ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ


ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  • 26-11-2010 14:39:49   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – 2010 թուականը հայ կեանքէն ներս Հայ Կնոջ Տարի հռչակող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական հրահանգին ընդառաջեցին սփիւռքահայ թեմերը, երբ զանազան գաղութներու մէջ, երբեմն մէկէ աւելի ձեռնարկներ տեղի ունեցան, վեր առնելու համար հայ իգական սեռին տեղն ու անփոխարինելի դերակատարութիւնը հայ կեանքէն ներս: Կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներուն, աշակերտական թէ ժողովրդային մակարդակի վրայ տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն, դպրոցական ելոյթներուն թէ միութենական նախաձեռնութիւններուն պսակումը եկաւ հանդիսանալ, 25-27 Նոյեմբեր 2010-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Տիկնանց Համագումարը, կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին: Աւելի քան 60 տարբեր տարիքի հայուհիներու մասնակցութեամբ սոյն համագումարին իր հովանաւորութիւնը շնորհած էր Վեհափառ Հայրապետը: Լիբանանէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Քուէյթէն, Թեհրանէն, Նոր Ջուղայէն, Զուիցերիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Պոլիսէն կիներ ժամանած էին Լիբանան՝ մասնակից դառնալու այս համագումարին, որուն բացումը կատարեց Սեդա Խտըշեան։ Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ այսօր կինը ամէն տեղ սկսած է տիրական ներկայութիւն ըլլալ եւ ստանձնել պատասխանատու պաշտօններ՝ ունենալով կարեւոր դերակատարութիւն մարդկային կեանքին մէջ։ Ան դիտել տուաւ, որ նման համագումարներ առիթ կու տան աւելի լայն ենթահողի վրայ դիտելու կինը՝ ազգային ու միջազգային առումներով եւ այդ մակարդակներուն վրայ։ Ս. Խտըշեան յայտնեց, որ հայ կնոջ կացութեան իսկական պատկերի բացակայութիւնը արգելք կը հանդիսանայ անոր բարելաւման իմաստով քայլերու նախաձեռնումին, թէեւ մեծ է թիւը այն կիներուն, որոնք բազմերանգ գործունէութեամբ հանդէս կու գան եւ իրենց կարողութիւնները բացայայտ կերպով տեսանելի կը դառնան։ Բացման նիստին ներկայ գտնուելով, Հայրապետական իր օրհնութեան պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Նորին Սուրբ Օծութիւնը վեր առնելով կազմակերպուած սոյն համագումարին առաջնահերթ նպատակները, կարեւորութեամբ ընդգծեց սովորական փոխասացութիւններէն դուրս գալու եւ համակարգեալ մտածողութեամբ հայ կնոջ դերը վերարժեւորելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը դրութենական մեթոտներ որդեգրել թելադրեց մասնակիցներուն, որպէսզի համագումարը կարենայ ուղեգիծ պատրաստել յառաջիկայ շրջանին համար, եւ անով կարելի ըլլայ հայ կանանց բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու դաստիարակչական յանձնախումբերուն ճամբով նոր հորիզոններ բանալ հայ կանանց դիմաց: Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ հայութեան կեանքին մէջ հոգեւոր եւ ազգային արժէքները միշտ ալ զիրար ամբողջացնող եւ համընթաց քալող եղած են, այդ պատճառով ալ առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնելու եւ զանոնք դիմագրաւելու իմաստով կաթողիկոսութիւնը իր ըսելիքն ու ընելիքը ունի։ Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց, որ կարեւոր եւ առաջնահերթ է մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ հայ կնոջ դերն ու տեղը լուսարձակի տակ առնել, իսկ սոյն համագումարը առիթ է ինքնահայեցողութեան, ինքնարժեւորման, ինքնահաստատման առիթ, որպէսզի կինը իր գործով ինքզինք արժեւորէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի համաձայն, թէեւ կինը մայրութեան տիպարն է, բայց պէտք չէ զայն սահմանափակել այս շրջագիծին մէջ, որովհետեւ հայ կինը հաւաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր մարզերուն մէջ գործ ունի տանելիք, պարտաւորութիւն ունի ստանձնելիք։ Ան աւելցուց, որ ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք է միւս ծայրայեղութեան երթալ եւ անտեսել մայրութիւնն ու ընտանիքը, այլ պէտք է միջին եզր մը գտնել, աւանդականէն արդի ժամանակներուն փոխադրուիլ՝ միշտ պահելով ազգային արժէքները, հայկական արմատները՝ բացուելով նոր ժամանակներուն եւ քայլ պահելով նորութիւններուն հետ։ Համագումարին առաջին զեկուցումն էր «Ներկայ կնոջական շարժումները ի՞նչ կը հետապնդեն» նիւթը, իսկ զեկուցումը պատրաստած էր Թենի Փիրի-Սիմոնեան ։ Ան լուսարձակի տակ առաւ կնոջական շարժումներու ծնունդի պատմականը եւ պատճառները՝ կիներու մօտ աշխուժութիւն յառաջացնել, կիներու իրաւունքներուն հարցը բարձրացնել, կնոջական մտահոգութիւններն ու սպասումները լսելի դարձնել համայն աշխարհին կողմէ։ Ըստ զեկուցաբերին, կնոջական շարժումը բողոք մըն է այն իրականութեան դէմ, որ բոլոր կառոյցներուն մէջ կնոջ մասին կը խօսի եւ ո՛չ կնոջ հետ։ Թենի Փիրի-Սիմոնեան կնոջական շարժումներուն անցած ուղին լուսարձակի տակ առնելով դիտել տուաւ, որ իրաւունքներու առումով պահանջը տարբեր մարզեր կը ներառէ, նաեւ տարբեր մակարդակներու վրայ կ’առաջադրուի։ Իր զեկուցումի աւարտին ան անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կիները ենթարկուած են ամէն տեսակի բռնութիւններու, եւ «մենք այսօր բարոյական պարտաւորութիւն ունինք անոնց անունով արդարութիւն եւ միջազգային ճանաչում պահանջելու»։ Ան կոչ ուղղեց ժողովին՝ պահանջատէր ըլլալու մեր մեծ մայրերու արդար իրաւունքներուն, գրելու հայ կնոջ մասին՝ հիմնուելով մարդկային եւ մանաւանդ արդարութեան սկզբունքներուն վրայ։ Երկրորդ նիստի ատենապետն էր Աստղիկ Գանտահարեան, իսկ զեկուցաբերները՝ Ազատուհի Սիմոնեան՝ «Ո՞ւր է հայ կինը ներկայ աշխարհի կնոջական շարժումներուն յարաբերաբար» նիւթով եւ Էվա Պէրպէրեան, որ ներկայացուց «Հայ կինը հայ կեանքին մէջ այսօր. անոր նպաստը եւ սպասումը» նիւթը։ Ա.Սիմոնեան դիտել տուաւ, որ կարելի չէ մէկ եւ ընդհանուր պատասխան տալ այն հարցումին, որ այսօր հայ կինը աշխարհի կնոջական շարժումներուն հետ ի՞նչ առնչութիւն եւ ներգրաւուածութիւն ունի, որովհետեւ այսօր հայ կիները կ’ապրին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ՝ սփիւռքահայու կարգավիճակին բերումով, ուստի անոնք կ’օգտուին կամ կը տուժեն իրենց ապրած երկիրներու պայմաններուն եւ օրէնքներուն համաձայն։ Ան աւելցուց, որ սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս հայ կինը կը գործէ հայկական կազմակերպութիւններուն ճամբով. թէեւ կրնայ ըլլալ, որ այդ միջոցով անոնք հասնին միջազգային մակարդակներու, սակայն իբրեւ գործելադաշտ ընդհանրապէս ընտրուածը ներքինն է, որքան ալ լայնածաւալ ու բազմազան ըլլայ անիկա։ Ա. Սիմոնեան ապա լուսարձակի տակ առաւ այն ակնկալութիւնները, որոնք կան հայ կնոջմէ, որ պէտք է ներկայ ժամանակներուն հետ քայլ պահելով դիմագրաւէ ներկայ մարտահրաւէրները։ Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց այն բոլոր մարզերը՝ մշակութային, ազգային, հասարակական, ընկերային, քաղաքական, իրաւաբանական եւ այլ, ուր հայ կինը այսօր ընելիք ունի՝ աւելի լաւ, բարգաւաճ ու խաղաղ ապագայի յոյսով եւ տենչով առաջնորդուած։ Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց հեռու մնալու ամէն տեսակի մանրուքներէ եւ ըլլալու արժանաւոր դուստրերը հազարամեակներու բովէն խիզախօրէն գրոհած ու հերոսական մաքառումներով մեր ազգին, լեզուին, հաւատքին ու մշակոյթին գանձերը մեզի հասցուցած մեր պաշտելի հայ ժողովուրդին։ Էվա Պէրպէրեան իր զեկուցումին մէջ ներկայացուց հայ կնոջ իրավիճակը՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, նշելով յստակ տարբերութիւնները՝ դրական ու ժխտական իմաստով։ Ան նշեց, որ հայրենիքի մէջ կնոջ առաքելութիւնը աւելի դիւրին է, որովհետեւ ան մեծ դժուարութիւն չունի հայկականութեամբ լեցնելու իր բնակարանը, հայկական մթնոլորտը մնայուն կերպով պահպանելու մասին մտածելու, ինչպէս նաեւ հայրենի հողին վրայ կնոջ դիմաց աւելի լայն են հորիզոնները՝ մասնակից դառնալու երկրի բոլոր մարզերուն աշխատանքին, նոյնիսկ՝ քաղաքական։ Սփիւռքի պարագային հայ կինը ընդհանրապէս առիթ չունի քաղաքական կեանքին մէջ դեր ստանձնելու, նաեւ ան ունի աւելի դժուար պարտականութիւններ՝ մնայուն պայքար հայապահպանման, հայ ընտանիքի, հայ զաւակներու կազմաւորման, հայ սերունդներու պատրաստութեան։ Նաեւ ան բնականաբար ենթակայ կ’ըլլայ իր ապրած երկիրներու լաւ թէ վատ պայմաններու անդրադարձներուն եւ զարգացումներուն։ Իր խօսքին երկրորդ բաժինով Էվա Պէրպէրեան լուսարձակի տակ առաւ այն սպասումները, որոնք կան հայ կնոջմէն, որոնք բաւական ծանր եւ պատասխանատու են, յատկապէս հայրենի հողէն դուրս ապրողներուն համար, որովհետեւ անոնք կոչուած են հայութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորող սերունդներ պատրաստելու։ Աւարտին զեկուցաբերը նշեց, որ հակառակ կնոջմէ եղած այս ակնկալիքներուն, կնոջ գործունէութեան դաշտը տակաւին կը սահմանափակուի ընկերայինով, կրթականով եւ մշակութայինով, սակայն խորքին մէջ կինը կարողութիւնն ու պատրաստուածութիւնը ունի բոլոր մակարդակներուն վրայ գործելու եւ դերակատարութիւն ստանձնելու նաեւ քաղաքական, կուսակցական եւ ղեկավար դիրքերու վրայ։ Երէկուան վերջին նիստին ատենապետն էր Սօսի Պարսումեան։ Ժանին Մարգարեան զեկուցեց «Հայ կինը իբրեւ մայր» նիւթով, իսկ Շուշիկ Տասնապետեան՝ «Հայ կինը իբրեւ մտաւորական»։ Ժ.Մարգարեան դիտել տուաւ, որ հայ մայրը տիրական ներկայութիւն եղած է ոչ միայն ընտանիքին մէջ՝ այլ նաեւ ազգային կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ՝ իբրեւ դաստիարակ, հաւատքի ախոյեան, հայրենիքի պաշտպան եւ այլն՝ հաստատելով, որ մօր մասին խօսիլ կը նշանակէ ազնուագոյն առաքինութիւններ ցոլացնող եւ Նարեկացիի բառերով «հրեշտակ ի մարդկանէ» աստուածային մանրանկար հանդիսացող էակին մասին խօսիլ։ Ան անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին հայ կնոջ ունեցած յատկանշական դերակատարութեան՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերը, երբ մարտահրաւէրները այլ են, պայմանները՝ տարբեր, սակայն այդ բոլորը կարելի է յաղթահարել ամբողջական զոհաբերութեամբ՝ գիտակցելով տրուած առաքելութեան եւ Աստուծոյ օգնութեամբ։ Ան լուսարձակի տակ առնելով հայ մօր ուսերուն բեռցուած այդքան ծանր պարտաւորութիւնները՝ ըսաւ, որ ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ է Աստուծոյ օգնութիւնը, որովհետեւ իբրեւ մարդ արարած եւ մանաւանդ երբեմն այսպէս կոչուած «տկար սեռ» կրնանք կքիլ կեանքի անողոք դաժանութեանց դիմաց, սակայն ինչպէս եղէգը կը խոնարհի, բայց չի ջախջախուիր, նմանապէս մենք եւս Աստուծոյ օգնութեամբ կրնանք յաղթահարել կեանքի ստեղծած փոթորիկները եւ կանգուն մնալ՝ մեզի հետ կանգուն պահելով մեր ընտանիքն ու ազգը։ Շուշիկ Տասնապետեան իր խօսքին սկիզբը ընդհանուր գիծերու մէջ բնորոշեց մտաւորական եզրը՝ նշելով, որ հայ կին մտաւորականը այն է, որ կեանքին մէջ եւ տարբեր հարցերու դէմ յանդիման ուրոյն կեցուածքներ ճշդող, իր խօսքը ունեցող է, քաջ է բաւարար չափով ու համարձակ իր կողմնորոշումներուն մէջ։ Ապա ան անդրադարձաւ հայ կեանքին մէջ կնոջական մարզին մէջ փոփոխութիւններ բերած, կնոջական իրաւունքներու հարցը բարձրացուցած կիներուն, գլխաւորաբար Սրբուհի Տիւսաբին։ Անոր համաձայն, այսօր սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ ունինք բաւական բիւրեղացած կերպարը հայ կին մտաւորականին, որ կը մնայ պատնէշի վրայ եւ կը շարունակէ քաջալերել իր ազգը։ Շ. Տասնապետեան շեշտեց, որ հայ կինը այսօր տիրական ներկայութիւն է կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, ունի իր իգական սեռի յատուկ կեցուածքները, խօսքը, ստեղծագործ մօտեցումը, այդ պատճառով ալ կարելի է փառաբանել հայ կինը իբրեւ մտաւորակն, որ Ցեղասպանութեան օրերէն մինչեւ սփիւռքեան ներկայ իրադրութիւնը գիտցաւ կենդանի պահել մեր ազգային շունչն ու ոգին։ Լուսարձակի տակ առնելով այն պարագան, որ հայ կին մտաւորականը տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք, բայց եւ այնպէս անսակարկ նուիրումով պիտի շարունակէ, որովհետեւ ան կը ծառայէ լուսաւորելու իր ազգին ուղին։ Նշենք, որ համագումարին մասնակիցները բաժնուեցան երեք խումբերու եւ իւրաքանչիւր նիստէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում։
  -   Մամլո հաղորդագրություն