեան 4 տոկոսը կը կազմեն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը